Հայ ժողովուրդի մեծարժէք հոգեւորականներու համաստեղութեան մէջ առանձայատուկ տեղ ունի Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան, որուն ծննդեան 151րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 16ի այս օրը։
Ոչ միայն բանասէրի ու մտաւորականի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով եւ շնորհներով օժտուած հոգեւորականն է Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսը, այլեւ իր առաջնորդութեան վստահուած մեր ժողովուրդի հօտին Քաջ Հովիւն է՝ բառին ազգային-քաղաքական պահանջատիրութեան, յեղափոխական մարտունակութեան եւ ոգեղէն արժէքներու ժողովրդականացման յառաջապահը ըլլալու իմաստով։
Ծնած էր 1866ին, Բռնակոթ գիւղը (Զանգեզուր, Սիսիանի մարզ)։ Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս, հազիւ իր գիւղի վարժարանը աւարտած, ապագայ Արքեպիսկոպոսը ընդունուած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, ուր եւ ընտրած էր հոգեւորականի կոչման ծառայելու ճանապարհը։
1886ին աւարտեց Գէորգեան Ճեմարանը եւ ստանձնեց Էջմիածնի մէջ ուսուցչական ու վարչական աշխատանքներ։ Մտաւորական իր ընդունակութիւնները զարգացնելու նպատակով՝ ուղարկուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանի իրաւաբանական բաժինը յաջողութեամբ աւարտեց 1900ին։ Վերադարձաւ Ս. Էջմիածին եւ 1901ին Վարդապետ ձեռնադրուեցաւ՝ Ներսէս վերանուանուելով։
Այդպէ՛ս սկսաւ հոգեւորականի իր բազմավաստակ գործունէութիւնը։
1902ին վերադարձաւ Զանգեզուր՝ Տաթեւի վանքի վանահայրի առաքելութեամբ։ Տենդագին լծուեցաւ հայոց հոգեմտաւոր զարգացման դարաւոր այդ մեծ կեդրոնի աւանդներու վերանորոգման ծառայութեան՝ շրջանի ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ բուռն խանդավառութիւն առաջացնելով հայոց հաւատքին ու հայ մշակոյթին նկատմամբ։
Հայկական Յեղափոխութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական ու յեղափոխական առաջադրանքներուն մօտ կանգնած հոգեւորական՝ Ներսէս Վարդապետ գաղափարական իր մկրտութիւնը ստացաւ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, երբ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ անոր առաջնորդող ոգին դառնալով։
1906ին Ներսէս Վարդապետ վերադարձաւ Ս. Էջմիածին, ուր երկար չմնաց սակայն, որովհետեւ Զանգեզուրեան իր գործունէութիւնը աննկատ չէր անցած Ցարական իշխանութեանց աչքէն, որոնք Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի ուղղակի միջամտութեամբ ստիպեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ ժամանակաւորապէս Էջմիածինէն հեռացնէ յեղափոխաշունչ հոգեւորականին։ Ներսէս Վարդապետ 1907ին աքսորուեցաւ Խրիմ՝ իբրեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Հազիւ երկու տարի տեւեց Ներսէս Վարդապետի աքսորը. 1909ին նորօծն Մաթէոս Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ետ կանչուեցաւ Ս. Էջմիածին եւ կոչուեցաւ Վանքի վարչական պատասխանատուութեան։
1912ը շրջադարձային թուական դարձաւ Մելիք-Թանգեան հոգեւորականի կեանքին մէջ։ Ատրպատականի հայութիւնը դիմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ներսէս Վարդապետը իբրեւ թեմակալ առաջնորդ Թաւրիզ առաքելու խնդրանքով։ Կաթողիկոսը ընդառաջեց դիմումին եւ, Եպիսկոպոս ձեռնադրելով ու օծելով Ներսէս քաջարի Վարդապետին, ուղարկեց Ատրպատական։
Մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը՝ 1948ի Սեպտեմբեր 29ը, Ներսէս Արքեպիսկոպոս (Արքութեան արժանացաւ 1917ին) Մելիք-Թանգեան մնաց ու գործեց Ատրպատականի մէջ, իբրեւ Ատրպատականի թեմի եւ ողջ Իրանի հայութեան անսահման սիրոյն, յարգանքին եւ հոգեմտաւոր պաշտամունքին արժանացած Քաջ Հովիւի։
Յատկապէս Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ տակաւին Եպիսկոպոս էր, Մելիք-Թանգեան պատմական տարողութեամբ ու նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց՝ տարագրուած ու Երեւան եւ Անդրկովկաս ցիրուցան դարձած Ատրպատականի հայութեան գաղթականական բեկորները գտնելու, հաւաքելու եւ ետ Ատրպատական վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Ամէն դուռ բախեց, անհրաժեշտ միջոցները ստեղծեց եւ յաջողութեամբ ի կատար ածեց իր հօտի վերահաւաքման այդ կարեւորագոյն առաքելութիւնը։ Իր այդ ծառայութեան իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ Արքեպիսկոպոսի պատուական աստիճանին։
Ատրպատականի հայութեան վերականգումը ռազմաքաղաքական առումով հիմնական նշանակութիւն ունեցաւ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ապահովման մէջ։
Ներսէս Արքեպիսկոպոս սերտ գործակցութիւն հաստատեց նորահաստատ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց հետ՝ մէկ կողմէ հայրենիքի հոգածութեան արժանացնելով Ատրպատականի եւ Իրանի հայութիւնը, իսկ միւս կողմէ մեծապէս սատարելով պարսկական իշխանութեանց հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդումին։
Աւելի՛ն. երբ Հայաստան խորհրդայնացուեցաւ եւ Զանգեզուրի մէջ, անզուգական Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ, բուռն պայքարը շարունակուեցաւ յանուն անկախութեան պահպանման, Ատրպատականի Հայոց թեմակալ առաջնորդը ամէն կարգի օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն հասցուց Զանգեզուր, ի վերջոյ Թաւրիզի մէջ ապաստան տալով խորհրդային սուիններու տակ Հայաստանէն հեռացուած Հանրապետութեան ղեկավարութեան։
Խորհրդայինները, անշո՛ւշտ, երբեք չներեցին Քաջ Հովիւին։
Ամէն միջոցի դիմեցին, մինչեւ իսկ ուղղակի մահափորձ կազմակերպեցին, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուին» Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանէն։ Բայց Քաջ Հովիւը ոչ միայն ձախողութեան մատնեց խորհրդային ոտնձգութիւնները, այլեւ մինչեւ վերջին շունջ անհաշտ պայքար մղեց Հայոց հաւատքն ու Հայաստանեայց Եկեղեցին կաշկանդելու եւ ոտնակոխելու խորհրդային հետեւողական քաղաքականութեան դէմ։
Խորհրդային լուծի տակ տառապող ու լռութեան դատապարտուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներուն յաղթագոռ ձայնը դարձաւ Մելիք-Թանգեան։ Մնայուն կապ պահպանեց Ս. Էջմիածնի հետ եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Կրեմլի դրածոյ «կղերականներու» սադրանքներուն դէմ պաշտպանէ ու անսասան պահէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Ս. Աթոռը։
Այդ շրջանի իր գործունէութիւնը փաստագրող յուշերու, պաշտօնական եւ անձնական նամակագրութեան ամբողջ ժառանգութիւն մը Ներսէս Արքեպիսկոպոս կտակեց մեր սերունդներուն, որպէսզի հայկական իրաւունքին եւ հայոց հաւատքին սպառնացող որեւէ վտանգի պահուն վերանորոգենք անարգ հարուածները դիմագրաւելու մեր մարտունակութիւնը՝ Քաջ Հովիւին օրինակը մեր աչքին առջեւ ունենալով։
Նաեւ բանասիրական ու պատմաքաղաքական առանձին գործեր հարստացուցին Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի մտաւորական վաստակն ու սերունդներուն կտակած ժառանգութիւնը։ 1893ին հրատարակուած «Աշխարհաբարի քերականութիւնը», 1894ին լոյս տեսած «Մշակ» եւ «Նոր Դար» կուսակցութիւններ եւ մի քանի խնդիրներ»ը, 1903ին եւ 1905ին յաջորդաբար լոյս տեսած «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» աշխատասիրութեան երկու հատորները յիշատակելիներն են Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսի թողած բանասիրական ժառանգութեան։
Հայ Մարդու եւ Հայ Հոգեւորականի պատկառազդու իր կերպարով՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան սերունդ կերտեց, Իրանի հայութեան քաջարի հովիւը դարձաւ եւ իր օրինակով ոգեշնչեց ու խրախուսեց հայ հոգեւորականութիւնը ի Հայաստան (խորհրդային կարգերու տակ անգամ) եւ ի սփիւռս հայաշխարհի։
Խրիմեան Հայրիկի օրինակով՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան, իր կենցաղով ու գործով, լուսաւորիչն ու առաջնորդը եղաւ իր հոգատարութեան յանձնուած հայոց հօտի մտքին ու ոգեղէն աշխարհին։
Ահա՛ խօսուն վկայութիւն մը՝
«Հարկ է նշել, որ Զանգեզուրում հայ-թաթարական ընդհարումների շրջանը համընկեց Երեւանի թեմի Տաթեւի փոխանորդութեան առաջնորդ եւ վանքի վանահայր Ներսէս Վրդ. Մելիք-Թանգեանի կառավարման շրջանի հետ: Մելիք-Թանգեան հայրենանուէր եկեղեցական եւ հասարակական գործիչն անձնուրաց պաշտպան կանգնելով իր հօտին, ոգեւորեց ինքնապաշտպանութեան դիմողներին: Տեղի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան որոշումով Զանգեզուր եկած ֆիդայիներ Կայծակ Առաքելի, Կորիւնի, Սեբաստացի Մուրադի եւ այլոց հետ, Ներսէս Վարդապետը ձեռնամուխ է լինում կամաւորական ջոկատների կազմաւորմանը:
Միքայէլ Վարանդեանն այդ առիթով գրում է.- «…երբեմնի Տաթեւի վանահայրը, այժմ Ներսէս Արքեպիսկոպոս, Առաջնորդ Հայոց Ատրպատականի, որ այն սեւ օրերուն մեր լաւագոյն եկեղեցականներու` Խրիմեանի, Խարախանեանի, Վարդան Վարդապետի աւանդութիւնը կ՚անձնաւորէր, անդուլ կը շրջէր հայ գիւղերը, սիրտ կու տար ժողովրդին, ինքնապաշտպանութեան քարոզ կը մղէր եւ միեւնոյն ժամանակ կորովի դիմումներով կը հասցնէր հայութեան վիշտն ու բողոքը փոխարքային ու իշխանութիւններուն»:
Ահա, այդ օրերին էր, որ Ներսէս Վարդապետը ստացաւ «Զանգեզուրի Ղեւոնդ Երէց» անուանումը» (Տես՝ Գէորգ Ստեփանեան, «Հայ-Թաթարական ընդհարումները Գորիսում եւ Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեանը» (1905թ.)։ «Սիւնիքի Հայագիտական Հետազօտութիւնների Կենտրոն»):
Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք Թանգեան 1866-1948
Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948). Ոգեղէն Հայաստանի ու միասնական հայութեան Քաջ Հովիւն ու պատկառազդու առաջնորդը Ն.