Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան լիա­գու­մար նիս­տը Ե­րեք­շաբ­թի, 29 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նեց քոնկ­րե­սա­կան­ներ Է­տըմ ­Շի­ֆի եւ ­Կաս ­Պի­լի­րա­քի­սի հա­մա­հե­ղի­նա­կած՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող թիւ 296 բա­նա­ձե­ւը։ ­Բա­նա­ձե­ւին ի նպաստ քո­ւէար­կե­ցին 405 իսկ դէմ՝ 11 քոնկ­րե­սա­կան­ներ։ ­Ձեռ­նա­պահ մնա­ցին ե­րեք քոնկ­րե­սա­կան­ներ բա­ցա­կայ էին 13 ու­րիշ­ներ։
­Յայտ­նենք, թէ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Օ­րէնք­նե­րու յանձ­նա­խում­բը Եր­կու­շաբ­թի օր հաս­տա­տեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը պա­հան­ջող թիւ 296 բա­նա­ձե­ւը քուէար­կու­թեան դնե­լու ո­րո­շու­մը, նշե­լով, որ ա­նոր քննար­կու­մը եւ քո­ւէար­կու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հոկ­տեմ­բեր 29ի յետ­մի­ջօ­րէին։
Օ­րէն­քե­րու յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Ճիմ ­Մըք­Կա­վըրն նիս­տը բա­ցաւ տպա­ւո­րիչ ե­լոյ­թով մը, շեշ­տե­լով, որ թիւ 296ի բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րա­ցու­մը ա­ռիթ մըն է ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան, որ յստա­կօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, յստա­կօ­րէն ըն­դու­նե­լով, որ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է։ ­Բա­նա­ձե­ւին ի նպաստ վկա­յու­թիւն­ներ տո­ւին քոնկ­րե­սա­կան­ներ Ան­նա Է­շու, Է­լիըթ Էն­կըլ եւ Ք­րիս Ս­միթ, ո­րոնց նաեւ ­Մըք­Կա­վըր­նին յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան։
­Յանձ­նա­խում­բը ա­ւե­լի ուշ վա­ւե­րա­ցուց բա­նա­ձե­ւը քո­ւէար­կու­թեան դնե­լու ո­րո­շու­մը նաեւ շեշ­տե­լով, որ զայն ո­րե­ւէ ձե­ւով փո­խե­լու ա­ռիթ պի­տի տրո­ւի։
Ե­րեք­շաբ­թի օր, ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան լիա­գու­մար նիս­տը վա­ւե­րա­ցուց բա­նա­ձե­ւը քու­րա­կու­թեան դնե­լու յանձ­նա­խում­բին ո­րո­շու­մը (223-191 քո­ւէ­նե­րով):
­Բա­նա­ձե­ւը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ այդ ո­ճի­րին զո­հե­րուն պատ­շաճ ո­գե­կո­չում ա­պա­հո­վե­լու կող­քին, կը շեշ­տէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման կտրուկ մեր­ժու­մին եւ ա­նոր դա­սա­ւանդ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, իբ­րեւ նման ո­ճիր­նե­րու կան­խար­գիլ­ման կա­րե­ւոր մի­ջոց: