ՄԻՆՍԱՐ
— Սա գրածս մէյ մը ա՛ռ, կարդա՛: Քու հայերէնդ իմինէս աւելի զօրաւոր է:
Ըսելը եւ նամակի պահարան մը ինծի երկարելը մէկ եղաւ:
— Խէր ըլլայ, Փանոս, աս ի՞նչ է: Չըսես կտակդ գրեր ես:
— Եավան տօլմա կատակներդ սկսա՞ր նորէն: Ո՛չ պարոնս, կտակս չէ՛, «Ազատ Օր»-ին «բաց նամակ» մը գրեցի:
— Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ որ:
— Օղլում, դուն սա մեր գաղութին անցած-դարձածներէն հէչ լուր չե՞ս առներ կոր:
— Շիտակը, ինծի հետաքրքրող լուրերը կ՚իմանամ կոր, մնացեալները բնաւ հոգս չեն: Ինչո՞ւ կը հարցնես, լուրջ բա՞ն մը պատահեցաւ:
— Անշուշտ: Շատ լուրջ: Գրածս մէյ մը կարդաս նէ, կը հասկնաս:
Նամակցութեան պահարանը բացի եւ ծալլուած նամակաթուղթերը բանալով սկսայ հետաքրքրութեամբ կարդալ:
«Աթէնք՝ 14-01-2024
«Յարգելի պարոն խմբագիր,
«Նամակս չսկսած, ձեզի կը վստահեցնեմ ու նաեւ կը խոստովանիմ, որ նախապէս բաւական մտատանջուեցայ, անոր գրելուս կամ չգրելուս մասին:
«Այսինքն մտածեցի, որ կարելի՞ էր նման ցնցիչ լուր մը իմանալ եւ անոր վերաբերեալ՝ թերթի ընթերցողներուն արագուած բացատրական նամակ մը, խմբագրական մը եւ յօդուած մը կարդալ միայն:
«Ենթադրեցի, որ կամ թերթին ընթերցողները գոհացած եւ համաձայն գտնուած են իրենց կարդացած բացատրութիւններէն եւ կամ ալ՝ պատահածէն լուր չեն առած: Որեւէ պարագայի չուզեցի հաւատալ, որ իրենք բոլորովին անտարբեր գտնուած են, կարդալով նման ու գոնէ ինծի համար զգայացունց լուր մը:
«Մեր թերթը, մեր սիրելի «Ազատ Օր»-ը, (78 տարի ետք), իր բաժանորդներուն կ՚իմացնէ, թէ՝ 2024-ի Յունուար 3-էն սկսեալ, այլեւս պիտի դադրեցնէ իր ամէնօրեայ տպագիր ութը էջնոց հրատարակութիւնը եւ «նոր ժամանակներու հասկացողութեան մէջ պատշաճեցնել»-ու համար «իր հրատարակութեան ձեւն ու եղանակը», ինչպէս նաեւ «կարողանալ քայլ պահել»-ու համար «ներկայ եւ ապագայի տեղեկատուական պահանջներուն հետ», ասկէ ետք ընթերցողներուս պիտի հասնի համացանցի ճամբով ու ելեկտրոնային չորս էջնոց PDF ձեւաչափով, Ուրբաթ օրերը միայն լոյս տեսնելով տպագիր եւ ութը էջնոց ծաւալով:
«Ա՜խ, այս անիծեալ՝ «ներկայ ժամանակին հետ քայլ պահելու» պարտադրանքը:
«Կը յիշեմ տարիներ առաջ, երբ դարձեալ «ժամանակին հետ քայլ պահելու» հարկադրանքէն ճամբայ ելած, վեցօրեայ տպագիր ութը մեծածաւալ էջնոց մեր «Ազատ Օր»ը, սկսաւ հրատարակուիլ միայն չորս էջով:
«Աւելի վերջ ու կրկին նոյն առաջադրութեամբ, թերթին չորս մեծածաւալ էջերը, փոխարինուեցան վեցօրեայ ութը փոքր էջերէ:
«Այս որոշումին միտք բանին այն էր եղեր, որ այս ձեւով օրաթերթը, աւելի դիւրընթերնելի պիտի ըլլար իր բաժանորդներուն:
«Յաջորդ քայլը եղաւ թերթին վեցօրեայ հրատարակութիւնը ընել հնգօրեայ, իսկ Ուրբաթ-Շաբաթ օրուան միացեալ թիւը, ութի տեղ հրատարակել տասնըերկու էջով: Կային պարագաներ, երբ այդ միացեալ թիւին մէկ քանի էջերը, նոյնիսկ յունալեզու կը հրատարակուէին:
«Աւելի ետք եւ միշտ վերոյիշեալ նոյն նպատակներուն ծառայելու միտումով, թերթը եղաւ գունատիպ, այժմէական նիւթերով եւ հետաքրքրական յօդուածներով լեցուն. սակայն՝ Ուրբաթ-Շաբաթ օրուան տասնըերկու էջնոց հրատարակութիւնը, եղաւ ութէջեայ:
«Ու ահա հասանք այսօրուայ իրականութեան, երբ «Նորը ընդունելու յանձնառութեամբ», առնուեցան որոշումներ, «մեր ժամանակին հետ շարունակել քայլ պահելու ու միաժամանակ՝ փայլուն ապագայ մը ունենալու նպատակով»:
«Յարգելի պարոն խմբագիր,
«Կը ներէք, բայց ես անձնապէս չհամոզուեցայ մեզի տրուած այս բացատրութիւններէն: Չկրցայ համոզուիլ, որ թերթին առած այս փոփոխութիւններուն հիմնական շարժառիթը, վերը յիշուած պատճառներն էին:
«Եթէ կ՚ուզէք, բացարձակ չըլլալու համար՝ ընդունիմ, որ թերթին առած այս որոշումին շարժառիթները, գոնէ միայն ասոնք չէին: Պէտք է կարդալ նաեւ նման որոշումի մը «փոքր գիրերը»: Գրուած տողերուն միջեւ թագնուած ճշմարտութիւնը:
«Խնդրեմ ինծի արտօնեցէք, որ միտքս բացատրեմ:
«Իրականութիւն է, որ ներկայիս՝ մեր հայ երիտասարդները, (եւ ոչ միայն), չըսելու համար բոլոր երիտասարդները, հայկական թերթ, աւելի ճիշդ որեւէ թերթ կամ թէ տպագիր մամուլ չեն կարդար: (Եթէ ոչ բոլորը, վստահ անոնց մեծամասնութիւնը):
«Մեծով-պզտիկով, բոլորս ալ՝ ձեռքերնիս մէկական բջիջային հեռաձայն բռնած, մեր ազատ ժամերուն գրեթէ մեծագոյն մասը կ՚անցնենք զբաղելով այս արտասովոր, գրաւիչ ու կախարդական գործիքին հետ:
«Տեսնողը կը կարծէ, որ բջիջային հեռաձայնը մեր մարմինին մէկ անբաժանելի օրկանն է: Աւելի ճիշդ, մէկ անբաժանելի մասն է:
«Անշուշտ կ՚ընդունիմ, որ որոշ պարագաներու, բջիջային հեռաձայնը ունի նաեւ իր դրական դերը: Օրինակները շատ, բայց կը հասկնաք, որ զանոնք թուելու ոչ ժամը եւ ոչ ալ յարմար տեղն է հոս:
«Սակայն, կը դժուարանամ ընդունելու, իր ունեցած այսքա՜ն մեծ ազդեցութիւնը, մեր ամէնօրեայ կեանքին վրայ:
«Ուրեմն, այս մեր հայ երիտասարդներուն, (անգամ մը եւս պիտի կրկնեմ եւ ո՛չ միայն անոնց), եւ կամ ալ՝ գոնէ անոնց մեծամասնութիւնը գրաւելու եւ շահագրգռելու նպատակով է եղեր, որ թերթը առեր է այս որոշումները:
«Այս բոլորը սակայն՝ տեսակ մը մենաշնորհ են ու կը վերաբերին անոնց միայն, որոնք համացանցէն որոշ գաղափար ունին:
«Իսկ թերթին տարիքոտ ընթերցողնե՞րը: Նաեւ այն բոլոր բաժանորդները որոնք նման արուեստագիտութենէ գաղափար չունի՞ն: Թերթը որեւէ միջոց մտածա՞ծ է անոնց պարագային ալ լուծում մը տալու համար:
«Այսինքն մեր մեծ մամիկները ու հայրիկները, որոնք «Ազատ Օր»-ի տարիներու հաւատարիմ ու դասական ընթերցողներն են, այսուհետեւ թերթը շաբաթը միայն մէ՞կ անգամ ստանալու եւ կարդալու ուրախութիւնը պիտի ունենան:
«Կը ներէք՝ սակայն այս լուծումը, (գոնէ ինծի համար), տեսակ մը անիրաւութիւն է:
«Նաեւ չեմ կրնար հասկնալ, թէ՝ «ժամանակին հետ քայլ պահելը», ի՞նչ ձեւով կապուած է թերթի էջերու նուազումին հետ, ինչպէս նաեւ՝ իր համացանցի միջոցով ելեկտրոնային հրատարակութիւնը, ի՞նչ ձեւով կրնայ արգելք դառնալ իր տպագիր նաեւ հրատարակութեան:
«Ասոնց վերաբերեալ թերթին տուած բացատրութիւնները, ինծի չեն գոհացներ: Չեն համոզեր:
«Ազատ Օր»-ի հաւատարիմ ընթերցողները, թերթը չենք ստանար համաշխարհային լուրերը կարդալու համար: Գոնէ՝ ոչ միայն անոր համար: Մենք թերթը կը ստանանք, յունահայ գաղութին, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայկական գաղութներուն լուրերը կարդալու համար: Նամանաւանդ՝ հայութեան վերաբերեալ որոշ յօդուածներ կարդալու համար:
«Յարգելի պարոն խմբագիր,
«Անձնապէս համոզուած եմ, որ մեր սիրելի թերթին այս առած բոլոր որոշումներուն դրդապատճառները, (թէեւ որեւէ կասկած չունիմ, որ բաւական ծանր սրտով առնուած են), բոլորովին տարբեր շարժառիթներով առնուած են:
«Եկէք անկեղծօրէն առերեսուինք մեր այսօրուայ ճշմարտութեան հետ: Կը կարծեմ, որ մատի ետեւ պահուըտիլը որեւէ իմաստ չունի:
«Ինծի համար այլեւս յստակ է, որ նման որոշումի մը պատճառը, միայն ու միայն թերթի բաժանորդներուն սաստիկ փոքր թիւն է: Կացութիւն մը՝ որու հետեւանքով, օրաթերթը այլեւս կը դժուարանայ հոգալ ու դիմագրաւել իր ամէնօրեայ տպագրական (եւ ոչ միայն) ծախսերը:
«Նպատակս բաց վէրքին վրայ աղ ցանելը չէ, բայց խնդրեմ՝ եկէք ընդունիք այս տհաճ ու անհաճոյ իրողութիւնը:
«Անհաշիւ գումարներ կը ծախսենք մեր անձնական հաճոյքին համար, առանց որեւէ ժամանակ հաշուելու մեր տրամադրած գումարին քանակը: Սակայն երբ կարգը հայ թերթին կու գայ, (մեր պարագային «Ազատ Օր»-ին), այն ժամանակ ամենափոքր գումարը նոյնիսկ հաշուի կ՚առնենք:
«Եւ գիտէ՞ք, թէ վախս ի՛նչ է, յարգելի պարոն խմբագիր:
«Չեմ ուզեր մտածել, որ տարիներ ետք, դարձեալ «ժամանակին հետ քայլ պահելու», ինչպէս նաեւ՝ «Նորը ընդունելու յանձնառութեամբ», ստիպուինք… մեր մնացեալ ազգային կառոյցներն ալ «նուազեցնել»: Օրինակ՝ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, եւ այլն, եւ այլն:
«Կ՚ուզեմ նամակս վերջացնել յետ գրութեամբ մը:
«Ամօ՛թ, մեզի:
«Ամօ՛թ, մեր գաղութին:
«Ամօ՛թ, մեր այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք կը շարունակեն հանգիստ խղճով մնալ, երբ հայկական օրաթերթ մը, (Եւրոպայի միակ հայկական օրաթերթը), կը ստիպուի դիմել նման սրտաճմլիկ լուծումներու:
«Որեւէ ժամանակ, երբ ուզուած է մեր աջակցութիւնը, մենք երբե՛ք չենք զլացած: Մի՛շտ տուած ենք, առանց ո՛րեւէ առարկութեան:
«Այսօր, «Ազատ Օր»-ն է, որ մեր աջակցութեան կարիքը ունի:
«Եկէք ուրեմն միանանք եւ մէկ բռունցքի նման, հա՛յ մարդու բռունցքին նման, թիկունք կանգնինք մեր սիրելի «Ազատ Օր»-ին:
«Բոլորս բաժանորդագրուինք եւ աշխատինք, որ մեր «Ազատ Օր»-ը, իր համացանցային հրատարակութեան կողքին, շարունակէ նաեւ իր տպագիր հրատարակութիւնը:
«Որոշումը մե՛րն է:
«Հաւատացէ՛ք ըսածիս:
Մնամ ձեր հաւատարիմ
ընթերցողը՝
Փանոս Փանոսեան»
Նամակը կրկին պահարանին մէջ դրի ու իրեն վերադարձնելով ըսի:
— Սիրելի ընկերս, ամբողջութեամբ համաձայն եմ բոլոր գրածներուդ: Ուրեմն մի ուշանար, ժամ առաջ գնա՛ եւ ղրկէ՛: