Ընդառաջելով Կեդրոնական Մակեդոնիոյ նահանգապետ՝ պրն. Ափոսթոլոս Ծիծիքոսթասի եւ Թեսաղոնիկէի փոխնահանգապետուհի՝ տիկ. Փարասքէվի Փաթուլիտույի հրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն քաղաքապետարանին, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Յարութիւն Աբրահամեանի, Շաբաթ՝ 26 Հոկտեմբեր 2019ի առաւօտեան ժամը 11ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Տիմիթրիոս» Մայր Տաճարին մէջ, ներկայ գտնուեցան Գոհաբանական եկեղեցական արարողութեան, ինչպէս նաեւ Երկուշաբթի՝ 28 Հոկտեմբեր 2019ին, Յունաստանի պատմական «ոչ»ի օրուան հանդիսաւոր շքեղ ու փառաւոր տողանցքին։
Սոյն տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին յոյն հոգեւոր առաջնորդներ, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսը, պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հազարաւոր յոյն եւ օտար հաւատացեալներ։
Երկու պարագաներուն ալ, հայր սուրբն ու պրն. ատենապետը՝ յանուն Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին, շնորհաւորեցին քաղաքական, պետական եւ կրօնական անձնաւորութեանց՝ օրուան տօներուն կապակցութեամբ։
ԹՂԹԱԿԻՑ