Առաջին անգամ ըլլալով՝ Ռոտոս կղզիին մէջ, Շաբաթ՝ 2 Սեպտեմբեր 2017ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» երկսեռ պարախումբի ելոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի Ռոտոս կղզիի քաղաքապետական, հարաւային Եգէականի մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղական վարժարանային համակարգի ուսուցչական կազմեր եւ շատ մեծ թիւով յոյն եւ օտար զբօսաշրջիկներ ու տեղացի ժողովուրդ։
Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի 25 պարողներ, իրենց պարուսոյց Էտկար Եղեանի փորձառու ղեկավարութեան ու խնամքին տակ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Ասիպեանի եւ պարախումբի վարչութեան ջանքերով՝ եռօրեայ ճամբորդութիւն մը կատարեցին դէպի Ռոտոս, ներկայացնելու համար իրենց գեղեցիկ յայտագիրը։
Եզակի առիթ մըն էր Ռոտոս կղզիին մէջ կազմակերպուած ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ յոյն եւ օտար հազարաւոր զբօսաշրջիկներ ամէն գիշեր համախմբող Ռոտոսի բերդաքաղաքի Փրոմախոնաս (մեծ պալատի շրջակայքի) հնագիտական վայրէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Ռոտոսի Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի եւ գործակցութեամբ՝ Հարաւային Եգէականի մարզպետութեան ու Ռոտոսի քաղաքապետութեան հետ։
Երիտասարդ պարողները կախարդական մթնոլորտ ստեղծեցին՝ հնչեցնելով հայկական գեղեցիկ երաժշտութիւնը եւ շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւող պարերու ամբողջական յայտագիր մը։ «Կարմիր Նուռ»ը, «Դաւիթ Բէկ»ը, «Քեռծի»ն, «Շատախի»ն, «Մենք ենք, մեր սարերը», «Կատակ Պար»ը, «Վարդ»ը, «Արցախի պար»ն ու հայկական քոչարին առինքնող մթնոլորտ ստեղծեցին բոլորին մօտ, յատկապէս անոնց համար, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կ՚առնչուէին հայկական մշակոյթին հետ։
Հայկական մշակոյթին նուիրուած երեկոն համալրուեցաւ գերմանաբնակ յայտնի թենոր եւ յօրինող Մասիս Առաքելեանի երգերու կատարումով, որուն ընկերացան Մարիա Վարելի (դաշնակ), Ալվինա Գզրեան (ջութակ), Անտոնիս Անասթասիս (չէլօ)։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռոտոսի Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկ. Խարա Քէօսէյեան։ Ապա իրագործուեցաւ գեղարուեստական բաժինը, որ երկար ժամանակ խլած նախապատրաստական շրջանի մը արդիւնքն էր՝ Աթէնքի եւ Ռոտոսի մէջ։
Երեկոն իր ամբողջութեան մէջ իւրայատուկ տօն եւ մշակութային տպաւորիչ իրադարձութիւն մըն էր, որ բեմ բերաւ հայկական մշակոյթի արժանի ներկայացուցիչներ, նոր հրաւէրներ խլելով յառաջիկայ տարիներուն համար ալ։
Հայկական պարերու կատարեալ կատարումները, երիտասարդ պարողներու փայլուն ժպիտները, հայկական տարազներու նուրբ նաշխերը՝ հայկական մշակոյթի ամէնէն ազնիւ երանգները պարզեցին ներկաներու աչքերուն ու հոգիին առջեւ։
Յիշարժան ձեռնարկ մը, որ իր եզակի կնիքը թողեց Ռոտոսի մէջ։
«Նայիրի» պարախումբին ելոյթը Ռոտոսի մէջ
Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին հրապուրիչ ելոյթը՝ Ռոտոս կղզիին մէջ