Կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 թուականի այցերուն նուիրուած՝ լոյս տեսած են յատուկ փոստային նամականիշներ: Ըստ Armenpress.amի՝ նամականիշներու շարքին յատուկ տեղ ունի Հայաստան կատարած պատմական այցին վերաբերեալ թողարկուած նմոյշը: Նամականիշին վրայ պատկերուած է Ֆրանչիսկոս Պապը, իսկ անոր թիկունքին՝ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Վատիկանի պաշտօնական կայքը նշած է, որ նամականիշին հեղինակը Դանիէլա Լոնկոն է, որ պատկերած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հռոմի Պապին աղօթքի պահը:
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապ 2016 Յունիս 25ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը գրած էր.- «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ չարութեան յաղթել բարութեամբ: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն ու մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Հայաստան ժամանած էր Յունիս 24-26ին` «Այց՝ առաջին քրիստոնէական երկիր» խորագիրով:
Նամականիշ Ֆրանչիսկոս Պապի նկարով
Վատիկան յատուկ նամականիշ հրապարակած է Ֆրանչիսկոս Պապի նկարով. Թիկունքին՝ Ծիծեռնակաբերդը