Բաց նամակ Հայաստանի վարչապետին
Շնորհաշատ եւ ուսման
առաջաւոր աշակերտը՝ Փաշինեանը
Վրայ վրայի շատ բան հաւաքուեցաւ անցնող երեք տարիներուն։
Դէպքերու հոլովոյթը իր հետ բերաւ միտքերու շարադրումը անոնց վերաբերեալ։
Եւ սկսելով՝
— Կարդացինք, թէ Սփիւռքէն մեր հայրենակից Մուրատ Փափազեանին «persona non grata» հռչակած էք, հետեւելով ձեր ուսուցիչ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրինակին։
Ո՜ւր լսուեցաւ, որ հայրենիքի եւ Հայ դատի ի նպաստ տարիներ շարունակ աշխատած հայրենակիցի մը մուտքը պիտի արգիլուէր Հայաստան։ Այն հայրենիքը որու համար ինքը ուժ ու հոգի սպառած է, տարիներով։
— Յունաստանի Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներու եւ ամբողջ գաղութի ներգործութեամբ Արցախին համար հաւաքագրուած օգնութիւնը, հազար տարբեր դժուարութիւններու հանդիպելէ ետք, ոչ ալ բաւարար չափով հասաւ կարիքաւոր մեր զինուորներուն եւ հայրենակիցներուն։ Երբ ամբողջ գաղութ մը համավարակի դժուար պայմաններուն մէջ, շրջագայութեան արգելափակումներով հանդերձ, գործի լծուեցաւ եւ այդ հսկայական աշխատանքը ժամը-ժամուն տարաւ։ Հ.Օ.Մ.-ը նոյնիսկ օդանաւակայանի տուրքերու մեծ գումարներ վճարեց, որպէսզի իր ապրանքները ժամուն հասնին կարիքաւորներուն։ Մնացեալը, որ նախարարութեան հասցէագրուած էր՝ մէկուկէս տարի ետք, դեռ կը մնար օդանաւակայան… Ամօթով մնացինք յոյն հասարակութեան առջեւ։ Ալ ո՜ւր մնաց՝ Յունաստանի պետութեան մօտ։
Անշուշտ, Սորոսէն հասած օգնութիւնները շուտով առիք։ Երեւի պէտք չունէիք Սփիւռքէն հասած ապրանքին։ Նոյն պահուն, երբ մաքսային մեծ գումարներ կը գանձէիք մարդասիրական օգնութեան համար։
— Սփիւռքի յանձնակատարը գաղութներ ղրկուեցաւ, սակայն ամէն տեղ չէ, որ կարողացաւ իր քարոզը տանիլ։
Իրականութիւնը շատ յստակ է, Սփիւռքը տասնամեակներ պահած ղեկավար ուժերուն համար։ Որեւէ այլ փորձ մատնուած է ձախողութեան։ Դուք շատ փոքր էք Սփիւռքը պառակտելու համար։
— Յունաստանի խորհրդարանի հետ համագործակցութեան պայմանագիրներու առիթով, ձեր կուսակցութենէն միայն պատգամաւորներ ղրկեցիք։ Այս մէկը ծայր աստիճան միակողմանի փրաքթիքա մըն է, որ նոյնիսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով չէր իրագործուած։ Ամբողջատիրական վարչակարգերու յար եւ նման։
— Դուք ձեր «կուսակցութեան» մէջ երկու անդամներ աւելցուցէք՝ Էրտողանն ու Ալիեւը։
Թուրքիոյ հետ մերձեցման այս փորձը, որ հետեւողականօրէն յառաջ կը քշէք, գիտէ՞ք արդեօք թէ ինչպէս կ՚ընկալուի Յունաստանի շրջանակներուն մօտ։ Յոյն ժողովուրդը գիտէ, որ թուրքին հետ մերձեցումը թիւր հիմք կրնայ ունենալ եւ երբեք վստահելի ձեւով կարելի չէ յառաջանալ։
— Յունաստանը մասնաւոր կապեր ունի Արցախի հետ։ 1997-էն ետք աւելի քան 500 փոքրիկներ հիւրասիրուած են մեր մօտ։ Անոնցմէ որքան որ տեղեակ եմ, երկու հոգի անյայտ կորսուած են պատերազմէն ետք։ Անոնք բոլորը, այնքան շատ կը սիրէին իրենց երկիրը, ու արձակուրդի աւարտին ուրախութեամբ կը վերադառնային պաշտուած հայրենիքը՝ Արցախը։ Անոնք զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ էին, կամ երկրորդ ու երրորդ կարգի հաշմանդամ ծնողի զաւակներ, ուսման առաջատար աշակերտներ, տաղանդաւոր արուեստագէտ փոքրիկներ։ Բոլորը Արցախի փոքրիկ դեսպաններ դարձան, սիրեցին ու սիրուեցան հայ եւ յոյն ժողովուրդին կողմէ։ Այս ծրագիրը համավարակի պատճառով առժամաբար կանգ առաւ, բայց արդէն գալ տարուընէ դարձեալ իրագործելի է։
Յունաստան աշխարհի միակ երկիրն է, որ այսքան հետեւողական ձեւով իրագործեց այս ծրագիրը եւ հիւրասիրեց Արցախի փոքրիկները, աւելի քան 22 տարի։ Արցախի առաջին պատերազմին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակները։ Դժբախտաբար, մեծ էր թիւը այս որբացած փոքրիկներուն։
Եթէ կարողանայիք հանդիպիլ այս փոքրիկներուն, պարոն Փաշինեան, որոնց թիւը աւելի քան 500 է, անոնցմէ շատեր արդէն իրենք ալ զաւակներ ունեցած են, հարց տուէք անոնց՝ թող բացատրեն։ Բայց լաւ գիտէք, թէ ի՛նչ պիտի լսէք եւ այդ պատճառով ալ պիտի չերթաք…
Ուրեմն՝
— Դուք էլ նայէք սէգ գագաթին ու անցէք։
Ու լաւ գիտցէք՝
132 տարուայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ո՛չ դուք, ո՛չ ձեր խմբակը, ո՛չ ալ ձեր օգնական Սորոսները կրնան խանգարել։
Խաչիկ, Աթէնք