­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ազ­գա­յին «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նը եւ «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գը այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Պե­տա­կան եւ ­Թո­ւա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար ­Քի­րիա­քոս ­Փիէ­րա­քա­քիս, ան­ցեալ Ուր­բաթ, 28 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան։
­Նա­խա­րա­րի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­պէս զոյգ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պե­տու­հիին կող­մէ։ ­Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցան զրու­ցե­լու նա­խա­րա­րին հետ եւ վար­ժա­րան­նե­րու ու միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու։
­Շէն­քա­յին հա­մա­լի­րի յար­մա­րու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լէ ետք, պրն. նա­խա­րա­րը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին կող­մէ, ո­րոնք փոք­րիկ յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տած էին հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն եր­գե­րով ու պա­րե­րով։ ­Տի­րող խան­դա­վառ մթնո­լոր­տին մէջ պրն. նա­խա­րա­րը իր ան­հուն գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց մեր վար­ժա­րան­նե­րու տա­րած աշ­խա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ, մա­նա­ւանդ որ ինք եւս երկ­լե­զու վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ է եւ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ զոյգ լե­զու­նե­րու մի­ջո­ցաւ տրա­մադ­րո­ւող դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։ ­Խօ­սե­լով իր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու մա­սին, ան անդ­րա­դար­ձաւ ­Պոս­թը­նի մէջ ապ­րած իր տա­րի­նե­րուն, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցած էր շփման մէջ մտնե­լու հայ եւ յոյն հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ծա­նօթ ըլ­լա­լով՝ նոր սե­րունդ­նե­րուն մօտ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին։ ­Խօս­քը ուղ­ղե­լով ա­շա­կեր­տու­թեան, ան «ներշնչման աղ­բիւր» ո­րա­կեց իր առ­ջեւ պար­զո­ւած պատ­կե­րը եւ իր շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քին նկատ­մամբ։