Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ «­­Մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը» նիւ­թով ե­ռօ­րեայ ե­լոյթ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, նա­խա­պէս առ­նո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­­Կա­րէն ­­Միր­զո­յեան հան­դի­պում­նե­րու շարք մը ու­նե­ցաւ ­­Հել­լէն ­­Խորհր­դա­րա­նէն ներս, ­­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան-կու­սակ­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։ ­­Նա­խա­րա­րին կ­‘ըն­կե­րակ­ցէին ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­­Ֆա­դէյ ­­Չար­չօղ­լեա­նը եւ Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­ներ։ ­­Հան­դի­պում­նե­րը ա­ռան­ձին կա­յա­ցան ­­Հել­լէն ­­Խորհր­դա­րա­նին մէջ, իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­կան ու­ժի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։
-­­Կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­դաշ­նու­թեան մաս կազ­մող ԱՆ.ԷԼ. («Ան­կախ ­­Յոյ­ներ») կու­սակ­ցու­թեան փոխ նա­խա­գահ եւ ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ պրն. ­­Փա­նաեո­թիս Զ­ղու­րի­տի­սի հետ։
-­­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան, նախ­կին եւ­րոե­րես­փո­խան տի­կին ­­Լիա­նա ­­Քա­նե­լիի հետ։
-ՓԱՍՕՔ ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան, նախ­կին եւ­րոե­րես­փո­խան տի­կին ­­Սիլ­վա­նա ­­Ռափ­թիի եւ ՏԻ.ՄԱՐ (­­Դե­մոկ­րա­տա­կան հա­մախմ­բում)  կու­սակ­ցու­թեան  ե­րես­փո­խան,աշ­խա­տան­քի-ըն­կե­րա­յին ա­պա­հո­վագ­րա­կան եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին Է­վի Խ­րիս­թո­ֆի­լո­փու­լո­ւի հետ։
-­­Նոր ­­Հան­րա­պե­տու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան, ար­տա­քին հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու պրն. Եոր­ղոս ­­Քու­մու­ցա­քո­սի հետ։ ­­Հան­դի­պում­նե­րուն ժա­մա­նակ պրն. նա­խա­րա­րը իր զրու­ցա­կից­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ի­րա­կա­նա­ցո­ւող զի­նեալ ծանր ու­ժե­րով յար­ձա­կում­նե­րը, ա­նընդ­հատ հնչող ու­ժի կի­րառ­ման սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ հրա­դա­դա­րի յա­ճա­խա­կի խախ­տում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ռազ­մա­կան այս յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ ­­Դի­տել տրո­ւե­ցաւ նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ։ ­­Զարկ տրո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի զար­գաց­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծու­թեան գոր­ծին մէջ հե­տա­գայ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, տնտե­սա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին եւ ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կին կա­պո­ւած հար­ցե­րու ներ­կա­յաց­ման։ ­Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւե­ցան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րա­վի­ճա­կի եւ եր­կիր­նե­րու ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րու շուրջ։