Թր­քա­կան լրա­տու աղ­բիւր­ներ դառ­նու­թեամբ ար­ձա­գան­գած են այն տե­ղե­կա­տը­ւու­թեան, թէ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար շէյխ Ապ­տալ­լա պըն ­Զա­յէտ ­Նա­հիան, ան­ցեալ շա­բաթ ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն՝ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր այ­ցե­լե­լով եւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղե­լով Ան­մար Կ­րա­կին առ­ջեւ։
Թր­քա­կան մա­մու­լը զայ­րոյ­թով կը գրէ.- «­Մենք ալ կը կար­ծէինք, թէ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­կամ եր­կիր են»:
Ըստ թուր­քե­րուն՝ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը ան­կաս­կած կապ ու­նի ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Քա­թա­րի նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած զօ­րակ­ցու­թեան հետ, որ խոր դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռած է ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու իշ­խա­նու­թեանց, եւ այս վեր­ջի­նիս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ այ­ցե­լու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ ­Թուր­քիոյ հետ այդ երկ­րին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­սած են խզու­մի սե­մին: