Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, Ուրբաթ՝ 6 Մարտի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցչութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի եւ անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի։
Նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, ջերմօրէն ողջունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի այցելութիւնը Յունաստան, անդրադառնալով իր սերտ ու երկարատեւ կապերուն Յունաստանի հայ համայնքին եւ Հ.Յ.Դ Հայ դատի յանձնախումբին հետ, ապա նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարուայ վերջաւորութեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Արմէն Սարգսեանի հետ կայացած հանդիպման բարձր մակարդակին մասին։ Ան խանդավառութեամբ խօսեցաւ Երեւանի մէջ ունեցած պետական շփումներու բեղուն արդիւնքներուն մասին եւ զօրակցական իր անվերապահ կեցուածքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած լարուած ու բարդ իրավիճակին շուրջ, որ անգամ մը եւս ցոյց կուտայ համայն հանրութեան առջեւ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, որ ճնշումներու ու սպառնալիքներու լեզուով՝ իր օգտին կը փորձէ պարտաւորեցնել Եւրոպան եւ մարդկութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով, Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդի անկեղծ ու պատրաստակամ գործակիցն է։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, յունահայութեան հանդէպ երկար տարիներէ ի վեր իր ունեցած անկեղծ վերաբերմունքին համար ու համոզում արտայայտեց, թէ բարձրամակարդակ ու ջերմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն պահպանուիլ ապագային եւս, բոլոր այն մարզերէն ներս, ուր Յունաստանի նախագահը պիտի շարունակէ իր գործունէութեան շրջագիծը։
Այս առիթով, հրաւէր ուղղուեցաւ նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105ամեակի ձեռնարկներուն պատուոյ հիւրը հանդիսանալու համար։ Պրն. նախագահը ջերմութեամբ ընդունեց յարգանքի հրաւէրը, հաւաստիացնելով իր ներկայութեան համար՝ Ապրիլ 26ին, Աթէնքի «Փալլաս» կեդրոնական սրահէն ներս, ուր Ապրիլեան ոգեկոչման պետական պաշտօնական նշումը պիտի կազմակերպուի։
Հանդիպում արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին հետ
Ուրբաթ` 6 Մարտի երեկոյեան, հանդիպում կայացաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, նախարարի տեղակալ պրն. Միլթիատիս Վարվիցիոթիսի հետ։
Քննարկուեցան Հայ դատի աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու լայն շրջագիծին վերաբերող նիւթեր։ Անդրադարձ եղաւ Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող ճնշումի քաղաքականութեան, որ ուղղուած է Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան դէմ։
Հանդիպումները Յունաստանի խորհրդարանէն ներս
Աթէնք իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպումներու շարք մը իրագործեց Յունաստանի կառավարական եւ քաղաքական շրջանակներուն հետ, Յունաստանի խորհրդարանէն ներս։ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ընկերակցեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ ընկ. Ռաֆֆի Գազարեան։ Ուրբաթ՝ 6 Մարտի առաւօտեան առաջին հանդիպումը կայացաւ Հելլէն խորհրդարանի Ազգային պաշտպանութեան եւ Արտաքին հարցերու խորհուրդի նախագահ պրն. Գոնսթանտինոս Կիւլեքասի հետ։
Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը պրն. Կիւլեքաս նշեց իր երկար տարիներու սերտ գործակցութիւնը Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հետ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, կարեւորելով առնուած նախաձեռնութիւններն ու ծաւալող գործունէութիւնը։ Զրուցակիցները անդրադարձան Յունաստանի սահմաններուն վրայ ընթացող փախստականներու բարդ իրավիճակին, որ ստեղծուած է Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան պատճառով։
Շեշտուեցաւ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ աշխուժ գործակցութիւն ծաւալելու առաջնահերթութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Յունաստան-Հայաստան-Կիպրոս եռակողմ համաձայնագրէն թելադրուած աշխատանքներու աշխուժացումը։
Յաջորդեց ՍԻՐԻԶԱ ընդդիմադիր կուսակցութեան խորհրդարանական, արտաքին գործոց նախկին նախարար պրն. Եորղոս Քաթրուկալոսի հետ հանդիպումը, ուր զրոյցը ընդհանուրին մէջ ընդգրկեց Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակներու քննարկումը եւ Հայաստանի եւ Յունաստանի դիմագրաւած տարածաշրջանային հարցերը։
Հանդիպում կայացաւ նաեւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, երեսփոխան պրն. Տիմիթրիս Մաքրոփուլոսի հետ, ուր քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ եղող բազմերես հարցեր։