Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, ­Հոկ­տեմ­բեր 10ին, ըն­դու­նած է Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ա­նո­ւան 5րդ ­մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի բաց­ման մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած հո­լի­վու­տի յայտ­նի դե­րա­սան, բե­մագ­րող եւ շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րիչ ­Ճոն ­Մալ­քո­վի­չը:
Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ող­ջու­նե­լով հիւ­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, նա­խա­գա­հ ­Սարգ­սեան նշած է, որ մե­ծա­գոյն հա­ճոյք է տա­ղան­դա­շատ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը հիւ­րըն­կա­լել երկ­րի մը մէջ, ուր շատ բարձր կը գնա­հա­տեն ա­րո­ւես­տի ոյ­ժը, ո­րուն շնոր­հիւ հայ ժո­ղո­վուր­դը դա­րե­րու ըն­թաց­քին կրցած է ստեղ­ծել մեծ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն եւ ու­րոյն ներդ­րում ու­նե­նալ հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ:
«­Գի­տեմ, որ հայ հան­դի­սա­տե­սը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ ըմ­բոշխ­նե­լու ձեր ա­րո­ւես­տի, ձեր տա­ղան­դի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դրսե­ւո­րում մը, ուր կը միա­հիւ­սո­ւին ե­րաժշ­տու­թիւնն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը: Վս­տահ եմ, որ ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ա­նո­ւան 5րդ ­մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան միշտ պի­տի մնայ հայ հան­դի­սա­տե­սի յի­շո­ղու­թեան մէջ»,- ը­սած է հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ յոյս յայտ­նած, որ թէեւ կար­ճա­տեւ իր ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեամբ` ­Ճոն ­Մալ­քո­վի­չը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ տեղ­ւոյն վրայ ա­ւե­լի լա՛ւ ճանչ­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նը, իր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ եւ տա­ղան­դա­շատ մար­դոց նկատ­մամբ մշտա­պէս ակ­նա­ծան­քով վե­րա­բե­րո­ւող հիւ­րըն­կալ հայ ժո­ղո­վուր­դին: ­Ճոն ­Մալ­քո­վիչ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հի ջերմ խօս­քե­րուն, հիւ­րըն­կա­լու­թեան, ինչ­պէս նաեւ այն ա­ջակ­ցու­թեան եւ ու­շադ­րու­թեան հա­մար, որ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը կը յատ­կաց­նէ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման, նե­րա­ռեալ` ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նո­ւա­գա­խում­բին, ո­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս ինք ժա­մա­նած է ­Հա­յաս­տան: Ա­րո­ւես­տա­գէ­տը նշած է, որ ան­համ­բեր է Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու նո­ւա­գա­խում­բի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար եւ գլխա­ւոր բե­մադ­րիչ ­Սեր­գէյ Սմ­բա­տեա­նի հետ մտայ­ղա­ցած միա­ցեալ ձեռ­նար­կը եւ յոյս յայտ­նած, որ ա­նի­կա սի­րով պի­տի ըն­դու­նո­ւի հայ հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ: