­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 22 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նած է ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը, որ ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով:
­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է հայ ե­րես­փո­խա­նը` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի խնդիր­նե­րու քննարկ­ման նո­ւի­րո­ւած հա­մա­ժո­ղո­վին ա­նոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ այդ խնդիր­նե­րու լուծ­ման իր նպաս­տը բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը:
­Կա­րօ ­Փայ­լան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քին ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հետ զրու­ցած է հա­մայն­քա­յին կեան­քին առն­չո­ւող հար­ցե­րուն մա­սին, ո­րոնց հայ ե­րես­փո­խա­նը կ­՛անդ­րա­դառ­նայ նաեւ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ: