Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կամաւոր կուրութիւնը յոռեգոյն մեղանչումն է, անբարոյութիւն:
Բացի իրենք զիրենք եւ իրենց ասպարէզը յարգող եւ իրենց կեանքն ալ վտանգող քաջ լրագրողներէ, առեւտրականներու եւ քաղաքական թատրոնի մասնակիցներու տեսողութիւնը եւ լսողութիւնը ընտրովի եւ մասնակի են, ինչպէս որ էին Սիկմունտ Ֆրէոյտի հիւանդները:
Նախագահ Ր. Էրտողանի դէմ 15 Յուլիս 2016ին նիւթուած պետական հարուածի փորձին ձախողութենէն ետք, ի՞նչ է կացութիւնը երկրին մէջ, օրէնքի, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու յարգումի տեսակէտէն: Միշտ կայ այն կասկածը, որ Ր. Էրտողան ինք գտնուի այդ դաւադրութեան ետին, որ իրեն ընծայեց ոսկի առիթը ձերբազատուելու համար մրցակիցներէ:
Պետական հարուածի ձախողութեան հետեւած էին զանգուածային մաքրագործումներ: Գործէ արձակուած էին 150.000է աւելի պետական պաշտօնեաներ: Միջազգային շրջանակներու երթեւեկի ընթացքին մէջ ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին, որոնք պատրաստուած եւ ուսումնական անձեր էին, հիմա քուրջի պէս մէկդի դրուած են որպէս անբաղձալիներ: Անոնց համար շատ դժուար է նոր կեանք եւ ասպարէզ սկսիլ, մանաւանդ եթէ չկարենան երկրէն դուրս գալ: Ցոյցերն ալ անօգուտ են, նոյնիսկ երբ անոնք կը պաշտպանեն Անգարայի համալսարանէն դուրս դրուած 330 անձեր եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն անոնց վիճակին վրայ: Ուսուցիչներ, որոնք կրթական նախարարութեան պաշտօնեայ էին, սրճարան սկսած են բանեցնել:
Մաքրագործումները կը շարունակուին: Երկիրը կը գտնուի արտակարգ իրավիճակի դրութեան մէջ, պետական պաշտօնեաներ եւ ուսուցիչներ գործէ կ’արձակուին առանց պատճառաբանութեան, արդարացումը՝ «ազգային անվտանգութեան» պահպանման միջոցառումն է: Այսինքն՝ օրէնքը դրուած է փակագիծի մէջ:
Ի հարկէ, առաջին հերթին, մաքրագործումներու թիրախ եղած են եւ են բանակայինները:
Բայց մեծ թիւ կը կազմեն այն ուսուցիչները եւ դասախօսները, որոնք մաս կազմած են համագործակցականներու, նկատուած են անդամ կամ համակիր ձախ համարուած շարժումներու:
Հետաքրքրական է լրագրողի մը այն հաստատումը, որ մաքրագործումի թիրախ ըլլալիք ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ցանկեր եղած են պետական հարուածէն առաջ, երբ դեռ չէր յայտարարուած արտակարգ իրավիճակ: Ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգումի ինքնատիպ դրութիւն մը: Այնթապի գործէ արձակուած ուսուցիչը կ’ըսէ, որ գործէ արձակուած ուսուցիչները նախապէս մասնակցած են ուսուցիչներու ցոյցի մը, պահանջելով որ քրտական շրջաններու մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Եւ կ’աւելցնէ՝ հետեւաբար իմամ Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնի վերագրուածներէն շատ հեռու:
Պոլսոյ համասարանի տնտեսագիտութեան ուսուցիչ մը համացանցէն կ’իմանայ իր գործէ արձակուիլը եւ յաջորդն իսկ իր առջեւ փակ կը գտնէ իր գրասենեակին դուռը: Կ’ըսէ, որ իր բոլոր իրերը վերցուած էին: Ո՛չ աշխատավարձ, ո՛չ գործազրկութեան հատուցում եւ ոչ ալ հանգստեան թոշակ: Տարիներու աշխատանք յումպէտս եղած էին:
Շատերու համար այնքան ծանր եղած է հարուածը, որ իրենց գործէ արձակուելէն ետք, 38 պետական պաշտօնեաներ անձնասպան եղած են:
Պատահած են ողբերգութիւններ: Երկու համալսարանի դասախօսներ, իրենց գործէ արձակուելէն ետք, ապրած թաքնուած, ապա նաւակ մը գնած են, իրենց երեք զաւակներով Յունաստան փախչելու համար, հասնելու համար մերձակայ Լէսպոս կղզին: Հետագային անոնց դիակները գտնուած են կղզիին մօտերը: Իշխանութեան կողմէ անբաղձալի համարուածներուն գործ չեն տար, եթէ տուող ըլլայ, կը մատնուին: Կ’ըսեն, թէ մատնութեան մթնոլորտ կայ, մարդիկ կ’ապրին վախի մէջ, այն աստիճան, որ անբաղձալի մը բարեւել յանցանք է եւ բաւարար պատճառ գործէ հեռացուելու:
Կարգ մը ուսուցիչներ դիմած են հացադուլի եւ կ’ամբաստանուին որպէս ահաբեկիչ:
150.000 անձեր գործէ արձակուած են, 40.000ը ուսուցիչներ են, 5000ը՝ համալսարանի դասախօսներ եւ գիտաշխատողներ:
Ըստ Միջազգային Ներում կազմակերպութեան՝ կան 50.000 բանտարկեալներ եւ 149.000ի համար հետաքննութիւն կը կատարուի:
140 լրագրողներ ձերբակալուած են:
180 լրագրական հաստատութիւններ փակուած են: 3800 ոչ-պետական, այսինքն հասարակական կազմակերպութիւններ լուծուած են:
Եւ ոչ ոք կը զարմանայ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ խաղաղութեան հաստատման միտող բանակցութիւններու մասնակից կ’ըլլայ Ր. Էրտողան, երբ իր երկրին մէջ տիրող կացութիւնը զինք հեղինակազրկած պիտի ըլլար յաչս քաղաքակիրթ աշխարհին:
Եւ հիմա Ր. Էրտողան կը ռմբակոծէ Իրաքի քրտական շրջանները: Իր տրամաբանութիւնը պարզ ըլլալու է. վերականգնել Օսմանի կայսրութիւնը:
Անկարելի է, որ աշխարհի մեծ եւ պզտիկ առաջնորդները հաւաքաբար հաւկուրութենէ տառապին:
Լռութիւնը միշտ մեղսակցութիւն է:
Այլ առիթներով կրկնած եմ ԻՒՆԵՔՈյի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը.- «Վաղը միշտ ուշ է»: