­Յու­լիս 11ին, ­Մաուր­պա­խի մէջ Ե.Ա.Հ.Կ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ոչ-պաշ­տօ­նա­կան հան­դիպ­ման ծի­րէն ներս, կա­յա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նի եւ ­Ռու­սիոյ Ա.Գ. նա­խա­րար ­Սեր­կէյ ­Լաւ­րո­վի հան­դի­պու­մը:
­Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են երկ­կողմ դաշ­նակ­ցա­յին փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը հար­ցե­րու` յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ ղե­կա­վար­նե­րու մի­ջեւ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կանց­ման:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կած են մի­ջազ­գա­յին եւ շրջա­նա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րու շուրջ:
­Հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գի վրայ ե­ղած է ­Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը: Այս ծի­րէն ներս եր­կու կող­մե­րը շեշ­տո­ւած են ­Վիեն­նա­յի եւ Ս.­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: