­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ 11 ­Յու­լի­սին Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րո­վի Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր ­Փո­փո­վի, Ս­թե­ֆան ­Վիս­քոն­թիի եւ ­Ռի­չըրտ ­Հոկ­լըն­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դի­պու­մը, ո­րուն ներ­կայ էր նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ ­Քասփր­չիք:
«­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կո­ւե­ցան ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման շուրջ քննար­կում­նե­րը:
«Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ընդգ­ծեց շփման գի­ծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ այդ նպա­տա­կով շեշ­տեց ­Վիեն­նա­յի եւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի վե­հա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­մը:
«Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րէն խնդրե­ցին նա­խա­գահ­նե­րուն փո­խան­ցել այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին վե­հա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ա­ռա­ջար­կը:
«­Հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու յա­ջորդ հան­դի­պու­մը կա­տա­րե­լու ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Նիւ Եոր­քի մէջ` Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ»,- կը նշէ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: