23 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` ներկայութեամբ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ՝ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի: Անկէ ետք համանախագահները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են.- «Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը տագնապի գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը: «Կ’ակնկալենք, որ այս հանդիպումը նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք դրսեւորեն` խնդիրի առանցքային հարցերու փոխ-զիջումային լուծումներ գտնելու համար: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու համանախագահներուն հետ` մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ հանդիպում կազմակերպելու համար: «Համանախագահները կը ծրագրեն Հոկտեմբերին շրջան այցելել»:
Երկու նախարարներուն հանդիպման նախորդած են Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խմբակի նախագահներուն հետ նախարարներու առանձին-առանձին հանդիպումները: Նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումին, ան շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու նոր համանախագահը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ընդգծելով համանախագահութեան կարեւոր առաքելութիւնը Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու իմաստով:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակը յառաջ տանելու նպաստող պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ:
Նալբանդեան-Մամետեարով
Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպումին քննարկուած է նախագահներու հանդիպման նախապատրաստութիւնը