«­Մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը» խո­րագ­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նի Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեան ե­ռօ­րեայ յայ­տագ­րի ծի­րէն ներս, Ե­րեք­շաբ­թի 14 ­Մարտ 2017ին, այ­ցե­լու­թիւն տրո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րան, ուր պրն. նա­խա­րարն ու ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը, ըն­դու­նո­ւե­ցան քա­ղա­քա­պետ պրն. Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քի­սի կող­մէ։
­Ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պրն. քա­ղա­քա­պե­տը՝ քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ու ա­ռօ­րեա­յի մա­սին, զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ եւ իր անձ­նա­կան, ինչ­պէս նաեւ ­Քա­ղա­քա­պե­տա­կան ­Խոր­հուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւնն ու օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց։ Ան յի­շա­տա­կեց ­Նէա Զ­միռ­նիի եւ հայ­րե­նի ­Սի­սիան քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ բա­րե­կա­մա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր տե­սա­կի առ­նո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, հա­ւաս­տիաց­նե­լով թէ միշտ հա­յու­թեան կող­քին պի­տի գտնո­ւին: Պրն. նա­խա­րա­րը իր կար­գին, գնա­հա­տեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը, որ զար­գաց­ման եւ ընդ­լայն­ման լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ’ըն­ձե­ռէ եւ Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու հրա­ւէր ուղ­ղեց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին։
­Յա­ջոր­դա­բար, պրն. նա­խա­րա­րի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձան՝ ուր յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցո­ւե­ցաւ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

Այ­ցե­լու­թիւն Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ եւ ­Ֆիք­սի
«­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա Յա­կո­բեան» վար­ժա­րան

Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն այ­ցե­լու­թիւն տրո­ւե­ցաւ Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան եւ ­Ֆիք­սի Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րան ու ման­կա­պար­տէզ։ ­Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ պրն. նա­խա­րարն ու ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը՝ զոյգ տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րու եւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։
Պրն. նա­խա­րա­րը փոք­րիկ­նե­րուն յանձ­նեց ի­րենց հաս­ցէագ­րո­ւած նա­մակ­նե­րու ծրա­րը, որ յատ­կա­պէս ղրկո­ւած էր ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ­պէս պա­տաս­խան՝ ի­րենց կող­մէ գրո­ւած նա­մակ­նե­րու։

«­Մենք պի­տի յաղ­թենք, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­ւունք ու­նինք»

Այս ա­ռի­թով, տեղ կու­տանք Հ­րայր ­Փա­շա­յեա­նի կող­մէ գրի առ­նո­ւած գրու­թեան, որ լոյս տե­սած է Ար­ցա­խի ­Մար­տիկ թեր­թին մէջ, 8-22 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, եւ կ­þանդ­րա­դառ­նայ ­Յու­նաս­տա­նի հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ Ար­ցա­խի զի­նո­ւոր­նե­րուն ղրկո­ւած նա­մակ­նե­րուն։
«Ապ­րի­լեան մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նո­րո­վի բա­ցա­յայ­տե­լով յա­նուն հայ­րե­նի­քի հայ զի­նո­ւո­րի մին­չեւ վերջ մա­քա­րե­լու, նոր ու ա­նօ­րի­նակ սխրա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, կրկին հա­մախմ­բեց աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեա­նը՝ յա­նուն Ար­ցա­խի եւ նրա քա­ջա­րի պաշտ­պան­նե­րի։ Աշ­խար­հի տար­բեր մա­սե­րում ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղան հայ զի­նո­ւո­րին ինչ-որ բա­նով օգ­նե­լու նա­խա­դէ­պը չու­նե­ցող քայ­լե­րի, ին­չի շնոր­հիւ օ­րէ­ցօր ա­ւե­լի են ամ­րապնդ­ւում Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը։ ­Բա­ցի նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւ­նից, որն, ան­շուշտ, կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի դիր­քե­րի ամ­րապնդ­ման հա­մար, ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր­ւում է այդ դիր­քերն օր ու գի­շեր ա­նա­ռիկ պա­հող զի­նո­ւո­րի մար­տա­կան ո­գին, ո­գի, ո­րի շնոր­հիւ 18-20 տա­րե­կան մեր տղա­նե­րը պար­տու­թեան են մատ­նում յա­տուկ պատ­րաս­տու­թիւն ան­ցած թուրք աս­կեար­նե­րին։ ­Դիր­քա­պահ զի­նո­ւոր­նե­րի մօտ ան­կոտ­րում մար­տա­կան ո­գին ամ­րապն­դե­լուն էր ուղ­ղո­ւած նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ազ­գա­յին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու՝ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի, Ա­թէն­քի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի, «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճե­նա­զեան» ազ­գա­յին միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի սա­նե­րի նա­մակ­ներն ու ձե­ռա­կերտ նկար­նե­րը՝ բնո­րո­շող Ար­ցախն ու նրա պաշտ­պան­նե­րին։
Ն­րան­ցից մէ­կում կար­դում ենք. «­Սի­րե­լի հայ զի­նո­ւոր, մենք ա­շա­կերտ­ներս Ազ­գա­յին «­Ճէ­նա­զեան» վար­ժա­րա­նի, թէ­պէտ մեր բո­լո­րին հա­րա­զատ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու կը գտնո­ւինք, բայց եւ այն­պէս կ­þապ­րինք ու կը շնչենք մեր պա­պե­րուն ժա­ռանգ ձգած ան­գին ու թան­կար­ժէք հայ­րե­նի­քով։ Կþու­րա­խա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին մէջ ապ­րող քոյր-եղ­բայր­նե­րու ու­րա­խու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ կը տխրինք ա­նոնց վիշ­տով ու ցա­ւով։ Այս նա­մա­կով կը յայտ­նենք մեր սրտի ան­կեղծ խօս­քը եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը՝ ձեր բո­լո­րին կա­տա­րած քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ սխրանք­նե­րուն հա­մար։ ­Ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը մե­զի հա­մար ­Հե­րոս մըն է։ Ան­զու­գա­կան ու ա­նօ­րի­նա­կե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն»։
­Կա­րե­ւո­րե­լով սա­նե­րից իւ­րա­քան­չիւ­րի ­Հայ զի­նո­ւո­րին ուղ­ղո­ւած նա­մակ-ցան­կու­թիւն­նե­րը, ներ­կա­յաց­նենք նրան­ցից մէ­կի՝ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի ­Մա­րիա ­Հիլ­վա­ճեա­նի մաղ­թան­քը, որն, ան­շուշտ, ար­ժա­նի է յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան իր լա­կո­նիկ, բայց խո­րի­մաստ բո­վան­դա­կու­թեամբ. «­Հայ զի­նո­ւոր­ներ, մի վախ­նաք, բո­լորս ալ գի­տենք ո­րուն կը պատ­կա­նի Ար­ցա­խը։ ­Մենք պի­տի յաղ­թենք, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­ւունք ու­նինք։ ­Պա­տե­րազ­մե­ցէք ու յաղ­թե­ցէք։ Ես ձեր հետն եմ»։
­Յա­ւե­լենք, որ ինչ­պէս նա­խորդ դէպ­քե­րում, այս ան­գամ եւս հայ ման­չուկ­նե­րի նա­մակ­ներն ու նկար­նե­րը բա­ժա­նո­ւե­ցին դիր­քա­պահ­նե­րին, ո­րոնք, ինչ­պէս տո­ղե­րիս հե­ղի­նակն է մի քա­նի ան­գամ ա­կա­նա­տես ե­ղել, նո­ւէր­ներ ստա­նա­լու դէպ­քում, նախ­քան դրանց պա­րու­նա­կու­թեա­նը ծա­նօ­թա­նա­լը, փու­թա­ջա­նօ­րէն ըն­թեր­ցում են ի­րենց հաս­ցէագ­րո­ւած մաղ­թանք­նե­րը, նոր ո­գի եւ ուժ ստա­նում եւ ներ­քուստ իւ­րա­քան­չիւրն ինքն ի­րեն պար­տա­ւոր­ւում, որ եր­բեք յու­սա­խաբ չի ա­նի սպա­սե­լիք­նե­րը»։

Այ­ցե­լու­թիւն՝ փոք­րե­րու հո­գա­տա­րու­թեան «­Խա­ծի­քի­րիա­քիօ» կեդ­րոն

Ա­ւե­լի քան 22 տա­րի­նե­րէ ի վեր, ­Յու­նաս­տա­նի ­Սի­րոս կղզիին մէջ ի­րենց ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի շրջա­նը անց­նող Ար­ցա­խէն ժա­մա­նած պա­տա­նի­նե­րը, միշտ ալ Ա­թէնք կե­ցու­թեան օ­րե­րուն, հիւ­րըն­կա­լո­ւած են ­Փի­րէա­յի փոք­րե­րու հո­գա­տա­րու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան «­Խա­ծի­քի­րիա­քիօ» հաս­տա­տու­թեան մէջ։ Այս հաս­տա­տու­թեան մօտ գտնո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նը, Ե­րեք­շաբ­թի 14 ­Մարտ 2017ի կէ­սօ­րին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րու։
Իւ­րա­յա­տուկ այս ծրա­գի­րը, սկսած է 1996էն, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ա­ռի­թը կու տայ Ար­ցա­խի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ 9-15 տա­րե­կան փոք­րիկ­նե­րու 15-օ­րեայ ար­ձա­կուր­դի շրջան մը ան­ցը­նե­լու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։
Պրն. նա­խա­րա­րին ըն­դու­նե­ցին «­Խա­ծի­քի­րիա­քիօ» հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Ա­նաս­թա­սիա ­Քա­ցի­լիէ­րի, հաս­տա­տու­թեան ըն­կե­րա­յին բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին Է­վա ­Քա­լիմ­նիու եւ խնա­մա­տա­րա­կան մարմ­նոյ ան­դամ­ներ։
Պրն. նա­խա­րա­րը շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ, գնա­հա­տե­լով Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րուն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած գուր­գու­րանքն ու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ յոյս յայտ­նեց որ եր­կար տա­րի­ներ եւս պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի գոր­ծադ­րո­ւիլ բո­լո­րին ո­գեշն­չող իւ­րա­յա­տուկ այս ծրա­գի­րը։