Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուչցական կազմի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, վարժարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ, նուիրուած յունահայ գաղութին մէջ իր վաստակը թողած ուսուցիչին ու ազգային գործիչին՝ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանին։
Ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, «Սուրբ Յակոբ» Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Պարետ քհնյ. Խաչերեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Լիզա Աւագեան, Աթէնքի Հրեայ համայնքի Ռաբբի Կապրիէլ Նեղրին, Յունաստանի Հրէական համայնքի Կեդրոնական Խորհուրդին քարտուղար պրն. Վիքթոր Էլիեզեր, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի տիկին Լիզէթ Գիրազեան, կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, հանգուցեալի ընտանիքն ու հարազատները եւ մեծ թիւով վարժարանի շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հայկանուշ Մինասեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ ակնարկ մը կատարեց, բոլորի կողմէ սիրուած ու յարգուած ուսուցիչ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանին դպրոցին մէջ տարած 36 տարիներու ուսուչցական ասպարէզին։ Տիկ. Մինասեան զինք բնութագրեց որպէս սիրելի ուսուցիչը աշակերտներուն եւ սիրելի բարեկամը ծնողներուն։
Յանուն մեծ ուսուցիչի աշակերտներուն, խօսք առաւ անցեալի աշակերտներէն պրն. Արթօ Շէմմաս։ Ան անդրադարձաւ աշակերտական իր տարիներուն ընթացքին, իր ուսուցիչէն ունեցած տպաւորութեան մասին։ Ինչպէս նաեւ, Հայ դատի յանձնախումբէն ներս իր ունեցած գործակցութեան ու փորձառութեան մասին։ Աւարտին պրն. Շէմմաս զինք կոչեց աննման ուսուցիչ եւ աշխուժ գործակից աւելցնելով, թէ կը մահանան անոնք որոնք կը մոռցուին։ Մինչ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանը պիտի մնայ անմահ իր թողած գնահատելի վաստակով։
Ապա տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանի վարժարանէն ներս գործունէութեան հանգրուանները։ Որմէ ետք, վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտները ներկայացուցին երկու երգեր նուիրուած ուսուցիչին։
Բէմ հրաւիրուեցաւ Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն պրն. Կիրակոս Մկրտիչեան։ Ան մեծ յուզումով ու ապրումով ներկայացուց վարժարանէն ներս երկար տարիներու իր սիրելի գործակիցը։ Ան յայտնեց, թէ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեան բացառիկ գործակից մըն էր։ Գործունէութեան մէջ աշխուժ էր ան, իսկ պարտականութեանց մէջ պարտաճանաչ։ Միշտ ներկայ ամէն տեղ, մանաւանդ ամէն կարիքի։ Որպէս տիպար անհատ եւ կրթական արժանաւոր մշակ, ան իր արժանիքներէն լաւագոյնս տուաւ իր աշակերտներուն։ Բոլորը սիրելի էին իրեն համար։
Ապա խօսքը առաւ Սթաւրոսին ընկերներուն կողմէ պրն. Ալպերթոս Թարապուլուս՝ Աթէնքի Հրէական համայնքի Կեդրոնական Խորհուրդին նախագահ։ Ան գործակցութենէն ու փորձառութենէն մեկնելով, գնահատեց Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանը որպէս ժպտերես ու բոլորին անկեղծ բարեկամ անձնաւորութիւն մը.- «Ան գիրք մըն է լեցուն աշխատանքներով ու յաջողութիւններով»։
Բեմ հրաւիրուեցաւ հանգուցեալի կողակիցը տիկ. Ռէկինա Քունիօ։ Ան իր կեանքի քաղցր յիշատակներէն մղուած խօսեցաւ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանին մասին որպէս կողակից եւ ընտանիքի հայր։ Ան յայտնեց, թէ նոյն նկարագրով, նոյն վերաբերմունքով եւ նոյն զգացումներով մարդն էր ան իր տունէն ներս եւս։ Մեր տունէն ետք «Զաւարան» վարժարանն էր անոր երկրորդ տունը եւ ընտանիքը եւ մտահոգութիւնը յայտնեց ան։ Աւարտին տիկ. Ռէկինա Քունիօ իր ընտանիքին կողմէ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իր ամուսնոյն հանդէպ ունեցած սիրոյ, յարգանքին ու գնահատանքին համար։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուչցական կազմին, իր ամուսնոյն նուիրուած յուշ երեկոյի նախաձեռնութեան համար։
Ապա խօսք առաւ Աթէնքի Հրեայ համայնքի ռաբբի Կապրիէլ Նեղրին։ Ան եւս իր կարգին արտայայտեց իր տպաւորութիւնները Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանին հետ ունեցած իր գործակցութեան մասին։ Ան յայտնեց, թէ հանգուցեալին մօտ յարգանքը, գործակցութիւնը եւ բարեկամութիւնը սահման եւ յատուկ դէմքեր չունէին։ Ան իսկական բարեկամ էր բոլորին։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ան յայտնեց, թէ անցեալին Լարիսա քաղաքէն Աթէնք տեղափոխուած երիտասարդ Խաչիկը, անմիջապէս շաղախուեցաւ Աթէնքի հայկական գաղութին կեանքին մէջ։ Առաւել եւս, քիչ ժամանակ անց ան ստանձնեց գաղութին մէջ պատասխանատու պաշտօններ, որոնց մօտեցաւ ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Խաչիկին հետ ունեցած գործակցութեան իր անձնական փորձառութենէն հիմնուած, սկսեալ Թեսաղոնիկէէն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը զինք ներկայացուց որպէս իսկական բարեկամ, կազմակերպող եւ աշխուժ ազգային եզակի անձնաւորութիւն մը։ Ան մեր գաղութային կեանքէն ներս նման էր աղին։ Հոն ուր իր կարիքը կար, ան կը հասնէր, օգտակար կը դառնար եւ աշխատանքը իր աւարտին կը հասցնէր յաջողութեամբ։
Ելոյթի աւարտին, ներկաները այցելեցին վարժարանի վերանորոգուած գրադարանը, որուն նորոգութեան ծախսերը հոգացին սիրելի ուսուցիչ Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանի բարեկամները։
ԹՂԹԱԿԻՑ