ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի­ներ ան­ցած ըլ­լա­լուն՝ ճշգրիտ թուա­կա­նը չեմ յի­շեր: Ե­ղի­շէ պատ­րիար­քի յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի օ­րե­րուն էր: ­Սա­ղի­մա­հայ կեան­քը խռո­վու­թեան մատ­նո­ւած էր՝ տեղ­ւոյն դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն եւ պատ­րիար­քին մի­ջեւ ծայր ա­ռած սուր հա­կադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով: ­Փո­խա­դարձ ա­տե­լու­թիւ­նը հա­սած էր այն աս­տի­ճա­նին, որ պատ­րիար­քը, ըստ իր ը­սա­ծին «ստի­պո­ւած ե­ղած է» փո­ղո­ցի ա­րաբ հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու դի­մե­լու՝ ա­նոնց վստա­հե­լով վան­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը «հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կու­մի մը դէմ»: Ձգ­տո­ւած այդ կա­ցու­թիւ­նը մեղ­մե­լու-հար­թե­լու եւ կող­մե­րը փոխ­հաս­կա­ցո­ղու­թեան մը ա­ռաջ­նոր­դե­լու պար­տա­կա­նու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէմ կը գտնո­ւէի: Ա­հա ա­ռի­թը, ո­րու հա­մար հոն էի: ­Բայց ը­սե­լիքս կապ չու­նի այդ ա­ռի­թին հետ, այլ կապ ու­նի, չեմ գի­տեր քա­նիե­րորդն ըլ­լա­լով, գայ­թակ­ղու­թեան մը եւ ա­ռա­ջար­կի մը հետ:
­Նոյն այդ օ­րե­րուն, ա­հա­ւոր հա­կադ­րու­թեան մէջ էին նաեւ Ե­ղի­շէ պատ­րիարքն ու ­Շա­հէ արք.ը, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ հաշտ ու ներ­դաշ­նակ եւ ի­րա­րու հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կից­ներ ե­ղած էին եւ ան­հա­ւա­նա­կան չէ նաեւ, որ միա­սին հե­ղի­նակ ե­ղած ըլ­լան ան­խոս­տո­վա­նե­լի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու: Ա­նոնց հա­կադ­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւած էր սուր թշնա­ման­քի եւ նոյ­նիսկ հրա­պա­րա­կաւ՝ մա­մու­լի մէջ զի­րար կը պար­սա­ւէին հայ­հո­յան­քի այն­պի­սի գռե­հիկ բա­ռե­րով, զորս մինչ այդ անձս չէր լսած ու ո­րե­ւէ տեղ չէր կար­դա­ցած: ­Գա­ղու­թի խռո­վու­թիւնն ալ պատ­րիար­քը կը վե­րագ­րէր ­Շա­հէ արք.ի հրձի­գու­թեան:
­Չեմ գի­տեր, հին գոր­ծա­կից­նե­րու ի­րա­րու դէմ այդ ո­խե­րիմ թշնա­ման­քը անձ­նա­կան-ենթա­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ ու­նէ՞ր, թէ ոչ: ­Բայց կ’են­թադ­րեմ, թէ քա­ղա­քա­կան հա­շո­ւարկ պէտք է ու­նե­նար:
­Շա­հէ արք. ­Պատ­րիար­քին կող­մէ ամ­բաս­տա­նո­ւած էր ինք­նագ­լուխ, գաղտ­նի, ստո­րագրու­թիւն­ներ կեղ­ծե­լով ու զեղ­ծա­րա­րու­թեամբ հրեա­նե­րուն վա­նա­պատ­կան կա­լո­ւած­ներ վա­ճա­ռած ըլ­լա­լու ծան­րա­գոյն յան­ցան­քով, վտա­րո­ւած էր ան Ե­րու­սա­ղէ­մի միա­բա­նու­թե­նէն եւ կ­՚ապ­րէր իր անձ­նա­կան շքեղ ա­ռանձ­նա­տան (վիլ­լա) մէջ, ուր մտնո­ղը ապ­շա­հար կը մնար հնա­մե­նի ու թան­կար­ժէք ի­րե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը տես­նե­լով: ­Թէ ինչ­պէ՞ս տէր դար­ձած էր նման շքեղ վիլ­լա­յի մը եւ ինչ­պէ՞ս ձեռք ձգած էր այդ­քան ա­ռատ ու թան­կար­ժէք հնու­թիւն­ներ, հա­նե­լուկ մըն էր, ո­րուն պա­տաս­խա­նը միայն ինք գի­տէր…: Ան­կաս­կած որ խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը այդ­քան հարս­տու­թեան տէր չեն դարձ­ներ ոե­ւէ ե­կե­ղե­ցա­կա­նի:
Ա­փիս նա­յե­լով չեմ կրնար գու­շա­կել, թէ ­Շա­հէ արք.ին վե­րագ­րո­ւող վա­ճառք­նե­րուն մա­սին պատ­րիար­քը իս­կա­պէս տե­ղեակ չէ՞ր թէ տե­ղեակ էր: ­Բայց Ե­ղի­շէ-­Շա­հէ թշնա­ման­քի այդ օ­րե­րուն ա­րար աշ­խարհ տե­ղեակ էր, որ մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան կնճռի լուծ­ման ճի­գերն ու քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան խմո­րում­նե­րը մտած էին այն­պի­սի փու­լի մը մէջ, որ քա­ղա­քա­կան դի­տող­ներ, պե­տա­կան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, լրագ­րա­կան շրջա­նակ­ներ խո­րա­պէս կը յու­սա­յին, թէ շատ մօ­տա­լուտ է այ­լեւս ա­րաբ-իս­րա­յէլ ընդ­հա­նուր ու վերջ­նա­կան հաշ­տու­թիւ­նը: Ե­թէ ի­րա­կա­նա­նար այդ հաշ­տու­թիւ­նը, յոր­դա­նա­նեան խստա­գոյն օ­րէն­քը բնա­կա­նա­բար թի­րախ պի­տի դարձնէր ոչ միայն հրեա­յին կա­լուած վա­ճա­ռող անձ(եր)ը, այլ նաեւ ան­հա­ւա­նա­կան չէր սպառ­նա­լիք մը՝ նոյ­նինքն պատ­րիար­քա­րա­նի գո­յու­թեան: Կ’են­թադ­րեմ, թէ վար­չա­գէտ ու կեան­քի մեծ փորձ ու­նե­ցող Ե­ղի­շէ պատ­րիար­քի հա­շուարկ­նե­րուն մէջ նկա­տի առ­նո­ւած պի­տի ըլ­լայ այս պա­րա­գան ալ…: Ու­րեմն, յան­ցան­քը բեռցնել միայն մէկ ան­ձի ու զայն վտա­րել միա­բա­նու­թե­նէն՝ փրկե­լով սե­փա­կան ան­ձը եւ պատ­րիար­քու­թիւ­նը հա­ւա­նա­կան վտան­գէ…:
Ե­րու­սա­ղէմ ժա­մա­նու­մէս մէկ կամ եր­կու օր ետք, պատ­րիար­քին հրա­ւէ­րով ճա­շի հիւ­րը ե­ղայ: ­Միայն եր­կուքս էինք: Լ­սած էի, որ ո­րոշ ժա­մա­նակ ա­ռաջ ու­նե­ցած էր ու­ղե­ղա­յին թե­թեւ խռնում մը եւ ա­պա­քի­նած:
Ով որ ճանչ­ցած է Ե­ղի­շէ պատ­րիար­քը, պի­տի հաս­տա­տէ ին­ծի պէս, որ ան ու­նէր մար­դոց հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու այն­պի­սի ջեր­մու­թիւն, այն­պի­սի ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն եւ «հում» խօս­քի իւ­րա­յատ­կու­թիւն, նաեւ զո­ւարթ խօս­քի վար­պե­տու­թիւն, որ շու­տով հան­գա­մանք­նե­րու անջրպետն ու պաշ­տօ­նա­կա­նու­թիւ­նը կը չքացնէր, բայց եւ կը տի­րա­պե­տէր պա­հին վրայ, իր­մով կը լեցնէր մթնո­լոր­տը եւ պա­հը կը դարձ­նէր այն­քան մտեր­միկ, ան­կեղ­ծու­թեամբ պա­րա­րուած: ­Հի­մա իսկ կը յի­շեմ, թէ ինք­զինքս որ­քան «փոքր» կը զգա­յի իր ներ­կա­յու­թեան, բայց եւ այն­պէս իր ստեղ­ծած պա­հը ին­ծի կու տար հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը, որ ի­րեն ը­սեմ, թէ Ե­ղի­վարդ բա­նաս­տեղ­ծը,- ին­քը,- իր ա­նու­նը պի­տի դրոշ­մէ պատ­մու­թեան մէջ նաեւ իբ­րեւ բա­րե­կար­գիչ պատ­րիարք, ե­թէ իր օ­րով պատ­րիար­քու­թիւ­նը որ­դեգ­րէ ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կամ ա­նոր նման կա­նո­նագ­րու­թիւն մը եւ աշ­խար­հա­կան­ներ եւս մաս­նա­կից դարձ­նէ՝ վան­քի կա­լո­ւած­նե­րուն ու թան­գա­րա­նա­յին հարս­տու­թեան տնօ­րի­նու­մի ու վե­րահս­կո­ղու­թեան գոր­ծե­րուն մէջ: Ա­ւել­ցու­ցի նաեւ, թէ պայ­ման չէ, որ աշ­խար­հա­կան­նե­րը ան­պայ­ման Ե­րու­սա­ղէ­մէն կամ ­Յոր­դա­նա­նէն ըլ­լան, Ս­փիւռ­քի մէջ ձեռն­հաս ազ­գա­յին­ներ շատ կան, ո­րոնք սի­րով պի­տի կա­տա­րեն այդ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր ու թա­փան­ցիկ, քան կրօ­նա­կան կո­չու­մով ե­կե­ղե­ցիին նո­ւի­րո­ւած վա­նա­կան­նե­րը, ո­րոնք զուրկ են շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց փոր­ձա­ռու­թե­նէն:
Տ­պա­ւո­րու­թիւնս այն ե­ղաւ, որ ա­ռա­ջարկս նո­րու­թիւն չէր ի­րեն հա­մար: ­Բայց շատ կարճ լռու­թե­նէ ետք խոս­տա­ցաւ ի­րա­պէս մտա­ծել այդ մա­սին: Ին­ծի թո­ւե­ցաւ, որ լուրջ էր իր խոս­տու­մը: ­Յի­շենք, որ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ էր եւ ար­դէն ու­ղե­ղա­յին խռնում մը ու­նե­ցած էր նա­խա­պէս:
­Կը շա­րու­նա­կեմ են­թադ­րել, թէ այդ խոս­տու­մը իր հիւ­րը գո­հաց­նե­լու պարզ շրթուն­քի ծա­ռա­յու­թիւն մը չէր: Մ­տա­ծե՞ց բա­րե­կար­գիչ ըլ­լա­լու մա­սին, բայց չհա­սա՞ւ ի­րա­գոր­ծե­լու: ­Պա­տաս­խա­նը հե­տը տա­րաւ: Ա­մէն պա­րա­գա­յի ան պատ­մու­թեան մէջ պի­տի յի­շո­ւի իբ­րեւ Ե­ղի­վարդ բա­նաստեղծ պատ­րիարք:
Իսկ պատ­րիար­քու­թիւ­նը ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ մը օժ­տե­լու բա­րե­կար­գու­թեան օ­րա­կար­գը կոտ­տա­ցող վէր­քի մը պէս բաց կը մնայ, ո­րու դար­մա­նու­մը թէեւ շատ դժո­ւար է, բայց ան­կա­րե­լի չէ:

­(Շար. 2 եւ վերջ)
Ա­թէնք, 8 ­Նո­յեմ­բեր 2021