Հ.Կ.­Խա­չի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի 60 տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռի­թով, վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը յու­շա­տետր-ալ­պոմ մը հրա­տա­րա­կեց: ­Յու­շա­տետ­րին մէջ իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ու­նի Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, ուր կը շեշ­տէ վար­ժա­րա­նի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: ­Նաեւ վար­ժա­րա­նի շի­նու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րո­ւած է շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն՝ ­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեա­նին կող­մէ:
­Գիր­քին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած են շրջա­նա­ւարտ­նե­րու նկար­ներ, «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին մէջ հրա­տա­րա­կուած գրու­թիւն­ներ եւ 1962-ին վար­ժա­րա­նի բաց­ման հան­դէ­սին ա­ռի­թով, այն ժա­մա­նա­կի թղթակ­ցու­թիւն­ներ եւ նկար­ներ: Ալ­պո­մի վեր­ջա­բա­նը կա­տա­րո­ւած է վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն­նե­րու՝ ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեա­նի, ­Ռի­քար­տօ Եր­կա­նեա­նի, ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեա­նի եւ ու­սու­ցիչ ­Սո­թի­րի ­Տէ­լիի սրտի խօս­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ՝ վար­ժա­րա­նի 60-ա­մեայ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով:

***

­Վար­ժա­րա­նի 60-ա­մեա­կին ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւած յու­շա­տերտր-ալ­պո­մին մէջ լոյս տե­սած վար­ժա­րա­նի պատ­մա­կա­նը

­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեան
«­Լե­ւոն և ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» Ազգ. ­Վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ

Ա­ւե­լի քան 60 տա­րի ան­ցած է 1962-ի ­Կի­րա­կի 10 ­Յու­նի­սի յետ­մի­ջօ­րէէն, երբ հա­զա­րէ ա­ւե­լի յու­նա­հա­յեր հա­ւա­քո­ւե­ցան բա­կին եւ նո­րա­շէն դպրո­ցի շրջա­պա­տին մէջ, որ կ’ իշ­խէր շրջա­նէն ներս, հե­տե­ւե­լու հա­մար բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան:
«Ար­դեօք տար­բեր բա՞ ն­ ու­նիմ մտքիս մէջ բաց ի ա­զա­տու­թե­նէն ու լե­զո­ւէն»: ­Տիօ­նի­սիոս ­Սօ­լօ­մո­սի այս հան­րա­ծա­նօթ ա­սա­ցո­ւած­քը կը վե­րա­բա­նա­ձե­ւէ յայտ­նի յու­նա­հայ գրա­գէտ՝ ­Բեթ­րոս ­Մար­գա­րիս «­Հայ­կա­կան Տ­պագ­րու­թիւն» գրքի իր նա­խա­բա­նին մէջ ը­սե­լով «ար­դեօք տար­բեր բա՞ ն ու­նիմ մտքիս մէջ բաց ի կրօն­քէն ու լե­զո­ւէն», բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նող եր­կու կռո­ւան­ներ: Ե­թէ ըն­դու­նինք որ կրօն­քը տիե­զե­րա­կան է, միայն լե­զուն կը մնայ որ­պէս ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հիմ­նա­կան կռո­ւան, ա­նոնց հա­մար որ ի­րենց հայ­րե­նի­քէն դուրս կ’ապ­րին: Ու ո­րով­հե­տեւ լե­զու եւ դպրոց նոյ­նա­ցած ի­մաստ­ներ են, դիւ­րաւ հասկ­նա­լի կը դառ­նայ գա­ղու­թա­յին դպրոց­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
Գաղ­թա­կան­նե­րու ­Յու­նաս­տան տե­ղա­ւոր­ման ա­ռա­ջին իսկ տա­րի­նե­րէն հիմ­նո­ւե­ցան հայ­կա­կան դպրոց­ներ: Սկզբ­նա­կան շրջա­նին գոր­ծե­ցին խրճիթ­նե­րու մէջ, ա­ւե­լի վերջ տար­րա­կան սրահ­նե­րու մէջ: 1923-ին հայր ­Կիւ­րեղ ­Զոհ­րա­պեան կո­չո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քէն օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու որբ գաղ­թա­կան­նե­րու հսկայ պէտ­քե­րուն: Ի մի­ջի այ­լոց հայր ­Կիւ­րեղ շի­նեց ­Տուր­ղու­թիի հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցը որ 35 տա­րի հիւ­րըն­կա­լեց թէ ե­րե­խա­նե­րը թէ ալ գա­ղու­թի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։ ­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին 50ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան գա­ղու­թի պայ­ման­նե­րը փո­խո­ւած էին. բնակ­չու­թեան թի­ւը ող­բեր­գա­կան նո­ւա­զում ար­ձա­նագ­րած էր, 1922-ի 80.000 հո­գի­նե­րէն հա­զիւ կը հա­շո­ւէր 10-12.000 հո­գի, քա­նի նա­խոր­դած էին գեր­մա­նա­կան գրա­ւու­մը, մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը, նախ­պա­տե­րազ­մեան եւ 1947-48-ի մեծ ներ­գաղ­թը եւ յետ­պա­տե­րազ­մեան գաղ­թը դէ­պի հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա: Այս­պէս գա­ղու­թի մնա­ցոր­դա­ցը սկսաւ կազ­մա­կեր­պել իր կեան­քը, իր ա­պա­գան տես­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի մէջ: Այս հե­ռան­կա­րով կազ­մա­ւո­րեց գա­ղու­թա­յին կեան­քը, երբ 1957-ին օ­րո­ւան կա­թո­ղի­կէ ­Հո­վո­ւա­պետ ­Յով­սէփ ­Խան­ցեան տե­ղե­կա­ցուց ­Տուր­ղու­թիի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը թէ տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէ­տով մը պէտք էին դպրո­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րը փո­խադ­րել այլ տեղ, քա­նի հաս­տա­տու­թիւ­նը չէր կրնար միա­ժա­մա­նակ գո­հաց­նել թէ՛ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու պա­հանջ­նե­րը, թէ՛ ալ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Ծու­խի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: ­Պէտք էր ու­րեմն փո­խադ­րել դպրո­ցը, շատ դժո­ւար գործ մը, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր վայ­րի մը ընտ­րան­քը ստի­պո­ւած էր գո­հաց­նել շատ խիստ նա­խա­պայ­ման­ներ:
Եր­կար խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ե­ռան­դամ յանձ­նա­խումբ, որ ստանձ­նեց ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը պատ­րաս­տել դպրո­ցի մը կա­ռուց­ման հա­մար: Ա­միս­նե­րու աշ­խա­տան­քէ վերջ յանձ­նա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց իր եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը որ ա­ռա­ջին հեր­թին յու­սալ­քիչ էին: Դ­ժո­ւար էր յար­մար վայր մը գտնել, քա­նի այդ ա­տեն սկսած էր ար­դէն Ա­թէն­քի շի­նա­րա­րա­կան ա­ճը եւ ա­զատ հո­ղա­մա­սե­րը շատ ա­րագ եւ շատ բարձր գի­նե­րով կը վա­ճա­ռո­ւէին:
­Նա­խա­հա­շի­ւը այդ ժա­մանկ­նե­րուն հա­մար ան­հա­սա­նե­լի 1.500.000 տրախ­միի գու­մար մը կը նա­խա­տե­սէր: Եւ մինչ սեւ ամ­պեր պա­տած էին ամ­բողջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, լոյ­սի ճա­ռա­գայթ մը ծա­գե­ցաւ հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ Ֆ­րեզ­նօ քա­ղա­քէն: ­Յանձ­նա­խում­բի կո­չը որ լոյս տե­սած էր Ա­զատ Օր-ի է­ջե­րէն խնդրե­լով ժո­ղո­վուր­դի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, ար­տատ­պո­ւած էր Ֆ­րեզ­նո­յի հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թէն: ­Նախ­կին յու­նա­հայ մը, որ տա­րի­ներ ա­ռաջ Ա­մե­րի­կա գաղ­թած էր, պա­տա­հած էր որ կար­դայ կո­չը եւ, քա­նի մե­ծա­հա­րուստ ու մար­դա­սէր ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեա­նի ըն­տա­նե­կան բա­րե­կամ էր, ա­նոր ցոյց տո­ւաւ կո­չը եւ հա­մո­զեց զինք օգ­նե­լու: ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­ներ էին: ­Մեծ հարս­տու­թեան մը տէր, ա­նոնք ի­րա­գոր­ծած էին բազ­մա­թիւ մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­ներ եւ ներդ­րում­ներ կա­տա­րած սփիւռ­քի շատ մը գա­ղութ­նե­րէ ներս: ­Մինչ ­Լե­ւո­նը ե­րի­տա­սարդ մա­հա­ցած էր, ­Սո­ֆիան շա­րու­նա­կած էր գոր­ծը եւ տրա­մադ­րած գրե­թէ բո­լոր հարս­տու­թիւ­նը նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, դպրոց­նե­րու, որ­բա­նոց­նե­րու եւ չքա­ւոր­նե­րու պատս­պար­ման կեդ­րոն­նե­րու ստեղծ­ման, ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն ին­չի որ պի­տի ա­մո­քէր իր հայ­րե­նա­կից­նե­րը: Ի մաս­նա­ւո­րի մեծ տկա­րու­թիւն ու­նէր դպրոց­նե­րու նկատ­մամբ: Կ’ը­սէր յա­ճախ «վեր­ջին պա­հուն փրկո­ւե­ցայ թուր­քե­րէն շնոր­հիւ գեր­մա­նա­ցի մայ­րա­պետ­նե­րու որ ին­ծի հոգ տա­րին եւ դաս­տիա­րա­կե­ցին զիս. այժմ պար­տա­ւոր եմ իմ հեր­թիս մեր զա­ւակ­նե­րուն դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հո­գալ»: Իր սի­րե­լի ա­մուս­նոյն ­Լե­ւո­նի հան­դէպ պար­տա­ւո­րու­թիւն նկա­տեց օ­ժան­դա­կել ­Տուր­ղու­թիի դպրո­ցի շի­նու­թեան: Ա­տե­նօք ­Լե­ւո­նը յայտ­նած էր ի­րեն որ կը փա­փա­քէր օգ­նել որ­բա­նո­ցի մը կամ դպրո­ցի մը շի­նու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս կ­‘ը­սէր «յոյ­նե­րը որ­պէս եղ­բայր վա­րո­ւե­ցան հա­լա­ծո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, բան մը պէտք ենք ը­նել մենք ալ ­Յու­նաս­տա­նին հա­մար»:
Ու­րախ լու­րե­րը շատ ա­րագ տա­րա­ծո­ւե­ցան Ա­թէն­քի մէջ, խան­դա­վա­ռու­թեան հսկայ ա­լիք մը ստեղ­ծե­լով: ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեա­նի դրած միակ պայ­մա­նը այն էր թէ հո­ղա­մա­սը պէտք էր գնո­ւած ըլ­լալ գա­ղու­թի կեդ­րո­նա­ցու­ցած գու­մար­նե­րով: Իս­կա­պէս տքնա­ջան աշ­խա­տան­քէ ետք հո­ղա­մա­սը գնո­ւե­ցաւ, ո­րուն վրայ կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ դպրո­ցը հոն ուր կը գտնո­ւի այ­սօր: Որ­պէս­զի հասկ­նա­լի դառ­նայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լը կ­‘ար­ժէ ար­ձա­նագ­րել յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն թէ հո­ղա­մա­սը կը պատ­կա­նէր տաս­նե­րեք ի­րա­ւա­տէ­րե­րու, ո­րոնք պէտք էին հա­մա­ձայ­նիլ բո­լորն ալ թէ՛ ա­ռու­ծա­խին թէ՛ ալ վա­ճառ­քի գի­նին: Ա­մե­նա­մեծ խնդիր­նե­րէն մէկն էր որ հարկ էր լու­ծել որ­պէս­զի ամ­բող­ջա­նար ծրագ­րի ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը: ­Վեր­ջա­պէս ար­դիւն­քը գո­հա­ցու­ցիչ ե­ղաւ շնոր­հիւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վա­րող ան­ձե­րուն գեր­մարդ­կա­յին ճի­գե­րուն: 1959-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան դպրո­ցի հիմ­նա­քա­րը դրո­ւե­ցաւ: «­Մայր ­Սո­ֆիա» (այս ա­նու­նը ստա­ցած էր ե­րե­խա­նե­րու նկատ­մամբ իր ու­նե­ցած մեծ սի­րոյն պատ­ճա­ռաւ) 20.000 տո­լար ղրկեց (600.000 տրախ­մի) որ­պէս­զի աշ­խա­տանք­նե­րը սկսին եւ յե­տոյ 10.000 տո­լար եւս (300.000 տրախ­մի) շէն­քի ամ­բող­ջաց­ման հա­մար: Բ­նա­կա­նա­բար պէտք չէ ան­տե­սել ­Տուր­ղու­թիի եւ ընդ­հան­րա­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թի նո­ւի­րու­մը մնա­ցեալ գու­մա­րի կեդ­րո­նաց­ման հա­մար, որ ար­հա­մար­հե­լի չէր. հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին ի­րենց չու­նե­ցա­ծէն տա­լով: Աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տե­ցան 1962-ի գար­նան ու պա­հա­կի պա­րոն ­Ցո­լա­կի փոքր մե­տա­ղէ զան­գը ա­ռա­ջին ան­գամ հնչեց նոյն տա­րո­ւան 11 ­Սեպ­տեմ­բե­րին:
Իս­կա­պէս յու­զիչ օր մըն էր, քա­նի ոչ միայն ծնող­ներ ու ազ­գա­կան­ներ ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ե­րե­խա­նե­րը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մտնէին նոր դպրո­ցի դա­սա­րան­նե­րը: «­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Հայ մա­նուկ­նե­րու դպրո­ցը» որ վար­ժա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան ա­նունն է, ո­չինչ ու­նէր նա­խան­ձե­լիք այդ ժա­մա­նա­կի անձ­նա­կան դպրոց­նե­րէն, մինչ ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն կը գե­րա­զան­ցէր պե­տա­կան դպրոց­նե­րը, քա­նի դա­սա­րան­նե­րուն մէջ կը տրա­մադ­րո­ւէին բնա­գի­տու­թեան, քի­միա­գի­տու­թեան ու մար­դա­գի­տու­թեան օր­կան­ներ, ու­նէր բու­ժա­րան, կո­ղո­վագն­դա­կի դաշտ, մար­զան­քի յա­տուկ վայր, հան­դի­սաս­րահ ո­րուն մէջ բաց ի տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րէն ու ձեռ­նարկ­նե­րէն տե­ղի կ’ ու­նե­նա­յին շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ: Ա­մէն առ­տու ա­շա­կերտ­նե­րուն կը մա­տու­ցո­ւէր տուր­մով կաթ, մինչ ­Գա­րա­կէօ­զեան հաս­տա­տու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ ու կան­խո­րո­շո­ւած յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ դպրո­ցը կ­‘այ­ցե­լէին զա­նա­զան մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու բժիշկ­ներ (ա­տամ­նա­բուժ­ներ, ակ­նա­բուժ­ներ, ախ­տա­բան­ներ) ա­շա­կերտ­նե­րու նա­խազ­գու­շա­կան քննու­թեան հա­մար: Ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան կա­րե­լի է ը­սել թէ ա­մե­նա­յա­ռաջ­դի­մա­կան դպրոց­նե­րէն մէկն էր: ­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն պէտք է յի­շել վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի ձրի օ­ժան­դակ հո­գա­տա­րա­կան դա­սըն­թացք­նե­րը, քա­նի մին­չեւ եօ­թա­նա­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րու կէ­սը նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը քննու­թեանց կ­‘են­թար­կո­ւէին ­Միջ­նա­կարգ անց­նե­լու հա­մար: ­Նոյն­պէս տա­րեշր­ջա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար սե­ռա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան դա­սեր կը տրո­ւէին մաս­նա­գէտ բժիշկ­նե­րէ: Ու տա­կա­ւին վեր­ջին եր­կու դա­սա­րան­նե­րը ա­շա­կեր­տա­կան խոր­հուրդ­ներ կ­‘ընտ­րէին: Այս բո­լո­րը ա­նի­րա­կան կը թո­ւէին ըլ­լալ յու­նա­կան դպրոց­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար: ­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան այլ նաեւ յա­ւե­լո­ւած­ներ եւ բա­րե­լա­ւում­ներ:
­Բո­լոր ա­նոնց գոր­ծը ո­րոնք սա­տա­րե­ցին այս դաս­տիա­րակ­չա­կան հիմ­նար­կի ստեղծ­ման հսկա­յա­կան էր, մա­նա­ւանդ ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք ի­րենց ապ­րած տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րը: ­Հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պա­տա­նի­նե­րու ազ­գա­յին ո­գիի պահ­պա­նումն էր, հա­յոց լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ու­սուց­ման ճամ­բով:
Այն հայ­րե­նա­կից­նե­րը որ 1962-ի 10 ­Յու­նի­սի ջերմ ­Կի­րա­կին հա­ւա­քո­ւե­ցան դպրո­ցին շուրջ, նա­խա­ձեռ­նու­թեան գլխա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­ներն էին, սա­կայն եւ այն­պէս մեզ­մէ ա­ւե­լի տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ չու­նէին, ոչ ալ մեր ու­նե­ցած մի­ջոց­նե­րէն ա­ւե­լի: ­Հա­ւատք ու­նէին սա­կայն, զո­հա­բե­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ տե­սիլք…

Վար­ժա­րա­նի 60-ա­մեա­կին ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւած յու­շա­տերտր-ալ­պո­մին մէջ լոյս տե­սած Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ող­ջոյ­նի գի­րը

Այս հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով

Ա­հա­ւա­սիկ 60 տա­րի­ներ ա­նընդ­հատ կը գոր­ծէ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, ո­րոնց ըն­թաց­քին հայ դպրո­ցի ճա­ռա­գայ­թով լու­սա­ւո­րեց ու կը շա­րու­նա­կէ լու­սա­ւո­րել սե­րունդ­նե­րու հո­գի­ներն ու սրտե­րը, հայ ա­շա­կեր­տին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը գե­րա­դա­սե­լով ա­մէն բա­նէ վեր:
­Ճակ­տի քրտին­քով եւ հո­գիի ու­ժով դպրոց­ներ հիմ­նե­ցին Ե­ղեռ­նէն ա­զա­տած եւ օ­տա­րու­թեան մէջ գաղ­թա­կան դար­ձած մեր մա­միկ­ներն ու պա­պիկ­նե­րը: ­Հայ լե­զուն ու հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն սոր­վեց­նե­լու, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն կեր­տե­լու ու պահ­պա­նե­լու եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­դար դա­տին պա­հան­ջա­տէր դառ­նա­լու ժա­ռան­գը ձգե­ցին ա­նոնք մեր ու­սե­րուն: ­Հայ Դպ­րո­ցը իբ­րեւ «ամ­րոց» կան­գուն պա­հե­լով, ար­ժա­նի կ­՛ըլ­լանք այդ ժա­ռան­գին:
Դպ­րո­ցը հայ պա­տա­նի­նե­րուն ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան հպար­տու­թիւն կը ներշն­չէ, սե­րուն­դը կ՛ ամ­րաց­նէ ազ­նիւ հո­գիով, ստեղ­ծա­գործ մտքով եւ պայ­քա­րու­նակ ո­գիով:
Հս­կայ է դե­րը հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին եւ այդ դե­րին քաջ գի­տակ­ցած է ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ու ըն­տա­նի­քը, ո­րով եւ միու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ­նե­րէն է հա­յակր­թու­թիւնն ու ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը:
Ազ­նիւ բա­րե­րար ­Մայր ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեա­նի նիւ­թա­կան քա­ջա­լե­րան­քով, յու­նա­հայ գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րու վճռա­կամ օ­ժան­դա­կու­թեամբ եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյ­ցի ժիր ջան­քե­րով, հի­մը դրուե­ցաւ 62 տա­րի­ներ ա­ռաջ, Հ.Կ.Խ.ի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րա­նին: ­Հիմ­նար­կէ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1961 ­Մա­յիս 20ին, բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը՝ 1962ի ­Յու­նիս 12ին:
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք բո­լորս անխ­տիր վար­ժա­րա­նի 60ա­մեայ տա­րե­դար­ձը, ո­րուն հա­մար վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւ­նը պատ­րաս­տած է այս գե­ղե­ցիկ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը: ­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ աշ­խա­տե­ցան այս բա­ցա­ռիկ յուշ-ալ­պո­մի կազ­մու­թեան վրայ: ­Յու­շա­տետր-ալ­պոմ մը որ, սե­րունդ­նե­րուն մօտ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը հայ դպրո­ցին հետ, կը վկա­յէ թէ ինչ­պէս՝ հայ ծնող­քը, ու­սու­ցի­չը, ա­շա­կեր­տը եւ ա­մէն մէկ ազ­գա­յին, միաս­նա­բար պա­հած են մեր դպրո­ցը, գուր­գու­րա­ցած ա­նոր վրայ, հոն՝ սե­րունդ­նե­րու նկա­րա­գիր կեր­տած: ­Կը վկա­յէ ան­ցեա­լի մա­սին, ա­պա նաեւ՝ կը զգաս­տաց­նէ ներ­կայ եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­ներս, մե­զի վստա­հո­ւած ժա­ռան­գի մա­սին:
Ո­րո՞ւն միտ­քը չէ մին­չեւ հի­մա, վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու վկա­յա­կա­նի հան­դի­սու­թեանց օ­րը տրո­ւած հրա­ժեշ­տի պատ­գա­մը.- «­Պա­հը հա­սած է որ, իբ­րեւ ա­շա­կերտ­ներ՝ բա­րով եր­թաք մեր դպրո­ցէն, ա­հա այ­սու­հե­տեւ իբ­րեւ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ բա­րի ե­կաք այս յար­կին տակ ազ­գին ծա­ռա­յե­լու»:

­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն