­Գեր­մա­նիոյ մէջ հաս­տա­տո­ւած եւ հա­մա­հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող ­Յու­շա­մա­տեան հաս­տա­տու­թիւ­նը ­Նո­յեմ­բե­րին մէջ պիտի այ­ցե­լէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, յի­շո­ղու­թեան նիւ­թեր հա­ւա­քե­լու հա­մար տե­ղա­ցի հայ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն։ 13 եւ 14 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Յու­շա­մա­տեա­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րը ներ­կայ պի­տի գտնո­ւի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տուա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կը, ուր պի­տի ըն­դու­նին հայ­կա­կան ըն­տա­նե­կան ար­ժէ­քա­ւոր ի­րեր թո­ւայ­նա­ցու­մի հա­մար։
Այս ա­ռի­թով հաս­տա­տու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։
«13 եւ 14 ­Նո­յեմ­բեր 2021-ին, ­Յու­շա­մա­տեա­նի խում­բը պի­տի գտնո­ւի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ուր գոր­ծակ­ցա­բար «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղին՝ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ յի­շո­ղու­թեան նիւ­թեր հա­ւա­քե­լու աշ­խա­տա­նոց մը։
­Յու­շա­մա­տեա­նի վեր­ջին աշ­խա­տա­նո­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ՝ ՝­Նո­յեմ­բեր 2019-ին։ Ան­կէ ետք ա­ւե­լորդ է յի­շա­տա­կել, որ հա­մա­ճա­րա­կը մեր բո­լո­րին կեան­քը տակ­նուվ­րայ ը­րաւ եւ մենք եւս ստի­պո­ւած ե­ղանք դադ­րեց­նե­լու մեր աշ­խա­տա­նոց­նե­րը, ո­րոնք այն­քան կա­րե­ւոր են հան­րու­թեան հետ ուղ­ղա­կի եւ կեն­դա­նի կապ հաս­տա­տե­լու, ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­նե­րու մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լու եւ յի­շո­ղու­թեան ի­րեր թո­ւայ­նաց­նե­լու հա­մար։
­Մեծ ու­րա­խու­թիւն է մե­զի հա­մար այս ընդ­հա­տո­ւած գոր­ծը վերս­տին շա­րու­նա­կե­լը։ ­Յա­ջորդ ա­միս­նե­րուն ա­ռիթ կ­՚ու­նե­նաք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ մեր հա­ւա­քած թան­կա­գին նիւ­թերն ու պատ­մու­թիւն­նե­րը տես­նե­լու մեր կայ­քէ­ջին մէջ։
Այս ա­ռի­թով մեր աշ­խա­տա­կից ­Կա­րին ­Կէօք­ճեան տե­սաե­րիզ մը պատ­րաս­տած է (հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն), ուր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը տրո­ւի աշ­խա­տա­նո­ցին մա­սին։
Ն­շենք որ այս աշ­խա­տա­նո­ցին հո­վա­նա­ւորն է Stiftung Erinnerung, Verantwortung und Zukunft հիմ­նադ­րա­մը»։
­Տե­սա­նիւ­թը կա­րե­լի է դի­տել հե­տե­ւեալ հաս­ցէին վրայ՝

https://www.houshamadyan.org/arm/introduction/videotaran.html?fbclid=IwAR1wwFrQahP7FC_SCkRJysstXRes3QCVv5cHoN2AWov3S1GO4PrzYSHb8