Ա­ջա­պա­հեան ըն­տա­նի­քը, 1922-ի շուրջ։ Նս­տած, ձա­խէն աջ՝ Գ­րի­գոր Ա­ջա­պա­հեան, ­Շու­շան Ա­ջա­պա­հեան (Գ­րի­գո­րի կի­նը, ծնեալ ­Նե­րե­տեան), ­Շու­շա­նի եւ Գ­րի­գո­րի գիր­կե­րը նստած են ի­րենց զա­ւակ­նե­րը՝ Հ­ռիփ­սի­մէ եւ Ան­ձի­նէ, ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեան (90 տա­րե­կան), ­Վառ­վառ Ա­ջա­պա­հեան (­Մատ­թէո­սի կի­նը, ծնեալ Ա­բար­թեան), ­Զա­րու­հի Ա­ջա­պա­հեան, ­Վառ­վա­ռի եւ ­Զա­րու­հիի առ­ջեւ կանգ­նած եր­կու ե­րե­խա­նե­րը հայ որ­բեր են՝ Գ­րի­գոր եւ Ա­լիս, ո­րոնք որ­դեգ­րո­ւած էին Ա­ջա­պա­հեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ։ Ոտ­քի, ձա­խէն աջ՝ Աբ­րա­համ ­Կէօք­ճեան (նոյն­պէս Ա­ջա­պա­հեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած պա­տա­նի մը), ­Կի­րա­կոս Ա­ջա­պա­հեան, ­Լուսն­թագ Ա­ջա­պա­հեան։

Ծ.Խ.- Ինչ­պէս ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, 2019-ին «­Յու­շա­մա­տեան» հաս­տա­տու­թիւ­նը, որ կը զբա­ղի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րած­քին հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հետ­քե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ, ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, «­Յու­շա­մա­տեան»ի գի­տաշ­խա­տող­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նաս­տան եւ մեծ թի­ւով թան­կար­ժէք պատ­մա­կան հա­ւա­քա­ծո­ներ եւ ի­րեր լու­սան­կա­րե­ցին , ո­րոնք ար­դէն կը ներ­կա­յա­ցո­ւին հաս­տա­տու­թեան կայ­քէ­ջի վրայ։
­Ներ­կայ թի­ւով կը հրա­տա­րա­կենք ­Կի­լի­կիոյ նշա­նա­ւոր Ա­ջա­պա­հեան գեր­դաս­տա­նին հետ կա­պո­ւած պատ­մա­կան ի­րե­րու եւ հո­գե­ւոր սպաս­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը։ ­Սոյն հա­ւա­քա­ծոն նո­ւի­րո­ւած է Ան­թի­լիա­սի գան­ձա­տան եւ մաս կը կազ­մէ հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ բազ­մա­դա­րեայ պատ­մու­թեան։
«­Յու­շա­մա­տեան»ի կա­տա­րած կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յայտ­նա­բե­րած պատ­մա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մա­սին կա­րե­լի է կար­դալ www.houshamadyan.org կայ­քին մէջ։

­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեա­նի ըն­տա­նի­քը ­Սի­սէն է։ ­Մատ­թէո­սի եղ­բայ­րը ­Կի­լի­կիոյ եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կոս ­Կի­րա­կոս Բ Ա­ջա­պա­հեանն էր (ծնած 1823-ին)։
Ա­ջա­պա­հեան գեր­դաս­տա­նը յայտ­նի ա­նուն էր ­Սի­սի մէջ։ Այս ըն­տա­նի­քէն սե­րած ի­նը ան­ձեր յա­ջոր­դա­բար բազ­մած են ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սա­կան ա­թո­ռին վրայ՝ 1731-էն մին­չեւ 1866։ Այս շար­քէն վեր­ջինն էր ­Կի­րա­կոս Բ-ը, որ կա­թո­ղի­կո­սի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ 1855-էն 1866։ Ա­ջա­պա­հեան ա­նու­նը կը ստու­գա­բա­նո­ւի իբ­րեւ «աջ» եւ «պահ». ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ըն­տա­նի­քին յանձ­նո­ւած էր Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջին մա­սունք­նե­րը պա­հե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
­Կի­րա­կոս Բ.ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ­Սի­սէն ե­րեք ե­րի­տա­սարդ­ներ ­Պո­լիս կ­՚ու­ղար­կո­ւին տեղ­ւոյն ­Շահ­նա­զա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ (­Խաս­գիւղ Hasköy) ա­շա­կեր­տե­լու հա­մար։ ­Կա­թո­ղի­կո­սին նպա­տակն էր ­Սի­սը օժ­տել անհ­րա­ժեշտ մտա­ւո­րա­կան մար­դու­ժով տե­ղա­կան դպրոց­ներ հիմ­նե­լու հա­մար։ ­Պո­լիս ղրկո­ւած այս ա­շա­կերտ­նե­րէն մէկն էր ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեան՝ ­Կի­րա­կոս Բ.ի եղ­բայ­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ ­Մատ­թէո­սի ըն­տա­նի­քին մէջ պա­հո­ւած նիւ­թերն են, ո­րոնք կը ներ­կա­յա­ցո­ւին այս է­ջով։
1920-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը Ա­ջա­պա­հեան ըն­տա­նի­քը կը գտնենք Իզ­մի­րի մէջ։ Ա­նոնք շատ հա­ւա­նա­բար ­Կի­լի­կիան ձգած էին երբ տեղ­ւոյն ֆրան­սա­կան գրա­ւեալ ու­ժե­րը ո­րո­շում ա­ռած էին քա­շո­ւե­լու այս տա­րած­քէն եւ ա­նի­կա յանձ­նել քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Իզ­մի­րը այդ ժա­մա­նակ յու­նա­կան բա­նակ­նե­րուն կող­մէ գրա­ւո­ւած էր։ ­Բայց այս­տե­ղէն ալ շու­տով յոյ­նե­րու եւ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին գաղթ մը ծայր պի­տի առ­նէր դէ­պի ­Յու­նաս­տան, երբ յու­նա­կան բա­նակ­նե­րը պար­տու­թիւն կը կրէին թրքա­կան ու­ժե­րէն։
Այս­պէս, 1922-ին, ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեա­նի ըն­տա­նի­քը կը գաղ­թէ ­Յու­նաս­տան։ ­Ճամ­բոր­դա­կան ան­ցա­գի­րին լու­սան­կա­րը ցոյց կու տայ, թէ ­Յու­նաս­տան գաղ­թող Ա­ջա­պա­հեան այս ըն­տա­նի­քը կազ­մո­ւած էր 12 ան­դամ­նե­րէ։ ­Հոս էին ար­դէն իսկ 90 տա­րե­կան դար­ձած ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեա­նը եւ կի­նը՝ ­Վառ­վառ Ա­ջա­պա­հեա­նը (ծնեալ Ա­բար­թեան, 65 տա­րե­կան), ա­նոնց որ­դի­նե­րէն Գ­րի­գոր Ա­ջա­պա­հեա­նը (40 տա­րե­կան) եւ կի­նը՝ ­Շու­շա­նը (ծնեալ ­Նե­րե­տեան), ­Լուսն­թագ Ա­ջա­պա­հեա­նը եւ ­Կի­րա­կոս Ա­ջա­պա­հեա­նը։
Ըն­տա­նի­քը սկիզ­բը ա­պաս­տան կը գտնեն ­Խիոս կղզին։ Ա­պա հոս­կէ կը տե­ղա­փո­խո­ւին Ա­թէնք։ Այս բո­լոր տե­ղա­փո­խում­նե­րուն եւ գաղ­թե­րուն ըն­թաց­քին ի­րենց հետ կը տա­նին նաեւ ըն­տա­նե­կան եւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան գան­ձեր. կոն­դակ, ճար­մանդ, կնիք, պա­տա­րա­գի զգեստ, մե­տա­ղեայ դրամ, լու­սան­կար, ճամ­բոր­դա­կան եւ կա­լո­ւա­ծա­յին վա­ւե­րա­թուղթ, ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թեան ձե­ռա­գիր մա­տեան մը, ե­ւայլն։
­Յու­նաս­տա­նէն սկսեալ ըն­տա­նի­քը կը սկսի սփռուիլ ողջ աշ­խար­հի մէջ։ Այս­պէս, մէկ ճիւ­ղը կը մեկ­նի ­Հա­յաս­տան, ու­րիշ մը՝ Ֆ­րան­սա եւ ճիւղ մըն ալ՝ ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա։
Այս նիւ­թե­րը եր­կար ժա­մա­նակ պա­հո­ւած են Ար­մե­նու­հի ­Պաղ­ճեա­նի (ծնեալ Ա­ջա­պա­հեան) քով։ Ան ծնած է Ա­թէնք, բայց հե­տա­գա­յին գաղ­թած է Ար­ժան­թին։
Ա­թէնք կա­տա­րած իր յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին կը ծա­նօ­թա­նայ Ա­թէն­քի, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի (­Ֆիքս) շրջա­նի Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ՝ Տ. ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի։ ­Հա­մա­ձայ­նու­թիւն կը գո­յա­նայ Ար­մե­նու­հիի քով գտնո­ւող նիւ­թե­րը յանձ­նե­լու ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ տե­ղադ­րե­լու կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի թան­գա­րա­նին մէջ (Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան)։
Ծ­րա­գի­րը կ­՚ի­րա­կա­նա­նայ 2004-ին, երբ ­Տէր ­Նա­րե­կը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ե­րէց­կի­նին՝ ­Լու­սի Օն­նի­կեան-­Շա­հի­նեա­նին, ​կը հան­դի­պին ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա.ին եւ մե­ծար­ժէք այս նիւ­թե­րը կը յանձ­նո­ւին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ան­ձամբ։
Ըն­տա­նե­կան այս հա­ւա­քա­ծո­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն նիւ­թե­րէն են եր­կու ձե­ռա­գիր տետ­րակ­ներ։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը աշ­խա­տու­թիւն մըն է, որ կը կո­չո­ւի «Ազ­գա­բա­նու­թիւն Ա­ջա­պա­հեանց ազ­նիւ գեր­դաս­տա­նին»։ ­Հե­ղի­նակն է Ա­ռա­քել Ա եւ գրո­ւած է ­Սի­սի մէջ, 1865-ին։ Եր­կու ձե­ռա­գիր­նե­րը կը բաղ­կա­նան մօտ 70 է­ջե­րէ եւ գրո­ւած են գրա­բար հա­յե­րէ­նով։
Նիւթերու ամբողջական հաւաքածոն կարելի է դիտել հետեւեալ յղումին.-

https://www.houshamadyan.org/arm/oda/middleeast/achabahiancollection.html