Հինգշաբթի՝ 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 1 Դեկտեմբեր Աթէնք գտնուեցաւ հանրածանօթ Յուշամատեան միութեան գիտաշխատողներու խումբը, գլխաւորութեամբ Վահէ Թաշճեանի։ Տարիներ առաջ կազմուած Յուշամատեանը, ճամբայ ելած է լուսանկարելու եւ ի մի հաւաքելու համար Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն ժառանգութիւն մնացած հայերու ազգագրական, հասարակական, համայնքային, մշակութային, առտնին, անձնական եւ առօրեայ կեանքի բոլոր նմոյշները, իրերը եւ յուշերը, որոնք պահուած կը մնան ընտանիքներու եւ հաստատութիւններու մօտ։
Յունաստանի «Համազգային» հայ մշակութային եւ կրթական միութեան ու «Արմենիքա» պարբերաթերթի գործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ 4 աշխատանոցներու եւ զեկուցական երեկոներու շարք մը, որոնց ընթացքին ժողովուրդի արձագանգը եւ հետաքրքրութիւնը աւելիով գոհացուց կազմակերպիչները եւ Յուշամատեանի խումբը։
Հաւաքները տեղի ունեցան Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբէն եւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, նախ երկու շարունակական ներկայացումներով, որոնց ընթացքին Վահէ Թաշճեան պատշաճ կերպով ներկայացուց Յուշամատեանի աշխատանքները եւ բարձր որակի ու հարուստ պարունակութեամբ կայքէջը, որ մատչելի է բոլոր հետաքրքրուողներուն համար եւ ցոյց կու տայ այն հսկայական եւ կարեւոր աշխատանքը, որ կատարուած է Յուշամատեանի գիտաշխատողներուն կողմէ։ Երկու հրապարակային հաւաքներուն ներածական խօսքով հանդէս եկան Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Գուին Մինասեան։
Յաջորդական երկու աշխատանոցներու ընթացքին, աւելի քան 40 հայրենակիցներ ընդառաջեցին «Համազգային»ի եւ «Արմենիքա»ի կոչին ու Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրին մեծ թիւով արժէքաւոր յուշ-իրեր, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ քաղաքներէն ու գիւղերէն փրկուած՝ ժառանգ մնացած էին իրենց նախնիներէն եւ ընտանեկան հարազատներէն։ Արդիւնքը աւելիով գոհացուց Յուշամատեանի գիտաշխատողները, որ իրենց Աթէնք ացելութեամբ կարողացան ձեռք բերել մեծ թիւով իւրայատուկ եւ բարձր արժէք ունեցող իրեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք բծախնդրութեամբ լուսանկարուեցան եւ մաս պիտի կազմեն Յուշամատեանի արդէն հարուստ հաւաքածոյին։ Նշենք նաեւ, որ այս աշխատանքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, որ սատարեց լուսանկարումի եւ պատճէնահանումի աշխատանքներուն։
Նաեւ, նախապատրաստական աշխատանքներուն իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Հայկան Մինասեան:
Յուշամատեանի խումբը նաեւ այցելեց Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին եւ լուսանկարեց Կէլիպոլի «Ս. Թորոս» եկեղեցիէն փրկուած պատմական եկեղեցական սպասները։
Յուշամատեանի աշխատանոցներու աւարտին, «Ազատ Օր» զրոյց մը ունեցաւ Վահէ Թաշճեանին հետ, որ իր խոր տպաւորութիւնները եւ գնահատանքը յայտնեց եղած աշխատանքին համար։ Ան ի միջի այլոց ըսաւ.-
«Երկու օրերու վրայ երկարող աշխատանոցը Յուշամատեանի մինչեւ այսօր կազմակերպած ձեռնարկներէն ամէնէն յաջողներէն, ինչու չէ նաեւ՝ ամէնէն յաջողն էր։ Այնքան հարուստ էին հաւաքուած նիւթերը, թէ՛ իբրեւ յիշողութեան առարկաներ եւ թէ՛ իբրեւ ընտանեկան պատմութիւններ։ Ընտանիքներու անդամներու հետ այս հանդիպումներուն ընթացքին եւ անոնց ընտանեկան վկայութիւններուն ընդմէջէն այնքան յստակօրէն կարելի է տեսնել, որ Յունաստանը գաղթական հայութեան համար եղած է նոր սկիզբի մը առաջին կայանը, այնպէս ինչպէս Հալէպը եղած է Միջին Արեւելքի հայութեան համար։ Օսմանեան կայսրութենէն բռնագաղթած տասնեակ հազարաւոր հայերու համար Յունաստանով ծայր կ՚առնէ Սփիւռքեան կեանքը։ Շատեր հետագային Յունաստան չեն մնացած, բայց իրենց համար Սփիւռքի առաջին փուլը, վերականգնելու, խմբուելու, նոր կեանք մը սկսելու առաջին կայանը Յունաստանն է։ Այս իմաստով ալ հայկական իրականութեան մէջ Աթէնքը (վստահաբար նաեւ Թեսաղոնիկէն) մայր գաղութ կոչուելու ամէն պատճառ ունի։
Յունաստան հասնողները եթէ մեծ մասամբ արդի Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներէն ընտանիքներու վերապրող անդամներ եղած են, բայց հոս կան նաեւ — ինչպէս նկատեցինք մեր աշխատանոցին ընթացքին — յատկապէս Կիլիկիոյ շրջանէն, ինչպէս նաեւ արեւելեան նահանգներէն եկած հայեր։ Այս իմաստով ալ Յունաստանի հայութեան յիշողութիւնը բազմաշերտ է եւ հարուստ։
Հետաքրքրական երեւոյթ էր տեսնել նաեւ, թէ որքան վառ մնացած է ընտանեկան յիշողութիւնը այսօրուայ շառաւիղներուն մէջ։ Մեր զրուցակիցները ընդհանրապէս երկրորդ կամ երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ էին։ Երբ կը վերյիշէին իրենց ընտանիքին ուղին՝ Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Յունաստանի առաջին երկու-երեք տասնամեակը, շատեր կը պատմէին այնպիսի յուզումով, որ կարծէք դէպքերուն եւ դէմքերուն ժամանակակիցներ ըլլային։ Այս մթնոլորտը կրնամ ըսել իւրայատուկ է. հայկական տարբեր համայնքներու մէջ այսպիսի բազմաթիւ աշխատանոցներ վարած եմ, բայց առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած եմ այսքան մեծ թիւով մարդոց որոնք սերտօրէն կապուած են իրենց նախնիներու յիշողութեան։ Այս մէկը անշուշտ գործս ալ կը դիւրացնէր, քանի որ կը բաւէր որ ճիշդ հարցումները հարցնէի, անկէ ետք զրուցակիցներս ամէն ինչ կը պատմէին, թէ՛ իրենց ընտանիքին մանրապատմութեան մասին եւ թէ իրենց տուներուն մէջ պահուող յիշողութեան առարկաներուն մասին։
Յոյսով եմ որ մօտիկ ապագային կը կրկնենք այսպիսի ձեռնարկ մը Աթէնքի մէջ եւ կը կազմակերպենք աշխատանոց մը այս անգամ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Հիմա արդէն, Աթէնքի մէջ ունինք գործընկեր կազմակերպութիւններ՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթը եւ «Համազգային»ը, որոնց գոյութիւնը մեծապէս կը դիւրացնէ մեր գործը։ Աթէնքի մեր աշխատանոցը կազմակերպուեցաւ երկու կառոյցներուն հետ գործակցաբար. համոզուած եմ որ աշխատանոցին յաջողութեան բուն պատճառներէն մէկն ալ այսպիսի աշխուժ գործընկերներ ունենալն էր»։