«­Յու­շա­մա­տեան-Ծ­րա­գիր» միու­թիւ­նը այս շա­բաթ կ­՛այ­ցե­լէ Ա­թէնք:
­Կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­լոյթ­նե­րը կը տա­րա­ծո­ւին չորս օ­րո­ւան վրայ.-
Ա­ռա­ջին եր­կու ե­րե­կո­նե­րը՝ Հինգ­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ, ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի լու­սա­բա­նեն հան­րու­թիւ­նը «­Յու­շա­մա­տեան»ի նպա­տա­կին եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, զե­կոյ­ցով եւ պատ­կե­րասփ­ռու­մով:
­Նոյն ա­տեն, պի­տի դի­մո­ւի հա­մայն­քի հա­յու­թեան, որ հե­տե­ւող օ­րե­րուն բե­րո­ւին նա­խա-ե­ղեռ­նեան կեան­քէն մնա­ցած ըն­տա­նե­կան յի­շա­տակ-ի­րեր, նկար­ներ եւ փաս­տա­թուղ­թեր, նկա­րո­ւե­լու / ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար տեղ­ւոյն վրայ:
Ար­դէն տա­րի­նե­րէ ի ­վեր հան­րու­թեան տրա­մադ­րո­ւած է միու­թեան բաց կայ­քէ­ջը www.houshamadyan.org, ուր տեղ կը գտնեն բո­լոր յի­շա­տակ-ի­րե­րը, դա­սա­ւո­րո­ւած եւ բա­ցատ­րո­ւած:
­Կայ­քէ­ջը ա­ռա­ջին պատ­կեր մը կու տայ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, ինչ­պէս եւ ա­նոր նպա­տա­կին, այ­սինքն՝ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ճամ­բով վե­րա­կանգ­նել-պահ­պա­նել Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յե­րու կեան­քի յի­շո­ղու­թիւ­նը. ա­նոնց պատ­մու­թիւ­նը՝ ըն­կե­րա­յին թէ ա­ռօ­րեայ, բար­բառ­նե­րը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թը…: Այս բո­լո­րը՝ ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րու, լու­սան­կար­նե­րու, հին ֆիլ­մե­րու, գիր­քե­րու, թեր­թե­րու, նա­մակ­նե­րու եւ այլ ձե­ռա­գիր­նե­րու ձե­ւի տակ:
Ա­ռաջ­նա­հերթ այս աշ­խա­տան­քի կող­քին, զե­կոյց­նե­րը պի­տի անդ­րա­դառ­նան նաեւ գոր­ծու­նէու­թեան այլ ե­րես­նե­րու, հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րու՝ գի­տա­կան հա­մա­գու­մար­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, մաս­նա­գի­տա­կան հրատա­րա­կու­թիւն­ներ:
Այս վեր­ջին մար­զին մէջ, ար­դէն քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ կազ­մո­ւած եւ լոյս ըն­ծա­յո­ւած է ա­ռա­ջին ճոխ եւ բո­վան­դա­կա­լի ու­սում­նա­սի­րա­կան հա­տոր-ալ­պոմ մը («Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յու­թիւ­նը — կեանք, մշա­կոյթ, ըն­կե­րա­յին կա­ռոյց», ­Պեր­լին, 2014):
Ըն­թա­ցիկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէ ան­դին գա­ցող, նպա­տա­կով եւ գործ դրո­ւած մե­թոտ­նե­րով մե­ծա­պէս շա­հե­կան այս ձեռ­նարկ­նե­րուն՝ կ­՛ակն­կա­լո­ւի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քի հա­յու­թեան, անխ­տիր՝ ա­նոր բո­լոր տա­րի­քի ան­դամ­նե­րուն. ըլ­լա՛յ յի­շա­տակ-ի­րե­րու տրա­մադ­րու­մի հա­մար, ըլ­լա՛յ գօ­րակ­ցա­կան այլ քայ­լե­րու, սկսած՝ սոս­կա­կան ներ­կա­յու­թե­նէ:

 

Ա. Դասախօսութիւն

Հինգշաբթի՝ 28 Նոյեմբեր 2019, ժամը 20։30ին

Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ:

Բացման խօսք՝ Յարութիւն Քիւրքճեան:

Պիտի դասախօսէ՝ Վահէ Թաշճեան «Յուշամատեան ծրագիրը» նիւթով:

 

Բ. Դասախօսութիւն

Ուրբաթ՝ 29 Նոյեմբեր 2019, ժամը 20։30ին

Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոն

Բացման խօսք՝ Գուին Մինասեան:

Պիտի դասախօսէ՝ Վահէ Թաշճեան «Յուշամատեան ծրագիրը» նիւթով:

 

Ա. Աշխատանոց

Շաբաթ՝ 30 Նոյեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 11:00էն 18:00

Աշխատանոց (յուշ-իրերու հաւաք) Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբ

 

Բ. Աշխատանոց

Կիրակի՝ 1 Դեկտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 11:00էն 18:00

Աշխատանոց (յուշ-իրերու հաւաք) Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոն