Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն (դռնփակ)
Չորեքշաբթի՝ 6 Յունուար 2021-ի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն առիթով, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, մասնակցութեամբ տեղւոյն եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն եւ դպիրներուն։ Ս. պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդին մասին քարոզեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ջրօրհնէք։ Յաջորդ օր, Մեռելոցի օրուան առիթով, հայր սուրբը գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ազգ. գերեզմանատունը՝ կատարելու գերեզմանօրհնէք բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամի ընթերցում (դռնփակ)
Կիրակի՝ 9 Յունուար 2021-ի առաւօտեան ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, մասնակցութեամբ տեղւոյն եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հրամանով եւ Կրօնական ժողովի որոշումով, փոխան քարոզի, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի պատգամը՝ 2021 տարին հռչակելով «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։
Հոգեհանգիստ՝ հոգելոյս Մեղրիկ եպս.
Բարիքեանի վախճանման առթիւ (դռնփակ)
Կիրակի՝ 17 Յունուար 2021-ի առաւօտեան, ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հրամանով եւ Կրօնական ժողովի որոշումով, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց միաբաններէն՝ հոգելոյս Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանման առթիւ հոգեհանգիստ։ Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սրբազան հօր բարեմասնութիւններուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ