«Հակառակ իրագործուող ջանքերուն` կացութիւնը կը վատթարանայ. Ատրպէյճան վտանգաւոր խաղ կը խաղայ»
Յունական քաղաքական 15օրեայ «Էփիքէրա» պարբերաթերթը 31/3-13/4, 2017ի իր թիւին երեք էջերուն վրայ հրատարակած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հարցազրոյցը, որ տրուեցաւ խմբագիրներ Եանիս Ծործիսի եւ Տիմիթրիս Սթեպիլիի, Արցախի նախարարին Աթէնք այցելութեան օրերուն։
Պատասխանելով երկու խմբագիրներու այն հարցումին, թէ «կը հաւատա՞ք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը պիտի սատարէ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման», պրն. նախարարը դիտել կուտայ, թէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը շատ տարբեր է Միջին Արեւելքէն, ուր եւս հարցերու լուծումը կը հետապնդուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Հակառակ սակայն տարուող ջանքերուն, Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջ տուող լուծում չի յաջողուիր գտնել, բայց ոչ միջնորդներու անկարողութեան պատճառով։ «Մենք այն դժուար կացութեան մէջ ենք, ուր մէկ կողմը ամէն ճիգ կը գործադրէ, դժուարութիւններ յարուցելու եւ տապալելու համար որեւէ ձեւի համաձայնութիւն»,- կ՚ըսէ նախարարը, ապա՝ ամփոփ պատմականը կը կատարէ Միսնքի Խմբակի ստեղծման պայմաններուն եւ անոր առաքելութեան։ «Այսուհանդերձ՝ հակառակ իրագործուող ջանքերուն՝ կացութիւնը կը վատթարանայ։ Ականատեսները կը դառնանք շարունակաբար ընդարձակուող լարուածութեան։ Կը տեսնենք, թէ բոլոր առաջարկները կը մերժուին։ Մեր դիմագրաւած հիմնական հարցը եւ ուրիշ երկիրներու հարցերէ մեր ունեցած տարբերութիւնը այն է, թէ Արցախը ներառուած չէ միջնորդական գործին մէջ։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել ձեզի, թէ մինչեւ 1997 թուական, մեր երկիրը գործօն մասնակցութիւն ունէր միջնորդական ամբողջ գործընթացին մէջ, բայց Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառով՝ դուրս դրուեցաւ։ Ատրպէյճան կը շարժի՝ լուսարձակի տակ բերելով իր քաղաքական թիրախները եւ իր թղթածրարները հետապնդելով, խաղաղական գործընթացը լիովին ետ ձգելով»։
Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի դերակատարութեան շուրջ հարցումի մը պատասխանելով՝ Կարէն Միրզոյեան դիտել կու տայ, թէ «Ռուսաստան միշտ ազդեցիկ ներկայութիւն պիտի շարունակէ ըլլալ տարածաշրջանէն ներս։ Կը հաւատամ, թէ այնպիսի մթնոլորտ կրնանք ստեղծել մեր տարածաշրջանէն ներս, ուր նոյնիսկ հին երկիրներ, տարբեր քաղաքական հետապնդումներով ու տարբեր տեսակէտներով, կրնան հասարակաց կէտի մը շուրջ յանգիլ, եւ համագործակցութեամբ հետապնդել հարցերը։ Այս ի զօրու է նաեւ Ատրպէյճանի համար։ Անձնապէս կը հաւատամ, թէ նման մօտեցում շատ վճռորոշ է, ոչ միայն Ղարաբաղի կամ Հայաստանի, այլ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն եւ համաշխարհային ապահովութեան համար»։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Թրամփի ընտրութեան եւ անոր կապուած քաղաքականութեան շուրջ հարցումի մը պատասխանելով՝ պրն. նախարարը կ՚ըսէ, թէ նոր ղեկավարութեան մը գոյութիւնը նորութիւններ ալ կը բերէ իր հետ։ Միաժամանակ, սակայն, արտաքին քաղաքականութեան հարցերու շուրջ մօտեցումները ընդհանրապէս նոյն գիծերուն վրայ կը պահպանուին։ «Արցախի ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու, ինչպէս նաեւ միջնորդական գործին մէջ դրական դերակատարութիւն վերցնելու Ամերիկայի նախկին ղեկավարութեանց քայլերը մեծապէս ողջունելի էին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որոշումով է արդէն, որ ամէն տարի մարդասիրական օժանդակութիւն կը ղրկուի Ղարաբաղ եւ այս օժանդակութեան շնորհիւ կարելի եղած է վերականգնել կառոյցներ, լուծել մարդասիրական հարցեր։ Եւ անշուշտ պատրաստակամ ենք նոյն ուղղութեամբ աշխատելու, Ա.Մ.Ն.ի որեւէ ղեկավարութեան հետ»։
Տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ եւ Իրանի դերակատարութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով՝ Կարէն Միրզոյեան լուսարձակի տակ կը բերէ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութիւնը, անոր վարած միակողմանի քաղաքականութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի, կրօնական եւ ազգային տուեալներու բերումով։ «Դժբախտաբար որեւէ լուրջ հեռանկար չեմ տեսներ Թուրքիոյ կողմէ, դրական դերակատարութեան մը շուրջ։ Թուրքիոյ որդեգրած քայլերը ոչ միայն չեն ապահովեր շրջանէն ներս ապահովութեան կայացումը, այլ կը վտանգեն ու յաւելեալ մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն մեր բոլորին համար։ Ընդհակառակը, Իրան, տարիներու տեւողութեան ընթացքին, միշտ փաստած է արժանահաւատ գործընկեր մը ըլլալու հանգամանքը, թէ՛ քրիստոնեայ Հայաստանի, թէ՛ իսլամական Ատրպէյճանի համար՝ փորձելով օգտակար հանդիսանալ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման»։
Այլ հարցումներու եւս պատասխանելով՝ պրն. նախարարը կը խօսի Ղարաբաղ այցելելու այն դժուարութիւններուն մասին, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ շարունակաբար կը յարուցուին, Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներու դէմ հալածանքներով, մարդասիրական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ ներկայացուցչութիւններու մերժումով, Ինթերփոլին մօտ դիմումներով, որոնք անշուշտ ապարդիւն կ՚անցնին, բայց յայտնի կը դարձնեն Ղարաբաղը մեկուսացած պահելու Ատրպէյճանի փորձերը։
Վերջապէս, Յունաստան այցելութենէն ակնկալիքներուն մասին խօսելով՝ Կարէն Միրզոյեան կը շեշտէ Արցախի շուրջ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու առիթին մասին՝ վստահեցնելով, թէ Ղարաբաղը հեռու գտնուող երկիր մը կրնայ ըլլալ, սակայն անկասկած՝ Եւրոպայի մաս կը կազմէ, ժողովրդավարութեան ու արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուելով։ «Մեր ժողովուրդը արժանի է Եւրոպան յատկանշող նոյն ազատութիւնները եւ նոյն սկզբունքները իրագործելու։ Երախտապարտ պիտի ըլլայի, եթէ Եւրոպական ազգերը անդրադառնային, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ու իրենց երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն կամ հեռաւորութիւն չկայ։ Միակ տարբերութիւնը՝ այն բոլոր ազատութիւններն ու առանձնաշնորհումներն են, որ եւրոպացի բոլոր քաղաքացիները կը վայելեն, տուեալ նկատելով զանոնք, մինչ եւրոպական փոքրիկ երկիր մը ստիպուած է պատերազմելու նոյն այս սկզբունքներուն համար։ Այս է մեր միակ տարբերութիւնը…»։