Յարութ Սասունեան
9էն 10 Յուլիս, 2021ին Ատրպէյճանի բռնապետական կառավարութիւնը քարոզչական գայթակղիչ պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի բռնագրաւուած Շուշի եւ Հատրութ՝ օտարերկրացի դեսպաններուն «հպարտօրէն» ցոյց տալու իր բարբարոսական յարձակումը Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան վրայ եւ շրջանի հայկական ամէնէն սուրբ տաճարներէն մէկուն իր ձեռքով մասնակի աւերումը։
Ներկայացնելէ առաջ ցուցակը՝ նշեալ այցելութեան մասնակցած դեսպաններու երկիրներուն, որոնք այսպիսով բացայայտեցին իրենց թշնամանքը Հայաստանի նկատմամբ, կարեւոր է նշել, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, որոնք մաս կը կազմեն արցախեան հակամարտութեան լուծման Մինսքի միջնորդներու խումբին, մերժեցին մասնակցիլ այս խեղկատակութեան, բան մը, որ մեծապէս զայրացուց Ատրպէյճանի կառավարութիւնը։ Այսպիսով, Մինսքի խումբը ցոյց տուաւ, որ շահագրգռուած չէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի որոշ տարածքներու բռնագրաւման հանդիսաւոր ցուցադրմամբ։ Հակառակ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած բազմաթիւ յայտարարութիւններուն՝ Մինսքի խումբը Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չի նկատեր: Նշեալ երեք մեծ երկիրներու բացակայութիւնը այս քարոզչական պտոյտէն ապտակ է՝ նետուած Ատրպէյճանի կառավարութեան դէմքին:
Ահա՛ այն 46 երկիրները, որոնք անամօթաբար մասնակցեցան դէպի Շուշի քաղաք այս գայթակղիչ այցելութեան. Աֆղանիստան, Ալճերիա, Աւստրիա, Պելառուս, Պելճիքա, Պրազիլ, Պուլկարիա, Չիլի, Չինաստան, Քոլումպիա, Խորվաթիա, Էսթոնիա, Վրաստան, Յունաստան, Հունգարիա, Իրան, Իրաք, Իսրայէլ, Իտալիա, Ճափոն, Յորդանան, Ղազախստան, Լաթվիա, Լիպիա, Լիթվանիա, Մալէյժիա, Մեքսիքա, Մարոք, Հոլանտա, Փաքիստան, Պաղեստին, Լեհաստան, Քաթար, Ռումանիա, Սէուտական Արաբիա, Սերպիա, Սլովաքիա, Հարաւային Քորէա, Սուտան, Շուէտ, Զուիցերիա, Տաճկաստան, Թուրքիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ուքրանիա եւ Վենեզուելլա: Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունին 63 այլ երկիրներու օտարերկրացի դեսպանատուներ. այս կը նշանակէ, որ 17 դեսպաններ մերժած են մասնակցիլ քարոզչական այցելութեան, ներառեալ Արժանթին, Քուպա, Եգիպտոս, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա եւ Հնդկաստան՝ ի լրումն Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու:
Այն երկիրները, որոնք մասնակցած են ատրպէյճանական պտոյտին, պէտք է խստագոյնս քննադատուին եւ դատապարտուին համայն հայութեան կողմէ: Աւելի՛ն. այդ երկիրներուն մէջ ապրող հայկական համայնքները պէտք է խստօրէն արտայայտեն իրենց անհամաձայնութիւնը: Երեւանի մէջ պէտք է ցոյցեր կազմակերպուին այդ երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ եւ բողոքի նամակներ յղուին անոնց համապատասխան կառավարութիւններուն:
Անշուշտ, այս պտոյտին ամէնէն ամօթալի մասնակիցը Յունաստանի դեսպանն է. երկիր մը, որ ենթադրաբար պէտք է ըլլայ Հայաստանի բարեկամը: Բացի Հայաստանին դաւաճանելէ, Յունաստան խախտեց նաեւ իր շահերն ու սկզբունքները՝ մասնակցելով այս գայթակղիչ պտոյտին: Յունաստանի դեսպանը կարծես մոռցած ըլլայ, որ անցեալ տարի արցախեան պատերազմի ամէնէն տաք շրջանին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Երեւան՝ ցոյց տալու համար իր երկրին զօրակցութիւնը՝ Հայաստանի: Ինք նաեւ մոռցած պէտք է ըլլայ վիրաւորական եւ ոչ դիւանագիտական այն խօսքերը, զորս նախագահ Ալիեւ օգտագործեց իրեն դէմ՝ երբ Պաքուի մէջ իր հաւատարմագրերը կը յանձնէր անոր:
Ես ուրախ եմ, որ յունական լրատուական միջոցները եւ Յունաստանի հայկական համայնքը կոշտ արձագանգեցին երկրի դեսպանին Շուշի կատարած չափազանց աղէտալի այցին եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին կոչ ըրին ներկայանալու խորհրդարան`բացատրութիւն տալու համար: Պաքուի մէջ Յունաստանի դեսպանը արդեօք ստացա՞ծ է իր կառավարութեան համաձայնութիւնը Շուշի կատարած իր այցելութենէն առաջ, յայտնի չէ։ Եթէ ստացած է, ուրեմն աւելի մեծ գայթակղութիւն մըն է, որ կը հասուննայ։ Այսուամենայնիւ, եթէ Յունաստանի դեսպանը մինչեւ Շուշի իր այցը չէ՛ ստացած իր երկրին համաձայնութիւնը այդ մասին, բան մը, որ քիչ հաւանական է, ուրեմն, պէտք է որ շուտով ան ազատ արձակուի իր պաշտօնէն…
Յունաստանին իր երախտագիտութիւնը յայտնելու փոխարէն, Ատրպէյճան անարգական վերաբերում ցուցաբերեց անոր նուաստացուցիչ գործողութեան՝ խորհրդարանական իր առաջին պատուիրակութիւնը ուղարկելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած, այսպէս կոչուած՝ Հիւսիսային Կիպրոսի Հանրապետութիւն, որ ճանչցուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ: Տեղեկութիւններ կան, որ Ատրպէյճան շուտով կրնայ ճանչնալ Հիւսիսային Կիպրոսի պետականութիւնը: Եթէ այսպիսի բան պատահի, ապա Յունաստան պէտք է որ Երեւանի իր դեսպանը անմիջապէս Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ ղրկէ եւ յայտարարէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը: Ա՛յս կ’ըլլայ միակ միջոցը, որով Յունաստան կրնայ հատուցել իր դեսպանին անխոհեմ քայլը եւ պատշաճ պատասխանը տալ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի ճանաչման:
Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի բողոքին առընթեր, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբերը եւս նմանատիպ բողոքներ ներկայացուցած են իրենց կառավարութիւններուն: Բողոքներ պէտք է ներկայացուին նաեւ մասնակից միւս երկիրներու, մասնաւորապէս Աւստրիոյ, Պրազիլի, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Վրաստանի, Իրանի, Իրաքի, Իսրայէլի, Իտալիոյ, Յորդանանի, Լաթվիոյ, Լիթվանիոյ, Մեքսիքայի, Լեհաստանի, Քաթարի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելլայի կառավարութիւններուն։
Ուրախ եմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարութիւնները յայտարարութիւններ տարածեցին՝ դատապարտելով Պաքուի մէջ օտարերկրացի դեսպաններու Շուշի այցելութիւնը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացարձակապէս անընդունելի կը գտնէ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, որոնց շարքին՝ Հատրութ եւ Արցախի պատմական կեդրոն՝ Շուշի քաղաքը, որոնք ենթարկուած են ցեղային զտումներու, իսկ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ իրագործուած են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ զանգուածային ոճրագործութիւններ»։ Ընդգծուեցաւ, որ նմանատիպ ձեռնարկներ կազմակերպելով՝ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն օրինականացնել Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուած յարձակողապաշտութիւնը եւ ամրապնդել պատերազմը ուժի կիրառմամբ լուծելու սեփական պնդումները», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ նաեւ այդ դեսպաններուն յանձնեց բողոքի գրութիւն՝ ուղղուած իրենց կառավարութիւններուն:
Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ այցելելու փոխարէն, Պաքու գտնուող օտարերկրացի դեսպանները պէտք է միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս գային՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը՝ սուրիացի ահաբեկիչներ արցախեան պատերազմին մէջ ներգրաւելու, ռազմական յանցագործութիւններ եւ ցեղային զտումներ կատարելու, հայկական կրօնական եւ պատմական յուշարձաններ ոչնչացնելու եւ հայ ռազմագերիները պատերազմի աւարտէն 10 ամիս ետք եւս գերութեան մէջ պահելու համար՝ խախտելով միջազգային oրէնքի չափանիշները, ինչպէս նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը:
Հայաստանի քաղաքացիները ամէն առիթով պէտք է յիշեցնեն Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրացի դեսպաններուն՝ Ատրպէյճանի իրենց գործընկերներուն Շուշի այցելութեան անընդունելի մասնակցութեան մասին։ Նմանապէս, Հայաստանը նախատող դեսպաններուն երկիրները ապրող հայերը պէտք է որ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեն իրենց կառավարութիւններուն: Շարունակելով բողոքել ընդդէմ այս այցելութեան, հայերը կ’ապահովեն այն, որ ասկէ ետք այդ երկիրները եւ անոնց դեսպանները Ատրպէյճանի մէջ աւելի լուրջ կը մտածեն՝ Ատրպէյճանի նախաձեռնած քարոզչական այլ տեսակի գործողութիւններուն մասնակցելու գծով իրենց համաձայնութիւնը տալէ առաջ։
Միակ պատշաճ պատասխանը Ատրպէյճանի քարոզչական գործողութիւններուն այն կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրացի դեսպաններու համար պտոյտ կազմակերպէ դէպի Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ: Արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը կը համարձակի՞ նման քայլ կատարել եւ կը յաջողի՞ զայն իրականացնել: Այսուամենայնիւ, նախքան նման նախաձեռնութիւն մը ծրագրելը, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան պէտք է որ նշանակէ արտաքին գործոց նոր նախարար, որուն աթոռը թափուր մնացած է երկու ամիսէ ի վեր:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»