«EURO-2020» եւ­րո­պա­կան մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, ե­րէկ, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 11 ­Յու­նի­սի գի­շե­րը, Ա­թէն­քի Ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ոտ­նագն­դա­կի հա­ւա­քա­կա­նը մրցե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի խում­բին դէմ եւ դուրս ե­կաւ յաղ­թա­նա­կով։
­Կա­նու­խէն, մեծ թի­ւով հայ մար­զա­սէր­նե­րը՝ ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րով, փու­թա­ցած էին մար­զա­դաշտ, զօ­րակ­ցե­լու հա­մար հայ­րե­նի խում­բին։
­Հայ մար­զա­սէր­նե­րու խան­դա­վառ կան­չե­րը, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­գոյն դրօշ­նե­րու ծա­ծա­նու­մը, տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած էին մար­զա­դաշ­տէն ներս, քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար հայ մար­զիկ­նե­րու խա­ղար­կու­թիւ­նը։
Ա­ռա­ջին կի­սա­խա­խին, ­Հա­յաս­տա­նը ա­ռաջ ան­ցաւ 2 կէ­տե­րով (­Կա­րա­պե­տեան 8’­ եւ ­Ղա­զա­րեան 34’)։ Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին, յու­նա­կան խում­բէն` ­Զէ­քա կէտ մը նշեց (54’)։ ­Հա­յաս­տան նա­խա­յար­ձակ ըլ­լա­լով, ­Բար­սե­ղեան նշեց 3րդ ­կէ­տը (74’)։ Ա­ւե­լի ուշ՝ յոյն մար­զիկ ­Ֆոր­թու­նիս նշեց յու­նա­կան խում­բի 2րդ ­կէ­տը (87’)։
­Հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նի յաղ­թա­նա­կը` 2-3 ար­դիւն­քով, հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռեց ­Հա­յաս­տա­նի մար­զա­սէր ժո­ղո­վուր­դին ու բնա­կա­նա­բար՝ յու­նա­հա­յու­թեան, որ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ յոյ­սով սպա­սեց ­Հա­յաս­տա­նի յաղ­թա­նա­կին։