Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստագոյն ձեւով դժգոհութիւն արտայայտած է, մեկնաբանելով թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած հաղորդումները, թէ Քուրանը պիտի ընթերցուի Պոլսոյ Այիա Սոֆիայի յունական պատմա
կան եկեղեցւոյ մէջ, Ռամազանի ընթացքին (6 Յունիսէն սկսեալ, մինչեւ 5 Յուլիս ժամանակամիջոցը)։
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակները «յետամնաց եւ անհասկնալի» բնորոշած են այս արարքը դիտել տալով, թէ «յարգանքի բացակայութիւն է կրօնական կոթողներու հանդէպ»։
TRTի կողմէ նախապէս յայտարարուած լուրին կապակցութեամբ՝ քննադատական կեցուածքով հանդէս եկած է ընդդիմադիր Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը դիտել տալով, թէ Այիա Սոֆիա Ուղղափառ եկեղեցւոյ յաւերժական խորհրդանիշ է, որ համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Այս փաստը յարգուած է թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ, որոնք միայն թանգարային գործունէութիւն վերապահած են եկեղեցւոյ։
Այսուհանդերձ, Քուրանի ընթերցման նախատեսումը փաստօրէն մզկիթի պիտի վերածէ եկեղեցին, առաջին անգամ ըլլալով, 80 տարուայ ժամանակաշրջանէ ետք։