Հինգշաբթի, 23 Յունիսին, Յունաստանի Փաթրաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ պետական բարձր մակարդակի հանդիպում մը, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ յատուկ յուշագիր՝ երեք երկիրներու Սփիւռքներու միջեւ գործակցութեան առնչութեամբ։
Հայկական կողմէն ներկայ էր Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Յունաստանի կողմէ Սփիւռքի հարցերու փոխնախարար Անտրէաս Քացանիոթիս, իսկ Կիպրոսի կողմէ Մարդասիրական եւ Սփիւռքի հարցերու նախագահական յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիու։
Ստորագրուած յուշագիրին համաձայն, երեք երկիրները յանձն կ՚առնեն միասնաբար աշխատելու Հայոց եւ Պոնտացիներու ցեղասպանութիւններուն միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ յառաջ պիտի տանին Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի ապօրինի գրաւման հարցի միջազգային դատապարտման խնդիրը։
Յուշագիրի նախաբանին մէջ նշուած են Յունաստանի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ պատմական բարեկամական յարաբերութիւնները, առաւել շեշտուած են անոնց մշակութային եւ կրօնական ամուր կապերը։ Զուգահեռ, յուշագիրը կ՚ընդգծէ կարեւորութիւնը զարգացնելու եռակողմ գործակցութիւն սփիւռքեան ոլորտին մէջ, քանի որ երեք երկիրներն ալ կը յատկանշուին զօրաւոր Սփիւռքներու առկայութեամբ աշխարհի տարածքին։
Յուշագիրին մէջ տեղ գտած են 9 յատուկ կէտեր, որոնք կը բնորոշեն գործակցութեան դաշտն ու բնոյթը՝ յատկապէս Սփիւռքի մասին տեղեկութիւններու եւ փորձառութեան փոխանակման շրջագիծէն ներս, այլ նաեւ ազգային հիմնահարցերու առաջադրման ուղղութեամբ։ Այս ծիրէն ներս նախատեսուած են յատուկ նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին է եռակողմ համաժողովի մը կազմակերպումը Հայաստանի մէջ։
Հանդիպումը հիւրընկալող երկրի՝ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէաս Քացանիոթիս յայտնեց, թէ երեք երկիրները ունին հարուստ պատմութիւն եւ զօրաւոր մշակութային կապեր, որոնք առաւել կ՚ամրապնդուին երեք ազգերու ուղղափառ հաւատքով։ Ըստ նախարարին, ոչ մէկը կրնայ ժխտել, որ երեք երկիրները ունին զգալապէս շատ գործուն Սփիւռք, որ կը գործէ նաեւ քաղաքական կակուղ ուժի հնարաւորութիւններով, որոնք կարելի է ի գործ դնել հասարակաց շահերու ձեռքբերման համար։ Նաեւ, ան տեղեկացուց, թէ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Երեւանի մէջ։
Վերջապէս, յոյն փոխնախարարը շեշտեց, որ Յունաստան, Հայաստան եւ Կիպրոս կը պահեն նոյն արժէքները եւ կտրած են նոյնանման ուղի մը պատմութեան ընթացքին։ Դժբախտաբար, ընդգծեց ան, երեք երկիրներուն համար գոյութիւն ունի դրացի պետութիւն մը, որ իր քաղաքականութիւնը կը բանեցնէ ուժի միջոցով։ «Դրացի մը, որ կ՚երազէ անցեալին անկում կրած կայսրութիւններ, դրացի մը՝ որ ոչ միայն երկխօսութիւնը կը մերժէ, այլ կը սպառնայ։ Դրացի մը, որ չի հաւատար երկիրներու համագոյակցութեան, այլ կը հետապնդէ իր միայնակ տիրապետութիւնը տարածաշրջանին մէջ», յատկանշականօրէն ըսաւ ան։
Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտարարեց, թէ այսօր՝ Երկուշաբթի, 27 Յունիսին, Աթէնք կը ժամանէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական մակարդակի վրայ։