­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ կանգ­նե­լու նպա­տա­կով, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 2 ­Յու­նո­ւար 2020ին, ­Յու­նաս­տան, ­Կիպ­րոս եւ Իս­րա­յէլ միջ­պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը պի­տի կնքեն, որ առն­չո­ւած է «EastMed» ու­ժա­նիւ­թի խո­ղո­վա­կա­շա­րի գոր­ծա­ծու­թեան հետ։
­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի մամ­լոյ գրա­սե­նեա­կէն տա­րա­ծո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը կը նշէ, թէ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի կնքո­ւի 2 ­Յու­նո­ւա­րին, Ա­թէն­քի մէջ՝ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քի­սի, ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գահ Ն. Ա­նաս­թա­սիա­տի­սի եւ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ Պ. ­Նէ­թա­նիա­հո­ւի կող­մէ։ Ան­մի­ջա­պէս ետք, պի­տի յա­ջոր­դէ Ի­տա­լիոյ ստո­րագ­րու­թիւ­նը ա­նոր տակ։ Ն­շենք, որ 21 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քիս հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ ու­նե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին հետ։ Եր­կու զրու­ցա­կից­նե­րը քննե­ցին տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­պա­հո­վու­թեան հար­ցե­րը վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ, ո­րոնք կապ ու­նին ­Թուր­քիոյ եւ ­Լի­պիա­յի զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հետ։ ­Կիպ­րա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն հա­մա­ձայն, ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան շար­ժում­նե­րը ­Լի­պիոյ հետ ա­րա­գա­ցու­ցին հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կնքու­մը, որ նա­խա­պէս՝ կարգ մը խո­չըն­դոտ­նե­րու պատ­ճա­ռով չէր յա­ռա­ջա­ցած։ ­Չորս եր­կիր­նե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցան շրջան­ցել այդ հար­ցե­րը եւ ամ­բող­ջաց­նել կա­զա­տար խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռու­ցու­մը։ Լ­րագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, Իս­րա­յէլ եւ Ի­տա­լիա պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցոյց տո­ւած են զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ ­Յու­նաս­տա­նին, ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ կե­ցո­ւած­քին դի­մաց, կա­պուած նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն թուրք նա­խա­գա­հը կաս­կա­ծի տակ ա­ռաւ ­Յու­նաս­տա­նի ծո­վա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը Է­գէա­կա­նի մէջ։
Աղ­բիւր­նե­րը կը նշեն, թէ Իս­րա­յէլ պատ­րաստ է վճա­րել կա­զա­տա­րի շի­նու­թեան ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը, իսկ կարգ մը մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տու­ներ ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ցոյց տո­ւած են «East Med» խո­ղո­վա­կա­շա­րի շի­նու­թեան ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը ստանձ­նե­լու հա­մար։