Ուր­բաթ, 28 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց Ա­մե­նա­պա­տիւ ­Տէր ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Պատ­րիար­քը հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Պէյ­րու­թէն հա­սաւ ­Յու­նաս­տան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պետ­րոս արք. ­Մի­րիա­թեա­նի, ­Պատ­րիար­քի քար­տու­ղար ­Նա­րեկ վրդ. Մ­նո­յեա­նի, Ե­րի­տա­սար­դա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րամ վրդ. Աբ­րա­հա­մեա­նի, ­Պատ­րիար­քա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կի աշ­խա­տա­կից ­Շար­պէլ ­Պաս­թու­րիի եւ «­Թէ­լէ ­Լու­միէր-­Նուր­սաթ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին կա­յա­նի անձ­նա­կազ­մին:
Ա­թէն­քի օ­դա­կա­յա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու սրա­հին մէջ ա­նոր ըն­դու­նե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովրդա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ս. Էջ­միած­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Խո­րէն վրդ. Ա­ռա­քե­լեան, յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Թէոք­լի­տոս ե­պիս­կո­պո­սը, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Գեր­մա­նիոյ ­Լա­տին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ ­Րաֆ­ֆի վրդ. ­Սա­գա­յեան, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Լի­բա­նա­նի դես­պա­նա­տան քար­տու­ղար ­Ղա­տի ­Խու­րի, ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան, Ա­թէն­քի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ են­թա­յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ­Մա­նո­ւէլ ­Պէ­լէ­քեան։
­Պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու սրա­հին մէջ, Ա­մե­նա­պա­տիւ ­Հո­գե­ւոր ­Տէ­րը ընդգ­ծեց հե­տե­ւեա­լը. «­Յու­նաս­տան կու գամ որ­պէս ուխ­տա­ւոր, կու գամ որ­պէս­զի վկա­յեմ ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին։ Այս հայ­րա­պե­տա­կան պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը կը վե­րա­հաս­տա­տէ հա­րիւր տա­րի­ներ ա­ռաջ այս երկ­րին մէջ մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­մա­տա­ցու­մը: ­Մեր Ե­կե­ղե­ցին կառ­չած կը մնայ իր հա­ւատ­քին ու իս­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն՝ հա­կա­ռակ բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն. հե­տե­ւա­բար ե­կայ որ­պէս ուխ­տա­ւոր մը, որ կը կա­րօ­տի ա­նոնց հա­ւատ­քին, եւ չեմ կրնար նկա­րագ­րել ա­նոնց խոր հա­ւատ­քը»: Ա­պա ­Հո­գե­ւոր ­Տէ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք նպաս­տե­ցին այս հայ­րա­պե­տա­կան պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան յա­ջո­ղու­թեան։
Ա­պա, ան ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րան եւ ե­կե­ղե­ցի, ուր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան կա­տա­րո­ւե­ցաւ կա­նո­նա­կան ա­ղօթք եւ ար­տա­սա­նո­ւե­ցան բա­րի գալս­տեան խօս­քեր։ ­Պա­տաս­խա­նե­լով, ­Հո­գե­ւոր ­Պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեա­նին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն շքեղ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, որ ցոյց տո­ւաւ ա­նոնց բա­րի սիրտն ու սէ­րը Ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ: Ան յայտ­նեց, թէ իր այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է՝ վե­րա­հաս­տա­տել Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­նոնց կող­քին, եւ թէ հա­կա­ռակ ծանր պայ­ման­նե­րուն, ­Հո­գե­ւոր ­Տի­րոջ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ սի­րոյ, ծա­ռա­յու­թեան եւ յոյս սփռե­լու նո­ւի­րա­կան գործն է: Ան նաեւ գնա­հա­տեց ա­նոնց խոր հա­ւատքն ու սերտ կա­պը Ե­կե­ղեց­ւոյ հետ:

Ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն

­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան, Ա­մե­նա­պա­տիւ ­Հո­գե­ւոր ­Պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ «Ս. Գ­րի­գորր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեգ­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ խաչ­քա­րի բաց­ման ե­լոյթ։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող կա­թո­ղի­կէ օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բազ­մա­թիւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­քին, մաս­նա­կից դար­ձան ­Պետ­րոս արք. ­Մի­րիա­թեան եւ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, իսկ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կար­գին էին ­Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը Սր­բա­զան հայ­րը, Ս. Էջ­միած­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, «Ա­զատ Օր»-ը եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու կա­ռա­վա­րիչ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ­Հո­գե­ւոր պե­տին եւ ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ա­րա­րո­ղու­թեան: Ան նաեւ ընդգ­ծեց ­Հո­գե­ւոր ­Տի­րոջ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, անդ­րա­դառ­նա­լով ա­նոր դրա­կան նշա­նա­կու­թեան, որ յոյս եւ ա­պա­ւէն կը շնոր­հէ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն հա­մար:
Այ­նու­հե­տեւ, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տը իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ իր հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ խօ­սե­ցաւ հայ եւ յոյն դա­րա­ւոր կա­պե­րուն մա­սին, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր ի­րենց պտղա­բեր ար­դիւն­քը կու տան։
«­Չենք կրնար չյի­շել Ապ­րի­լեան այս օ­րե­րը, երբ բա­րեշ­նորհ եւ ար­դա­րա­միտ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը կը բե­րեն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնց ­Հայ­րե­նի­քը այ­սօր են­թա­կայ է ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րուն ու ռազ­մա­կան ար­հա­ւիրք­նե­րուն:
­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը 1996 թո­ւա­կա­նին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ինչ­պէս նաեւ եղ­բայ­րա­կան ու հա­ւա­տա­կից յոյն ժո­ղո­վուր­դը ցայ­սօր եւ այ­սու­հե­տեւ իր ա­ղօթ­քը կը բարձ­րաց­նէ առ Աս­տո­ւած՝ յի­շե­լով հա­մօ­րէն աստ­ղա­հոյ­լը նա­հա­տակ­նե­րուն:
Հ­ռո­մի Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը՝ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը, 12 Ապ­րիլ 2015-ին, իր քա­րո­զին մէջ, ի­րա­ւա­ցիօ­րէն ա­նո­ւա­նեց ­Հա­յաս­պա­նու­թիւնն «20-րդ ­դա­րուն ա­ռա­ջին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»:
­Սա­կայն, սրտցա­ւով հաս­տա­տե­լու ենք, թէ ան միա­կը չմնաց: ­Յա­ջոր­դե­ցին այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ: ­Հա­մայն մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քը պար­տա­ւոր է դա­տա­պար­տել հի­նե­րը՝ այս­պէս կան­խե­լով եւ թոյլ չտա­լով նո­րե­րը…», շեշ­տեց ­Հո­գե­ւոր ­Պե­տը։
Իր հայ­րա­կան խօս­քը ա­ւար­տեց հե­տե­ւեալ մաղ­թան­քով. «­Գօ­տեպն­դո­ւած ­Տի­րոջ խօս­քով՝ մենք կը յի­շենք թէ՛ յոյն եւ թէ՛ հայ նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք մար­տի­րո­սա­ցան ի սէր ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին եւ ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան:
­Հուսկ, մեր խօս­քը կ­՚ա­ւար­տենք վաղք­րիս­տո­նէա­կան նշա­նա­ւոր աս­տո­ւա­ծա­բան ­Տեր­տու­ղիա­նո­սի այս ու­ղիղ սահ­մա­նու­մով. «­Հիմն Ե­կե­ղեց­ւոյ է ա­րիւն նա­հա­տա­կաց»:
Վս­տահ ենք, թէ միա­տեղ ու հա­մե­րաշխ ապ­րե­լով՝ մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն նա­հա­տակ քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն ա­րիւ­նը կը մնայ այն սնու­ցող ա­ւի­շը, որ մեզ պի­տի պա­հէ յա­րու­ցեալ ­Տի­րոջ փրկա­րար ու յա­ւեր­ժաց­նող Ա­ջին հո­վա­նիին տակ: Ա­մէն»:

­Խաչ­քա­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն

Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր երթ դէ­պի կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «­Խան­ցեան» պար­տէ­զը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու եւ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին թա­փօ­րին ընդ­մէ­ջէն, ­Կա­թո­ղի­կէ ­Պե­տը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ­խաչ­քա­րի ա­րա­րո­ղու­թեան վայ­րը։
­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու հնչու­մէն ետք, գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Ա­թէն­քի նո­ւա­գա­խում­բը հրամ­ցուց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ծա­նօթ եր­գեր, տպա­ւո­րե­լով ներ­կա­նե­րը։ Հ­րա­ւի­րո­ւե­ցաւ «Ա­ւե­տիս» պա­րա­խում­բը, որ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Շու­շա­նիկ ­Սե­մեր­ճեա­նի, ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու փունջ մը, ո­րոնք խան­դա­վա­ռե­ցին հայ եւ օ­տար հան­դի­սա­տես­նե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, գե­րա­պայ­ծա­ռը անդ­րա­դար­ձաւ ­խաչ­քա­րի բաց­ման նշա­նա­կու­թեան, որ կը խորհր­դան­շէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մար­տի­րո­սա­ցած նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ Ան նաեւ նշեց, թէ այ­սու­հե­տեւ, ա­մէն տա­րո­ւան 28 Ապ­րի­լին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­րա­րո­ղու­թիւն խաչ­քա­րին առ­ջեւ, յի­շե­լով եւ յար­գե­լով մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րը։
­Խաչ­քա­րի բաց­ման հա­մար, գե­րա­պայ­ծա­ռը հրա­ւի­րեց ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. ­Հո­գե­ւոր ­Տէ­րը, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեա­նը, կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն տիկ. Ա­նա­հիտ ­Ֆու­րուն­ճեա­նը եւ խաչ­քա­րի նո­ւի­րա­տու ­Հայկ եւ ­Յա­րու­թիւն Ա­ճէ­մեան­նե­րը։ ­Բո­լո­րը միա­սին կա­տա­րե­ցին խաչ­քա­րի ու ա­նոր պա­տո­ւան­դա­նի բա­ցու­մը, ո­րուն վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած էր նաեւ կար­տի­նալ Ա­ղա­ճա­նեա­նի մէկ խօս­քը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ վա­րե­ցան մո­մեր եւ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ յա­տուկ մո­մա­կա­լի մը վրայ, խորհր­դան­շե­լով նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րու­մի ո­գին։
Ե­րե­կոն վերջ գտաւ ժո­ղովր­դա­յին հիւ­րա­սի­րու­թեամբ, իսկ հո­գե­ւո­րա­կան դա­սը ե­ղաւ ընթ­րի­քի հիւ­րը Ա­մե­նա­պա­տիւ ­Հո­գե­ւոր ­Պե­տին։

Այ­ցե­լու­թիւն Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան

­Յու­նաս­տան կա­տա­րած իր հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, ­Շա­բաթ 29 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Պատ­րիար­քը եւ իր շքա­խում­բը այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան եւ ըն­դու­նո­ւե­ցան ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նին ու հո­գե­ւոր դա­սուն կող­մէ։ Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօթք, ա­պա Սր­բա­զան հայ­րը բա­րի գալս­տեան խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հո­գե­ւոր ­Պե­տի ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան։
­Կա­թո­ղի­կէ պե­տը, իր կար­գին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, քա­հա­նայ հայ­րե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, ա­նոնց եղ­բայ­րա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, որ կ­՚ար­տա­ցո­լայ եր­կու Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ջերմ ու սերտ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը:
Ա­ղօթ­քի ա­ւար­տին, եր­կու կող­մե­րը յու­շա­նո­ւէր­ներ փո­խա­նա­կե­ցին, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շրջե­ցան ու ծա­նօ­թա­ցան ա­նոր պատ­մու­թեան եւ հնա­մե­նի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն:

­Դափ­նեպ­սա­կի զե­տե­ղում

­Շա­թաբ, 29 Ապ­րի­լին, ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Պատ­րիար­քը դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի կող­մէ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղե­ցին Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեան եւ Ա­րա ­Գի­րա­զեան։
­Հա­յոց սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու հա­մար բարձ­րա­ցած ա­ղօթ­քին, ­Հո­գե­ւոր ­Տի­րոջ կ­՚ըն­կե­րա­նա­յին ­Գե­րա­պայ­ծար Յ. ­Պէ­զա­զեան, ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պետ­րոս արք. ­Մի­րիա­թեան, ­Պատ­րիար­քի քար­տու­ղար ­Նա­րեկ վրդ. Մ­նո­յեան, Ե­րի­տա­սար­դա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րամ վրդ. Աբ­րա­հա­մեան, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ան­դամ­ներ։