­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Յու­նաս­տա­նի վրայ վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ծա­ւա­լած գրգռու­թիւն­նե­րը ա­հա­զանգ հնչե­ցու­ցած են Ա­թէն­քի մէջ։ ­Յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դի­մած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան լուրջ քայ­լե­րու, սան­ձե­լու հա­մար թրքա­կան շար­ժում­նե­րը ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի տա­րած­քին, մինչ ­Էվ­րո­սի սահ­ման­նե­րուն վրայ կի­րար­կուած յա­ւե­լեալ մի­ջոց­նե­րը նպա­տակ ու­նին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու սահ­ման­նե­րէն ներս Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած բռնի թա­փան­ցու­մի նոր փոր­ձե­րուն։
Այս հար­ցը օ­րա­կար­գի նիւթ դար­ձաւ վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քի­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ Է. ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ յստակ դար­ձու­ցին, թէ ­Յու­նաս­տան պատ­րաստ է ա­մէն գնով պաշտ­պա­նե­լու իր ի­րա­ւունք­նե­րը։
Թր­քա­կան կե­ցո­ւած­քին դի­մաց, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցոյց տո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նին, նկա­տի առ­նե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի սահ­մա­նա­գի­ծը նաեւ Եւ­րո­պա­յի սահ­ման է, ուր ան­ցեալ ­Մար­տին տե­ղի ու­նե­ցան բուռն փա­խում­ներ գաղ­թա­կան­նե­րու հսկայ ա­լի­քին եւ յու­նա­կան ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րուն մի­ջեւ, ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծա­ծո­ւած գաղ­թա­կան­նե­րու խա­ղա­քար­տով։
­Կը սպա­սո­ւի, որ 18 եւ 19 ­Յու­նի­սին, վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քիս ­Թուր­քիոյ գրգռու­թիւն­նե­րու հար­ցը պի­տի ներ­կա­յացնէ Եւ­րո­պա­յի ղե­կա­վար­նե­րու գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վին։ Եր­կու օր ա­ռաջ, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Պո­րել կոչ ուղ­ղեց ­Թուր­քիոյ դադ­րեց­նե­լու իր ա­պօ­րի­նի ա­րարք­նե­րը եւ յի­շե­ցուց, որ ­Միու­թեան «Ար­տա­քին հար­ցե­րու խոր­հուր­դը» ար­դէն խիստ ու­ղերձ մը ղրկած է ­Թուր­քիոյ։
Իր կող­մէն, յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ի­տա­լիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի հետ, սահ­մա­նե­լու հա­մար ծո­վա­յին տնտե­սա­կան գօ­տի­նե­րու տա­րածք­նե­րը ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Կա­րե­ւոր կը նկա­տո­ւի նաեւ Ի­տա­լիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Տի ­Մա­յօի այ­ցե­լու­թիւ­նը Ա­թէնք, որ պի­տի կա­տա­րո­ւի յա­ջորդ Ե­րեք­շաբ­թի եւ պի­տի քննո­ւի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յաց­ման օ­րա­կար­գը։
16 ­Յու­նի­սին, վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քիս պի­տի այ­ցե­լէ Իս­րա­յէլ եւ պի­տի հան­դի­պի իր պաշ­տօ­նա­կից Պ. ­Նե­թա­նիա­հո­ւի հետ։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, յատ­կա­պէս ու­ժա­նիւ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մի ո­լոր­տէն ներս, Իս­րա­յէլ ­Յու­նաս­տա­նի կա­րե­ւոր դաշ­նա­կից­նե­րէն մէ­կը կը նկա­տուի, նկա­տի առ­նե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կաց շա­հե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ Այս գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը իր կա­րե­ւոր ար­դիւն­քը տուած է East Med բնա­կան կա­զի խո­ղո­վա­կա­շա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կնքու­մով, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ։