­Կիպ­րո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, նա­խա­րար­նե­րուն կող­մէ լրագ­րող­նե­րուն տրո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս ­Քաթ­րու­կա­լոս իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին, յայտ­նե­լով թէ ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րը նոր հանգ­րո­ւան մը կը թե­ւա­կո­խեն։
­Յոյն նա­խա­րա­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց թէ ­Յու­նաս­տան եւ ­Կիպ­րոս մտա­դիր են օգ­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նին, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ իր կա­պե­րու զար­գաց­ման հա­մար, բա­ցատ­րե­լով թէ հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տը եւ ե­րեք եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րէն ներս։
«­Մեր հայ պաշ­տօ­նա­կի­ցին խոս­տա­ցանք, որ ա­մէն ջանք պի­տի թա­փենք, որ­պէս­զի սա­տա­րենք ­Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­կան ու­ղիի զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ պի­տի սա­տա­րենք որ­պէս­զի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կնքո­ւե­լիք հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ­քան կա­րե­լի է՝ ա­ռաք կեր­պով ստո­րագ­րո­ւի»,- ը­սաւ նա­խա­րար ­Քաթ­րու­կա­լոս։
­Նա­խա­րա­րը յայտ­նեց նաեւ, թէ յա­ջորդ ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը պի­տի կա­յա­նայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ծրա­գիր ու­նե­նա­լով յա­ջոր­դին եւս յա­ջողց­նել պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում՝ ե­րեք եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ։

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­գին գոր­ծոց նա­խա­րարի
հան­դի­պում­նե­րը Կիպ­րո­սի մէջ

­Յու­նիս 4ին, ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար, ­Նի­կո­սիա գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­գին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան շարք մը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի պե­տա­կան այ­րե­րուն հետ։
­Նա­խա­րա­րը հան­դի­պե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան նա­խա­գահ ­Տի­միթ­րիս ­Սի­լու­րի­սին հետ, ո­րուն հետ մտքեր փո­խա­նա­կեց մի­ջազ­գա­յին և ­տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին շարք մը հրա­տապ հար­ցե­րու շուրջ: ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մէն բխած ե­րեք եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան հար­թա­կի ձե­ւա­ւոր­ման կա­րե­ւո­րու­թեան։
­Նոյն օ­րը, ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան հան­դի­պե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի ար­տա­գին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս Խ­րիս­թո­տու­լի­տի­սի հետ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ հան­դիպ­ման, հա­մո­զում յայտ­նե­ցին, որ այս նոր ձե­ւա­չա­փով գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­մուր հար­թակ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման և ­զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րու շուրջ բաց քննար­կում ծա­ւա­լե­լու եւ­ այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւե­լիք քայ­լե­րը նա­խան­շե­լու և­ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։
­Հա­յաս­տա­նի և ­Կիպ­րո­սի Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին և ­տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին շարք մը հրա­տապ հար­ցե­րու շուրջ։ Եր­կուս­տեք ընդգ­ծո­ւե­ցաւ, թէ իւ­րա­քան­չիւր հա­կա­մար­տու­թիւն ու­նի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­շո­ւի առ­նե­լը կեն­սա­կան է խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար: ­Կիպ­րո­սի հիմ­նա­հար­ցի խնդրով, ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց խնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման մի­տո­ւած բա­նակ­ցու­թիուն­նե­րու վերսկս­ման։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին՝ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան ­Նի­քոս Խ­րիս­տո­տու­լի­տի­սին ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը և սկզ­բուն­քա­յին դիր­քո­րո­շու­մը հիմ­նա­հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։