­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան
զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ­Հա­յոց
ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կին ա­ռի­թով

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան ու­ղերձ­նե­րով, ո­րոնք հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած մեծ ո­ճի­րին մա­սին։
­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու «­Թո­ւի­թըր»-ի վրայ յայտ­նեց. «­Մենք կը յար­գենք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ բնաջն­ջո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: ­Մեր պարտքն է պայ­քա­րիլ խտրա­կա­նու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րուն դէմ, որ­պէս­զի մար­դիկ ա­պա­հով ըլ­լան` ան­կախ ի­րենց ինք­նու­թե­նէն, ծա­գու­մէն եւ հա­մո­զում­նե­րէն»։
Երկ­րի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս ու­ղերձ յղեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռի­թով. «Այ­սօր` 24 Ապ­րի­լին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օ­րը, մենք յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք ա­նոնց, ո­րոնք այդ­քան ա­նար­դա­րօ­րէն բնաջնջո­ւե­ցան: Զ­գօն կը մնանք եւ դէմ կը կանգ­նինք ո­րե­ւէ ա­րար­քի հան­դէպ, որ խտրա­կա­նու­թիւն եւ բռնու­թիւն կը հրահ­րէ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ»։
­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի գրա­ռու­մը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռի­թով. «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լը ողջ մարդ­կու­թեան նո­ւա­զա­գոյն պարտքն է: Այ­սօր մենք մտո­վի մեր հայ­րե­նա­կից եւ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան հետ ենք»։
­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Փա­նաեո­թո­փու­լոս հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը կա­տա­րեց. «­Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պանւ­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ո­րոնք ան­մարդ­կա­յին կեր­պով բնաջն­ջո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ ­Պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան պահ­պա­նու­մը մեր բո­լո­րին պարտքն է»։
­Գոր­ծառ­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու փոխ­նա­խա­րար ­Տոմ­նա ­Մի­խա­յի­լի­տու յայտ­նեց. «24 Ապ­րիլ 1915։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լից։ ­Յու­զու­մով եւ յար­գան­քով կը պա­տո­ւենք 1.500.000 ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը, ո­րոնք ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րով նա­հա­տա­կո­ւե­ցան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան օ­րե­րուն։ ­Պար­տա­ւոր ենք կեն­դա­նի պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ ա­պա­գա­յին կան­խել նմա­նօ­րի­նակ ո­ճիր­ներ»։
Գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ­Սի­րի­զա կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս կա­տա­րած է հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը. «Այ­սօր մենք յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­Ժո­ղո­վուրդ, որ մեզ նման սար­սա­փե­լի փոր­ձու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւած է, ո­րոնք այ­լեւս պէտք չէ կրկնուին: ­Մեր պարտքն է վառ պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նել ի­րա­ւունք­նե­րը եւ դէմ կանգ­նիլ ա­տե­լու­թեան ու ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեան, որ պատ­ճառ դար­ձաւ այս վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն»։
­Փո­փո­խու­թեան շար­շում-­Փա­սօք կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս յայտ­նեց. «108 տա­րի ա­ռաջ ծայր ա­ռաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Քայ­քա­յո­ւող Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ յոյ­նե­րը, հա­յե­րը եւ ա­սո­րի­նե­րը զոհ գա­ցին քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թիւ­նը բնաջն­ջե­լու հա­մա­կար­գո­ւած փոր­ձին: Այ­սօ­րո­ւան տա­րե­լի­ցը մեզ կը յի­շեց­նէ պատ­մու­թեան յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման, մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման ուղ­ղու­թեամբ պայ­քա­րե­լու մեր յա­ւէր­ժա­կան պարտ­քը` կան­խե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան դէմ նմա­նա­տիպ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կրկնու­թիւ­նը»։
­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու պաշտ­պա­նու­թեան մշտա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Քոս­թաս ­Կիւ­լե­քա­սի գրա­ռու­մը. «24 Ապ­րիլ 1915… Այս օ­րը սկսաւ մեր հայ եղ­բայր­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: 1.500.000 հայ մար­դիկ, կի­ներ, ե­րե­խա­ներ, մե­ծեր սառ­նասր­տօ­րէն սպա­նուե­ցան, ողջ-ողջ այ­րե­ցան, խոշ­տան­գո­ւե­ցան թուր­քե­րուն կող­մէ՝ ա­նըն­դու­նե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք այ­սօր ալ կը մեր­ժեն ըն­դու­նել այդ ա­րարք­նե­րը:
Ա­նոնց հե­տե­ւե­ցաւ ­Պոն­տո­սի եւ ­Փոքր Ա­սիոյ յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:
­Մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կա­պո­ւած են ա­րիւ­նակ­ցա­կան կա­պե­րով: ­Կը յար­գենք նա­հա­տա­կո­ւած հա­յե­րու յի­շա­տա­կը, կը ցա­ւակ­ցինք հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր յու­նա­հայ եղ­բայր­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան սու­գը: Ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջենք»։
­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի նա­խա­գահ ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լո­սի գրա­ռու­մը. «­Մեզ­մէ ա­նոնք, ո­րոնք այ­ցե­լած են Ե­րե­ւան, մեզ­մէ ա­նոնք, ո­րոնք մտե­րիմ են ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին հետ, այ­սօր պար­տա­կան են վառ պա­հել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցել: ­Փա՜ռք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: 108 տա­րի ան­ցած է թրքա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ բազ­մա­չար­չար ու եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուր­դի դէմ ի­րա­կա­նա­ցած ազ­գա­յին զտու­մէն։ ­Մենք պէտք չէ մոռ­նանք»։
Ն­շենք, որ բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ի­րենց ու­ղերձ­նե­րով նշած են ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։