Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րար ­­Նի­քի ­­Քե­րա­մէոս յայ­տա­րա­րեց, թէ ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 14 ­­Սեպ­տեմ­բե­րին։ ­­Միջ­նա­խա­րա­րա­կան մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, կրթու­թեան նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ վար­ժա­րան­նե­րը պի­տի գոր­ծեն նա­խազ­գու­շա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, մինչ դի­մա­կի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րիչ պի­տի ըլ­լայ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար՝ վար­ժա­րան­նե­րու ներ­քին բա­ժին­նե­րուն մէջ։ Ան նաեւ շեշ­տեց, որ դի­մակ­նե­րը անվ­ճար պի­տի բաժ­նո­ւին բո­լո­րին։ ­­Նա­խա­րա­րը նաեւ ման­րա­մաս­նեց դա­սա­պա­հե­րու կի­րարկ­ման ձե­ւե­րուն մա­սին, նշե­լով թէ գրա­ւոր ուղ­ղու­թիւն­ներ պի­տի տրո­ւին բո­լո­րին, մաք­րու­թեան եւ հա­կա­նե­խիչ մի­ջոց­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը խիստ պի­տի ըլ­լայ, զբօ­սանք­նե­րու տար­բեր ժա­մեր պի­տի գոր­ծադ­րո­ւին։ Ան նաեւ յա­տուկ նշում­ներ ը­րաւ մար­զա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ այլ ներ­քին ու ար­տադպ­րո­ցա­կան զբա­ղում­նե­րու ձե­ւին մա­սին։