­«­Կը բաժ­նենք նոյ­նան­ման ող­բեր­գու­թիւն­ներ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու
եւ տա­րագ­րու­թեանց դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ», յայտ­նեց յոյն նա­խա­րա­րը.
­Նի­քոս ­Տեն­տիաս պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Հ.Հ. բա­րե­կա­մու­թեան շքան­շա­նով

Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն, ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան միջ­պե­տա­կան բազ­մաո­լորտ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը նկա­տե­լի յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ար­ձա­նագրած է, եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ստո­րագ­րու­թեամբ։
­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի ան­ցեալ շա­բաթ ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն ներս, այս ան­գամ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, փո­խա­դար­ձե­լով ­Հա­յաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցի Ա­թէնք այ­ցե­լու­թիւ­նը ան­ցեալ ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ե­րէկ, Եր­կու­շաբ­թի, 4 ­Մարտ 2024-ին, ժա­մա­նեց Ե­րե­ւան եւ ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­ներ։
Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեան ըն­դու­նեց յոյն նա­խա­րա­րը ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ դի­մա­ւո­րու­մի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ պա­տուոյ պա­հա­կա­խում­բի եւ զի­նո­ւո­րա­կան նուա­գա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հն­չե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան օրհ­ներ­գե­րը։
Այ­նու­հե­տեւ, ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեա­նը ա­ռանձ­նազ­րոյց ու­նե­ցաւ իր պաշ­տօ­նա­կից ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հետ: Ա­պա յա­ջոր­դեց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ընդ­լայնուած կազ­մով հան­դի­պու­մը։
Քն­նար­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ ըն­թաց­քը, 2023-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը, նա­խան­շո­ւե­ցան գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը նոր ուղ­ղու­թիւն­ներ:
­Հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րո­ւե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ռազ­մա-ար­հես­տա­գի­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վա­ւե­րա­ցու­մէն յե­տոյ նոր լիցք հա­ղոր­դել այդ գոր­ծակ­ցու­թեան։
­Հան­դի­պու­մին կող­մե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ:
­Յա­ջոր­դող մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց. «Քն­նար­կում­նե­րի ըն­թաց­քում անդ­րա­դար­ձել ենք մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րին: Եր­կու երկր­ներն ու­նեն միեւ­նոյն մօ­տե­ցում­ներն ու ըն­կա­լում­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան մի­ջա­վայ­րի ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ո­րը եւս մէկ ան­գամ վե­րա­հաս­տա­տո­ւել է մեր քննար­կում­նե­րի ըն­թաց­քում: Իմ գոր­ծըն­կե­րոջ հետ քննար­կել ենք նաեւ ­Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, անդ­րա­դար­ձել ենք միեւ­նոյն ար­ժէք­նե­րը կրող այլ բա­րե­կամ երկր­նե­րի հետ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րին»:
­Պա­պի­կեան նշեց, թէ ­Յու­նաս­տան ա­ռա­ջին պե­տու­թիւնն է, որ պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ, մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան եւ բազ­մա­թիւ այլ հար­ցե­րուն հա­մար ­Հա­յաս­տա­նին առ­ջեւ ճա­նա­պարհ բա­ցած է։
­Նի­քոս ­Տեն­տիաս վե­րա­հաս­տա­տած է, որ ­Յու­նաս­տան կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ ո­րե­ւէ միա­կող­մա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն։
«Ան­կեղծ պի­տի խօ­սիմ. ու­նինք հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւն։ ­Կը բաժ­նենք նոյ­նան­ման ող­բեր­գու­թիւն­ներ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ տա­րագ­րու­թեանց դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ, մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը միա­սին տա­րա­պած են եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ստեղ­ծած է սերտ կա­պեր հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու, եր­կու եր­կիր­նե­րուն, բայց նաեւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ»։
­Յոյն նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ կա­տա­րո­ւած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ու ա­ւել­ցուց. «­Մեր հան­դի­պու­մին ժա­մա­նակ քննար­կե­ցինք տար­բեր գործ­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, թէ ինչ­պէս կրնանք զար­գացնել երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Այ­նու­հե­տեւ, մենք քննար­կե­ցինք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ռազ­մա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս։ Ս­տո­րագ­րած ենք նաեւ այս տա­րո­ւան շրջա­գի­ծի ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք եր­կու եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րը ա­ւե­լի պի­տի սեր­տաց­նեն», յայտ­նեց յոյն նա­խա­րա­րը։
­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս յա­ջող հա­մա­րեց ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս եւ հնա­րա­ւոր հա­մա­րեց ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-Ֆ­րան­սա-Հնդ­կաս­տան քա­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։
«­Մենք ստեղ­ծած ենք յա­ջող ե­ռա­կողմ պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մի­ջեւ։ ­Բայց կրնան գո­յու­թիւն ու­նե­նալ նաեւ այլ ե­ռա­կողմ կամ քա­ռա­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ Ֆ­րան­սա­յի եւ Հնդ­կաս­տա­նի հետ՝ կա­րե­ւոր եր­կիր­նե­րու, կա­րե­ւոր տէ­րու­թիւն­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի շատ հզօր ընդ­հա­նուր բա­րե­կամ­նե­րու հետ, յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը։
Իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս այ­ցե­լեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լի­րը եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։
­Նա­խա­րա­րը ծաղ­կեպ­սակ դրաւ յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող ան­մար կրա­կին մօտ:

Վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեան ըն­դու­նած է ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան
նա­խա­րա­րի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը

­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ըն­դու­նած է պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սը։ Ող­ջու­նե­լով յոյն նա­խա­րա­րին, վար­չա­պե­տը նշած է. «Ի հար­կէ, մեր երկր­նե­րի մի­ջեւ պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տում հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոր բան չէ, կար­ծում եմ՝ բա­ւա­կա­նին մեծ փորձ ու­նենք այս­տեղ, բայց այս նոր հան­գա­ման­քե­րի բե­րու­մով հե­տաքրք­րու­թիւնն էլ ա­ւե­լի է ա­ճում, եւ շատ կա­րե­ւոր է ու­նե­նալ պատ­շաճ քա­ղա­քա­կան կամք՝ հաս­ցէագ­րե­լու այս նոր պա­հանջ­նե­րը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, եւ կա­ռա­վա­րել բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը»։
Իր կար­գին, յոյն նա­խա­րա­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեա­նի եւ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի ­Յու­նաս­տան այց­լու­թիւն­նե­րուն, ա­պա նշեց. «­Մենք մեզ կը տես­նենք որ­պէս եր­կիր մը, որ կ­՚օգ­նէ ­Հա­յաս­տա­նին այն­քան, որ­քան կա­րող ենք՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով մեր պատ­մա­կան կա­պե­րը, նաեւ ո­րով­հե­տեւ մենք շատ մտե­րիմ եր­կիր­ներ ենք, եւ իս­կա­պէս կը ցան­կանք այդ ը­նել»:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տած են ան­ցեա­լին ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ի­րա­կա­նաց­ման քայ­լե­րը, անդ­րա­դարձ կա­տա­րած են ռազ­մա­կան կրթու­թեան եւ այլ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան: ­Միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւած են ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման քայ­լե­րուն շուրջ:

Ա.Գ. նա­խա­րա­րը ­Նի­կոս ­Տեն­տիա­սը պար­գե­ւատ­րած է
Հ.Հ. բա­րե­կա­մու­թեան շքան­շա­նով

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան հան­դի­պած է ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հետ։ Զ­րու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած են եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը՝ եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րե­լով փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող տար­բեր ո­լորտ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը:
Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը քննար­կած են ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն գոր­ծըն­կե­րու­թեան խո­րաց­ման հետ առն­չո­ւող հար­ցեր։ ­Միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւած են տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րով փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ:
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն: Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին քննար­կում­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի զար­գաց­ման գոր­ծին հա­մար։ ­Մա­նա­ւանդ երբ ­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը զբա­ղե­ցու­ցած ըն­թաց­քին իր ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար, նա­խա­րար ­Միր­զո­յեան ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սը պար­գե­ւատ­րած է Հ.Հ. բա­րե­կա­մու­թեան շքան­շա­նով։
­Հոս տե­ղին է յի­շեց­նել, թէ 2020-ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Ատր­պէ­յճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի վրայ, ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս որ­պէս այն ա­տե­նի ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան եւ ­Յու­նաս­տա­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած էր հայ ժո­ղո­վուր­դին։