Է. Սաքելարոփուլու՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճզմեց
քրիստոնէական բարգաւաճ կորիզ մը եւ ոչնչացուց հնամեայ
ժողովուրդ մը»
Ք. Միցոթաքիս՝ «1915-ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք,
մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը»
Հակառակ Յունաստանի մէջ համավարակին պատճառով ստեղծուած ծանր պայմաններուն, յունահայութիւնը արժանաւորապէս նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ծրագրուած ու համադրուած պատշաճ ելոյթներով եւ մանաւանդ՝ Յունաստանի քաղաքական ամենաբարձր մասնակցութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով յատկանշուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ տ. Էքաթէրինի Սաքելարոփուլուի մասնակցութեամբ եւ վարչապետ պ. Քիրիաքոս Միցոթաքիսի ուղղած նամակով Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին։
ԴԱՓՆԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ
Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Յունաստանի նախագահ տ. Էքաթերինի Սաքելարոփուլու դափնեպսակ զետեղեց երկրի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին վրայ, իր յարգանքի տուրքը մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անմեռ յիշատակին։
Հետեւելով թագավարակի կանխարգիլման պետական խիստ կանոններուն, դափնեպսակի արարողութիւնը սահմանափակուեցաւ միայն պաշտօնական անձերու ներկայութեան, առանց ժողովուրդի հաւաքական մասնակցութեան։
Արարողութեան՝ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղան Կրթութեան եւ կրօնից փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս, Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, Յունաստանի Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի ներկայացուցիչ զօրավար Եորղոս ֆասուլաս, Ատիկիէ մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս եւ Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոեանիս։
Հայկական կողմէ ներկայ եղան Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի հայոց Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան։
Որոշեալ ժամուն, զինուորական նուագախումբը տուաւ ազդանշանը եւ նախագահը դափնեպսակը խոնարհեց դամբանին առջեւ, որմէ յետոյ հնչեց ոգերգը։
Արարողակարգին համաձայն, որուն կը հսկէին նախագահական պալատի եւ պետական արարողակարգի պատասխանատուները, հանրապետութեան նախագահը մօտեցաւ ներկայ եղող պաշտօնական հիւրերուն եւ իր ողջոյնները փոխանցեց բոլորին։
Յաջորդաբար, տեղւոյն վրայ պետական հեռատեսիլի ΕΡΤ կայանի եւ «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչներուն նախագահը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
«Հարիւր վեց տարի կը բոլորենք մէկ ու կէս միլիոն հայերու հետեւողական բնաջնջումէն, որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Այն ողբերգութիւն մըն է, որ իր անջնջելի հետքը թողեց 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն, ցեղասպանութիւն մը՝ որ հարաւային Կովկասի մէջ ճզմեց քրիստոնէական բարգաւաճ կորիզ մը եւ գրեթէ ոչնչացուց հնամեայ ժողովուրդ մը։
Այսօր, կը միանանք Յունաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն հետ՝ պատուելու համար նահատակներու յիշատակը, բայց նաեւ՝ կորովը, արժանապատուութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը, որոնցմով Հայերը դիմադրեցին այլասերումի եւ ստրկացումի վտանգը։ Անոնց հետ միասին կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը՝ ի խնդիր խտրականութեան եւ հալածանքներու վերացման աշխարհի վրայէն, ուր բոլորը պիտի կարողանան ապահով զգալ, անկախ իրենց ինքնութենէն, ծագումէն եւ համոզումներէն»։
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս զօրակցական նամակ մը ուղարկեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, որուն մէջ ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր։ Նշենք, որ վարչապետի նամակը հրապարակուեցաւ նաեւ իր պաշտօնական կայքէջին վրայ, իսկ 24 Ապրիլի օրը ան նաեւ յատուկ գրառում մը կատարեց ընկերային ցանցերու մէջ պահած իր էջերուն վրայ։ Վարչապետի նամակը առանձին կը հրատարակենք։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար պ. Նիքոս Տենտիաս, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին, յայտնեց՝ «Յիշողութեան պահպանումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ընդլայնումը ամբողջ մարդկութեան նուազագոյն պարտականութիւնն է»։ Նախարարի յայտարարութեան կցուած էր նաեւ նկար մը՝ 2016-ին Հայաստան կատարած այցելութենէն, ծաղկեպսակի զետեղումով Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ։
Նախկին վարչապետ եւ «Սիրիզա» կուսակցութեան առաջնորդ պ. Ալեքսիս Ցիփրաս, «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
«Հայոց ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ համաշխարհային պատմութեան սոսկալի էջերէն մէկը, այն կը շարունակէ կենդանի մնալ Յոյներու յիշողութեան մէջ, որոնք դարաւոր կապերով առնչուած են հայ ժողովուրդին հետ։
Պարտաւոր ենք կենդանի պահել պատմական յիշողութիւնը, ո՛չ թէ ատելութիւն սերմանելու համար, այլ ընդհակառակը՝ դէմ կանգնելու համար ատելութեան եւ բռնութեան փորձերուն, յառաջ մղելու համար խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կապերը մեր շրջանէն ներս, կանխելով նման սարսափելի արարքներու կրկնումը»։
«Քինալ» կուսակցութեան առաջնորդ տիկ. Ֆոֆի Ենիմաթա «Թուիթըր»ի վրայ հետեւեալ անդրադարձը կատարեց։
«Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակ։ Կարելի չէ պատմութիւնը խեղաթիւրել։ Թուրքիան պարտի ընել նուազագոյնը՝ ընդունիլ իր ոճիրները եւ ներողութիւն խնդրել այդ տառապանքը կրած ժողովուրդներէն»։
Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ «Յունական լուծում» կուսակցութեան ղեկավար Քիրիաքոս Վելոփուլոս եւ Յունաստանի համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Տիմիթրիս Քուցումպաս։
Նշենք, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ, հայասէր քաղաքապետներ եւ այլ քաղաքական ու ակադեմական անձնաւորութիւններ, համացանցի վրայ պահած իրենց ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ, յատուկ նշումներ կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով։