Հինգշաբթի՝ 15 Մարտ 2018ի կէսօրուան ժամը 12ին, յետ նախօրօք ճշդուած ժամադրութեան, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոբիս Բաւլոբուլոս պաշտօնապէս ընդունեց յունահայ գաղութի պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանէ, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանէ, ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանէ, Հ.Յ.Դ Յունատանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեանէ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախագահական ապարանքին մէջ։
Նախագահ պրն. Բաւլոբուլոս, իր հայասիրական զգացումները արտայայտելով՝ ջերմ կերպով ընդունեց պատուիրակութիւնը եւ իր շնորհաւորութինները փոխանցեց յունահայոց նորընտիր Առաջնորդին՝ իր պաշտօնին ստանձման առիթով։ Ան յայտնեց, թէ արդէն տեղեակ է նոր Առաջնորդին մասին եւ անոր ունեցած հոգեւոր գործունէութեան մանրամասնութեանց։ Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նախագահին ընդունելութեան համար եւ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ջերմ ողջոյնները։ Պրն. նախագահը դրուատեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու աւանդական կապերը՝ նշելով նաեւ սերտ գործակցութիւնը յունահայ գաղութին հետ իր նախագահական, երեսփոխանական եւ նախարարական տարբեր հանգամանքներուն ընդմէջէն եւ, յատկապէս, հայրենի պետութեան հետ երկողմ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։ Խօսակցութեան ընթացքին առիթը եղաւ անդրադառնալու տարածաշրջանի հիմնահարցերուն, Հայաստանի ու Յունաստանի գործակցութեան ընդլայնման եւ, յատկապէս, Արցախի հիմնախնդրի ու անոր վերջին զարգացումներուն։
Նաեւ՝ պրն. նախագահին ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի նշման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100ամեակին առիթով նախաձեռնուած ծրագիրները, որոնց վերաբերեալ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց իր գոհունակութիւնը եւ յարգանքը՝ հայ ժողովուրդի նշանակալից թուականներուն համար։ Ան ընդգծեց, թէ աշնան կը փափաքի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն կատարել։
Առիթը ստեղծուեցաւ նաեւ լայնօրէն զրուցելու յունահայ գաղութի ազգային, կրթական եւ ընկերային ներկայ իրականութեան ու գործունէութեան մասին։ Պրն. նախագահը յայտնեց իր ջերմ զգացումները յունահայութեան եւ անոր ներդրումին համար՝ Յունաստանի ընկերային, տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ։ Բազմիցս ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ըլլալու յունահայութեան կողքին եւ ամրապնդելու երկու ժողովուրդներու աւանդական կապերը։
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յունահայ գաղութի պատուիրակութեան ընձեռուած ջերմ ընդունելութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Թուրքիոյ կողմէ գերի բռնուած երկու յոյն զինուորականները օր առաջ ապահով վերադառնան Յունաստան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունաստանի նախագահը ընդունեց յունահայ գաղութի պատուիրակութիւնը
Յունաստանի նախագահը ընդունեց յունահայ գաղութի պատուիրակութիւնը
Յունաստանի նախագահը ընդունեց յունահայ գաղութի պատուիրակութիւնը