­25 ­Մարտին լոյս տե­սած վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ վա­րա­կու­մի դէպ­քե­րը հա­սած էին 821ի։ ­Մին­չեւ այդ պա­հուն, 22 քա­ղա­քա­ցի­ներ զոհ գա­ցին «­Քո­րո­նա» վա­րա­կէն, ո­րոնց մի­ջին տա­րի­քը 75 էր։ ­Վա­րա­կո­ւած­նե­րու 75% կը գտնո­ւի 18-64 տա­րի­քի սահ­մա­նին մէջ, սա­կայն ա­նոնք թե­թեւ ախ­տան­շան­ներ ցոյց կու տան։ ­Ներ­կա­յիս, 134 ան­ձեր կը գտնո­ւին հի­ւան­դա­նոց­նե­րու բժշկա­կան ան­մի­ջա­կան խնամ­քին տակ։ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ ա­սու­լիս­նե­րու ըն­թաց­քին, կը նշեն տուն մնա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լորդ տե­ղա­շար­ժե­րէ խու­սա­փու­մը։ ­Նաեւ, ա­նոնք նշե­ցին թէ, այ­սու­հե­տեւ կի­րար­կո­ւած սեղ­մում­նե­րու հսկո­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի խիստ պի­տի դառ­նայ եւ ծանր տու­գանք­նե­րու պի­տի են­թար­կո­ւին բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կ­՚ան­տե­սեն շրջա­գա­յու­թեան ար­գիլ­ման կա­նո­նը։