Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը անցեալ Ուրբաթ՝ 12 Նոյեմբերի առաւօտեան, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հ.Հ. արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար տիկին Յասմիկ Դաշտոյեանը։
Ներկայացնելով յունահայ համայնքի պատկերը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընդլայնուած կառոյցին հովանիին տակ գործող կուսակցական եւ միութենական կառոյցները, շեշտը դրուեցաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու լայն շրջանակին վրայ, քաղաքական կապերու ոլորտէն ներս ծաւալող ու զարգացող հնարաւորութիւններուն, հելլէն մամուլին մօտ առնուած նախաձեռնութիւններուն եւ հելլէն ընկերութեան մօտ հաստատուած դրական համոզումին, որոնց վառ արտայայտութիւնը երեւելի դարձաւ Արցախի պատերազմին ընթացքին, երբ պետութիւն, հասարակութիւն ու Յունաստանի հանրային կարծիք՝ ամբողջովին դասուեցաւ հայութեան կողքին։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան անդամները, անդրադարձան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իրագործուող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, Հայաստանէն հնչող խնդրայարոյց յայտարարութիւններուն ու մերժելի ոտնձգութիւններուն, որ պարտադրաբար կը կիրարկուին եւ վտանգի տակ կ՚առնեն մեր հայրենիքի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի ապագան։
Զրոյցը ներառաւ մշակութային, քարոզչական հարցեր, ապա նաեւ անդրադարձ եղաւ յունահայութեան բարձր վարկին Յունաստանի կեանքէն ներս, որ առաւել կերպով կը նպաստէ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կապերու զարգացման։
Խօսակցութեան առանցքը կազմեց նաեւ յունահայ համայնքի պատկերը, իր ազգային, եկեղեցական ու հասարակական ծաւալուն գործունէութեամբ՝ Յունաստանի ամբողջ տարածքէն ներս ընդգրկուած հայաշատ շրջաններով։ Կարեւորութեամբ նշուեցաւ գաղութէն ներս գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային կարեւոր հարցերու շուրջ համագաղութային միասնականութիւնը։
Դեսպան Տիգրան Մկրտչեան բարձր գնահատեց համայնքային կառոյցներու գործունէութիւնը, Աթէնքի ամէնօրեայ վարժարաններու, հայատառ մեր օրաթերթի, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Յունաստանի շաբաթօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը։ Նաեւ պրն. դեսպանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ առաջին առիթով ծանօթանալու յունահայ կառոյցներուն եւ անոնց գործունէութեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունաստանի մէջ Հ.Հ. նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ