30 Մարտին իր աչքերը փակեց յոյն ժողովուրդի հերոսական դէմքերէն՝ Մանոլիս Ղլեզոս, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, նացիական Գերմանիոյ կողմէ Յունաստանի գրաւման առաջին օրերուն իսկ, քաջութիւնը ունեցաւ Աքրոփոլոսի ժայռէն գաղտնի կերպով վար առնելու նացիական դրօշը, խայտառակելով գերմանական բանակը եւ խորհրդանշականօրէն իմաստաւորելով նացիներու դէմ պայքարի մեկնարկը։ Մանոլիս Ղլեզոս, իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին եղաւ հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար Դատի պաշտպաններէն մէկը։ Ան, որպէս Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի քուէարկութեան ընթացքին, բացայայտօրէն դատապարտեց Թուրքիան եւ անոր կատարած Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Անոր մահուան առիթով, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութիւնը Դիմատետրի էջին վրայ ցաւակցութիւնները յայտնեց, նշելով, թէ Մանոլիս Ղլեզոս մեծ հերոս մըն էր եւ միաժամանակ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութիւնը կը ցաւակցի Մանոլիս Ղլեզոսի մահուան համար