Ուր­բաթ, 11 ­Մարտ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ծա­նօ­թաց­ման եւ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ գտնո­ւող ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ ­Սոյն հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեան։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեան ա­ռա­ջին հեր­թին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան ա­ռի­թով, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յա­ցուց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը մաս­նակ­ցէոին ծա­նօ­թաց­ման ե­րե­կո­յին։
­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը, ներ­կա­յա­ցուց ­Թե­սա­ղո­նի­կէ իր այ­ցե­լու­թեան նպա­տակ­նե­րը եւ հան­դի­պում­նե­րու օ­րա­կար­գը։ ­Հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան, ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու 30-ա­մեա­կի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ նա­խա­տե­սո­ւող շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րուն, ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րու մա­սին։
­Դես­պա­նը ընդգ­ծեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան մէջ եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին յու­նա­հա­յու­թեան կա­րե­ւոր դե­րը, յատ­կա­պէս՝ տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ: Ան պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու բո­լոր հար­ցում­նե­րուն։
Ա­ւար­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­նու­նով, ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի ձե­ռամբ դես­պա­նին յանձ­նո­ւե­ցաւ յու­շա­նո­ւէր մը։
­Յա­ջորդ օր, ­Շա­բաթ, 12 ­Մարտ 2022-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։00-ին, դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. հիւ­պա­տոս՝ ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեա­նը, այ­ցե­լեց Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեա­նի կող­մէ։ ­Սոյն այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ էին նաեւ տեղ­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւն ու Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի շրջա­նի ան­դա­մը։
­Դես­պա­նը զրու­ցեց տնօ­րէ­նու­թեան, ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ, ծա­նո­թա­ցաւ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան եւ ծրա­գիր­նե­րուն եւ առ­կայ խնդիր­նե­րուն։ ­Բարձր գնա­հա­տե­լով հայ դպրո­ցի եւ ու­սու­ցի­չի դե­րը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ, ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ընդգ­ծեց Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան կրթօ­ջախ­նե­րու պահ­պա­նու­թեան եւ հա­յե­ցի կրթու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին, դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նը այ­ցե­լեց նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցի, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին գտնուող սրահ-ա­կում­բը, ուր ան ծա­նօ­թա­ցաւ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան եւ սրահ-ա­կում­բի կա­րե­ւոր ներդ­րու­մին՝ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի դաս­տի­րա­կաու­թեան ու պատ­րաս­տու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ