­Յու­նաս­տա­նի մէջ կա­յա­ցած լո­ղի մի­ջազ­գա­յին մրցում­նե­րու ըն­թաց­քին ­Թուր­քիոյ ա­նու­նով 10 շքան­շան շա­հած եր­կու մար­զիկ­նե­րը ու­նին հայ­կա­կան ար­մատ­ներ,- կը գրէ ­Պոլ­սոյ «­Լոյս» հայ­կա­կան թեր­թը։
Ծ­նուն­դով պոլ­սե­ցի ­Կա­րին ­Փա­քէր եւ ­Կա­րին Օ­ջալ լո­ղի մրցում­նե­րուն 5ա­կան շքան­շան նո­ւա­ճած են ի շահ ի­րենց խում­բին։ Թր­քա­կան մա­մու­լը, սա­կայն, շրջան­ցած է աղ­ջիկ­նե­րուն հայ ըլ­լա­լու փաս­տը: Ըստ թրքա­կան t24.com.tr կայ­քին՝ ­Կա­րին Օ­ջալ եւ ­Կա­րին ­Փա­քէր պի­տի ներ­կա­յա­նան նաեւ ­Մեք­սի­քա­յի մէջ, ­Սեպ­տեմ­բեր 30ին եւ ­Հոկ­տեմ­բե­րի 6ին, կա­յա­նա­լիք լո­ղի ա­խո­յեա­նու­թեան: