Ամէն տարուան նման, համաշխարհային քաղաքական ղեկավարներու շարքին, Յունաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը եւս հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիլիցին առիթով յատուկ յայտարարութիւններով։
Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու յայտարարութիւն տարածեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առնչութեամբ։
«Օսմանեան Կայսրութեան վերջին շրջանին 1,5 միլիոն հայերու ծրագրուած բնաջնջումէն անցած է 109 տարի։ Այս ցեղասպանութիւն է, որ գրեթէ բնաջնջեց հնագոյն ժողովուրդին, Կովկասի հարաւային հատուածին մէջ ծաղկող քրիստոնէական միջուկը։
Այսպիսի ողբերգական իրադարձութիւններու ճանաչումը, ինչպէս նաեւ մարդկութեան նկատմամբ բռնութեան ու ատելութեան դէմ մշտական զգօնութիւնը անհրաժեշտ պայման են այսպիսի յանցագործութիւններ չկրկնելու եւ ազգերու ու ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան համար։ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը երբեք պիտի չմոռցուին»։
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս «Էքս»-ի հարթակէն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այսօր յիշողութեան օր է, Հայոց ցեղասպանութեան մեկնարկէն 109 տարի ետք։ Յարգանքի տուրք կը մատուցենք զոհերուն եւ վառ կը պահենք յիշողութիւնը։ Մեզ երկիրը միշտ դէմ կը կագնի ու պիտի շարունակէ կանգնիլ ամէն տեսակի արարքներու դէմ, որոնք բռնութեան եւ խտրութեան պատճառ պիտի դառնան մարդկութեան դէմ»։
Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին, նշած է, որ պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կրկնութենէն խուսափելու համար։ Այս մասին յոյն նախարարը գրառում կատարած է «Էքս»-ի իր էջին վրայ։ «Այսօր մեր միտքերը Յունաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն հետ են՝ յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը», գրած է նախարարը։
Նշենք, որ բազմաթիւ երեսփոխաններ եւ քաղաքական գործիչներ հանդէս եկած են հայ ժողովուրդի զօրակցութեան արտայայտութիւններով։