­Թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան կա­սեց­ման եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը ետք, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նի­քը գու­մա­րեց 73-րդ Շր­ջա­նա­յին ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը, ­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան նոր թափ եւ սկիզբ մը տա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։
­Կի­րա­կի՝ 20 ­Յու­նիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը, ուր՝ ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդրո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. ­Ֆե­տի ­Գա­զան­ճեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի, ­Յու­նա­ստա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ Շրջ. վար­չու­թեան, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ շրջան­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ե­կած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, սկաու­տա­կան խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն, ըն­թացք ա­ռաւ եւ ամ­բող­ջա­ցաւ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցա­չա­կան ժո­ղո­վը։
Շր­ջա­նա­ւարտ վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պետ եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ յայտ­նեց, որ սոյն ժո­ղո­վը կո­չո­ւած է ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թեան սկիզ­բի մը ազ­դան­շա­նը տա­լու՝ հե­ռու թա­գա­վա­րա­կի ստեղ­ծած խո­չըն­դոտ­նե­րէն։ ­
Յաջորդաբար, կարդացուեցաւ յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ողջոյնի խօսքը:
Յա­տուկ խօսք ուղ­ղեց Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ա­նու­նով ընկ. ­Յա­րու­թիւն ­Մա­նու­կեան։ Նաեւ, կար­դա­ցո­ւե­ցան յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու՝ Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ող­ջոյ­նի նա­մակ­նե­րը, իսկ ող­ջոյ­նի գի­րեր ղրկած էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ար­ժա­նեաց» շքան­շա­նա­կիր եղ­բայր­ներ ­Կա­րօ ­Յո­վա­կի­մեան եւ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։
­Յա­ջոր­դա­բար, ժո­ղո­վի մնա­յուն դի­ւան ընտրուե­ցան՝ որ­պէս նա­խա­գահ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան եւ որ­պէս քար­տու­ղար քոյր ­Գո­հար Ա­լէա­նա­քեան։ ­Բա­նա­ձե­ւի եւ քո­ւէա­խոյզ յանձ­նա­խում­բե­րու ընտրու­թեամբ, ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր գլխա­ւոր օ­րա­կար­գի քննու­թեան։
­Նա­խա­պէս, կար­դա­ցո­ւե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ կազ­մե­րու տե­ղե­կա­գի­րը, որ­մէ ի յայտ ե­կաւ, թէ հա­կա­ռակ երկ­րին եւ գա­ղու­թին մէջ ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կա­րո­ղա­ցաւ հա­մադրել եւ գոր­ծադ­րել զա­նա­զան աշ­խա­տանք­ներ ու ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցան ժո­ղո­վա­կան­նե­րէն։ Ն­շե­լի էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ 2019-ի ­Մա­յի­սին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ հա­մախմ­բեց բո­լոր շրջան­նե­րէն ե­կած տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­ներ։ ­Հա­կա­ռակ որ մար­զա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ստի­պո­ղա­բար կանգ ա­ռաւ, այ­սու­հան­դերձ գո­վե­լի էր նաեւ սկաու­տա­կան միա­ւոր­նե­րու աշ­խա­տան­քը, ո­րոնք Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան զօ­րակ­ցու­թեամբ ի­րա­գոր­ծե­ցին զա­նա­զան առ­ցանց ծրա­գիր­ներ եւ ե­լոյթ­ներ։
­Նոր նստաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հու­նա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը մշա­կեց կարգ մը բա­նա­ձե­ւեր՝ նախ եւ ա­ռաջ զարկ տա­լով իր ան­դամ­նե­րու եւ վար­չա­կան եղ­բայր­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան, հա­շո­ւա­պա­հա­կան միա­ձեւ դրու­թեան մը որ­դեգ­րու­մին, մար­զա­կան յա­տուկ խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին, հա­մաեւ­րո­պա­կան բա­նա­կու­մի մը ծրագ­րու­մին, սկաու­տա­կան աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մին, նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րու ստեղ­ծու­մին, վե­թե­րան Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան­նե­րու աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թեան, եւ այլ հե­տաքրք­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու։
­Բո­լոր հար­ցե­րուն շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն քննար­կում եւ մաս­նա­կից եղ­բայր­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին շի­նիչ միտ­քեր՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ­Միու­թեան հզօ­րաց­ման հրա­մա­յա­կա­նը եւ դէ­պի ժո­ղո­վուրդ բա­ցո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին, յա­ջորդ եր­կա­մեա­կին հա­մար ընտրուե­ցաւ նոր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն բաղ­կա­ցած հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն՝ ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մար­լէն ­Տա­քէ­սեան, ­Գո­հար Ա­լէա­նա­քեան, ­Խա­չիկ ­Մի­նա­սեան եւ ­Սեր­գօ Ե­դի­մեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան
վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ
եղբ. ­Ֆե­տի ­Գա­զան­ճեա­նի խօս­քը

­Սի­րե­լի՛ քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ,
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի 73-րդ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը հա­սաւ իր ա­ւար­տին եւ ընտ­րեց հինգ ան­դա­մէ բաղ­կա­ցած Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, որ պի­տի գոր­ծէ յա­ռա­ջի­կայ եր­կա­մեա­կին։
Այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցիլս ինք­նին զգա­ցա­կան է ին­ծի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ծա­ռա­յած եմ այս կա­ռոյց­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ եղբ. ­Պաղ­տի­կին հետ միաս­նա­բար ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի մը դի­ւա­նի ան­դամ ընտ­րո­ւած ենք։
­Խօսքս սկսիմ եւ ուղ­ղեմ ըն­թա­ցա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան. երբ կազ­մին ա­տե­նա­պե­տը՝ եղբ. ­Յա­կոբ Ե­դի­մեա­նը ա­ռող­ջա­պա­հա­կան լուրջ վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւե­ցաւ, կազ­մը յա­տուկ նա­մա­կով մը դի­մեց Կ. ­Վար­չու­թեան՝ նշե­լով, թէ ի­րենք չեն ու­զեր կազ­մը հա­մալ­րել 5-րդ­ ան­դա­մով, այն յոյ­սով, թէ եղ­բայ­րը կը վե­րագտ­նէ իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ կրկին կը ստանձ­նէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը. եղբ. ­Տէօք­մէ­ճեան մեր­ժեց ստանձ­նել ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նի ա­նո­ւա­նու­մը, թէ­կուզ այդ պաշ­տօ­նը կա­տա­րեց լիու­լի. կազ­մը մէկ բռունց­քի նման շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ այս դժո­ւար օ­րե­րուն շրջա­նը հաս­ցուց մին­չեւ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղով։ Իս­կա­պէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կա­նի բա­րո­յա­կան պատ­կե­րի բարձ­րա­գոյն օ­րի­նա­կը փո­խան­ցե­ցինք այս կե­ցո­ւած­քով եւ այս եր­կու օ­րե­րուն ըն­թաց­քին նոյ­նիսկ չզգա­ցու­ցիք եղբ. ­Յա­կո­բին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը. կը խո­նար­հիմ ձեր այս ա­ռած քայ­լին առ­ջեւ։
Այս ժո­ղո­վը տո­ւաւ իր գնա­հա­տու­մը ան­ցած շրջա­նին, մտա­հո­գու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­գա­յի նոր պատ­կե­րա­ցում­ներ հրամ­ցուց շրջա­նին եւ նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան։ ­Մեր դի­մաց ու­նինք նոր եր­կա­մեայ մը. մեր յոյսն է, որ ա­նի­կա չնմա­նի «­Քո­րո­նա» ժահ­րին պատ­ճա­ռով ան­ցեա­լի օ­րե­րուն պար­զած վի­ճա­կին, այլ ըլ­լայ բնա­կա­նոն, որ­պէս­զի նո­րըն­տիր կազ­մը կա­րո­ղա­նայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցը հասց­նել նոր վե­րելք­նե­րու։ Դ­ժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը՝ ըլ­լան ա­նոնք նիւ­թա­կան, մար­դու­ժի ծա­ռա­յու­թեան պա­կա­սի, ժա­մա­նակ տրա­մադ­րե­լու, ա­մէն տեղ են. բայց այս օ­րե­րուն է, որ իս­կա­կան ղե­կա­վար­նե­րը կը ծնին, այս օ­րե­րու է, որ պի­տի փաս­տենք, թէ մեր «ես»-ե­րը կը դադ­րին գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ՝ «մենք»-ը նկա­տե­լով գե­րա­դաս, ա­մէն ինչ փոքր կը թո­ւի ազ­գա­յին եւ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն դի­մաց, պի­տի փաս­տենք, որ մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը մէկ են ու հա­ւա­քա­կան, իսկ լու­ծում­նե­րը պէտք է տրո­ւին այդ ուղ­ղու­թեամբ եւ հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար՝ իբ­րեւ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն կամ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­ներ, ո­րոնց թի­րախն ու նպա­տա­կը միշտ պի­տի ըլ­լայ միու­թե­նա­կան գե­րա­գոյն շա­հը եւ հա­ւա­քա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը։
­Յու­նաս­տա­նի շրջա­նին հա­մար, տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տո­ւած է, որ չկան լու­ծում չու­նե­ցող հար­ցեր։ ­Յա­ջող աշ­խա­տանք­նե­րու եւ ծրա­գիր­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը նիւ­թա­կա­նը կ­՚ա­պա­հո­վեն ան­պայ­ման, նաեւ փայ­լուն պատ­կե­րը կը պար­զեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, իսկ երբ դրա­կան ար­դիւնք­ներ ներ­կա­յաց­նենք հա­մայն­քին, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը քիչ-քիչ կը սկսին վե­րա­նալ, միու­թեան նկատ­մամբ կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը ան­պայ­ման կ­՚ամ­րապն­դո­ւի, իսկ մեր տա­րած ա­մէն ձե­ւի աշ­խա­տանք ան­պայ­ման կը ծա­ռա­յէ ա­ռողջ միտ­քով, ա­ռողջ մար­մի­նով սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ու կերտ­ման, սե­րունդ­ներ, ո­րոնք յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի լծո­ւին հա­յու­թեան, ի­րենց գա­ղութ­նե­րու եւ հայ­րե­նի­քի ծա­ռա­յու­թեան ու մեր վեհ դա­տե­րու պաշտ­պա­նու­թեան։ ­Պէտք է լա­ւա­պէս գի­տակ­ցիլ, որ այս միու­թեան շար­քե­րուն մէջ տո­ղան­ցող­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօ­շը բարձ­րա­ցու­ցած սե­րունդ­նե­րը տար­բեր պի­տի ըլ­լան ան­պայ­ման, իսկ մեր բո­լո­րին աշ­խա­տան­քը, իսկ հոս՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ձեր աշ­խա­տան­քը պի­տի ըլ­լայ ան­պայ­ման հա­մախմ­բել նոր սե­րուն­դը, ա­նոր մէջ վառ պա­հել ազ­գա­յինն ու հայ­կա­կա­նը, «­Բարձ­րա­ցիր բարձրա­ցուր» նշա­նա­բա­նը, որ մա­նու­կին, պա­տա­նիին եւ ե­րի­տա­սար­դին հա­մար ոչ թէ պի­տի ըլ­լայ միու­թեան մը կար­գա­խօ­սը, այլ կեան­քի սկզբունք, որ­պէս­զի ա­նոնք սոր­վին, որ բարձ­րա­նա­լուն կող­քին կա­րե­ւոր է բարձ­րաց­նե­լը, ու­րի­շին ծա­ռա­յելն ու օգ­նե­լը, ընդ­հա­նու­րը անձ­նա­կա­նէն կա­րե­ւոր նկա­տե­լը։ Այս բո­լո­րին հա­մար ալ մենք պար­տինք աշ­խա­տիլ ան­դա­դար եւ ա­ռանց եր­բեք յու­սա­հա­տե­լու, ո­րով­հե­տեւ մեր այ­սօ­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թե­նէն կա­խեալ է ա­պա­գան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նի­քին հա­մար, ­Յու­նաս­տա­նը Եւ­րո­պա­յի ա­մէ­նէն հին շրջան­նե­րէն է, ուր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հրամ­ցու­ցած է մեր միու­թեան տար­բեր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­ներ՝ հա­մաՀ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, ինչ­պէս՝ բա­նա­կում­ներ, սե­մի­նար­ներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­ռա­ջին ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մա­գու­մա­րը. ու­րեմն, այս շրջա­նը ի­րա­ւունք չու­նի գան­գա­տե­լու, թէ՝ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, նեղ օ­րե­րը կրնան յու­սալ­քել մեզ. այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը, մե­զի հա­մար՝ այս շրջա­նը, պէտք է ըլ­լայ Եւ­րո­պա­յի լոյ­սը, ա­ռաջ­նոր­դը, յոյս ներշն­չո­ղը՝ իր ծրա­գիր­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ի­րա­ւունք չտանք մենք մե­զի խղճա­լի վի­ճա­կի մէջ իյ­նա­լու եւ յանձ­նո­ւե­լու։ ­Յու­սալ­քու­թիւ­նը եր­բեք ար­տօ­նո­ւած չէ եւ վա­յել չէ մե­զի, հա­կա­ռակ ա­մէն տե­սակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ խո­չըն­դոտ­նե­րուն։ Այս­տեղ ու­նինք յա­ջող ՀԱՅ մնա­լու բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը՝ ե­կե­ղե­ցի, դպրոց, տար­բեր կա­ռոյց­ներ, մինչ եւ­րո­պա­կան այլ շրջան­ներ զրկո­ւած են այս ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն։ ­Հո՛ս է, որ պէտք ու­նինք նախ ի­րա­րու կող­քին կանգ­նե­լու, միա­ւո­րո­ւե­լու, զօ­րա­նա­լու, սե­րունդ­ներ պատ­րաստե­լու եւ ետ­քը բարձ­րաց­նե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրո­պա­յի ջա­հը։
­Յա­ջո­ղու­թիւն եւ վե­րելք կը մաղ­թեմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան՝ այն հա­ւատ­քով եւ հա­մո­զու­մով, որ ան ա­տակ ու յանձ­նա­ռու պի­տի ըլ­լայ միու­թեան աշ­խա­տան­քը լա­ւա­գոյնս կա­տա­րե­լու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօ­շը բարձր պա­հե­լու ­Յու­նաս­տա­նի եր­կին­քին տակ եւ ա­մէն տեղ, իր շուրջ հա­մախմ­բե­լու միու­թե­նա­կան­նե­րը՝ միաս­նա­բար գոր­ծե­լու ա­ւե­լի պայ­ծառ ա­պա­գա­յի մը տես­լա­կա­նով։