­Շա­բաթ՝ 2 ­Յու­նիս 2018ի յետ­մի­ջօ­րէին եւ ­Կի­րա­կի՝ 3 ­Յու­նիս 2018ի ամ­բողջ օ­րը, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան ­Կեդ­րոն»ին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց իր 71րդ Շր­ջա­նա­յին ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վը։
­Ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ եւ իր ե­լոյթ­նե­րով ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ եղ­բայր ­Բագ­րատ Ե­սա­յեան ­Հա­յաս­տա­նէն։ ­Ներ­կայ ե­ղան եւ ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը ող­ջու­նե­ցին յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
­Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսաւ՝ լսե­լով Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան շրջա­նա­ւարտ կազ­մի տե­ղե­կա­գի­րը, ուր­կէ ի յայտ ե­կաւ, թէ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր անդ­րա­նիկ նիս­տին պատ­րաս­տեց իր եր­կա­մեայ աշ­խա­տանք­նե­րու ծրա­գի­րը՝ հիմ­նուե­լով 70րդ Շր­ջա­նա­յին ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք բաժ­նո­ւած էին հե­տե­ւեալ գլուխ­նե­րուն.- ­Հա­մե­րաշ­խու­թիւն, միու­թեան օ­րի­նա­կա­նա­ցում, եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեակ: Այս հիմ­նա­կան գլուխ­նե­րը դար­ձան միու­թեան եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղե­ցոյ­ցը եւ աշ­խա­տանք­նե­րը կեդ­րո­նա­ցան ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան վրայ։
­Տե­ղե­կագ­րին մէջ գրո­ւած էր, թէ «եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նշա­նա­կե­ցինք յանձ­նա­խումբ­ներ եւ, աշ­խա­տե­լով միաս­նա­բար՝ բո­լորս, յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­ցինք հե­տե­ւեալ­նե­րը.
Ա.- ­Կա­տա­րե­ցինք սկաու­տա­կան խում­բի պաշ­տօ­նա­կան գրան­ցու­մը ­Յու­նաս­տա­նի Ս­կաու­տա­կան Ազ­գա­յին ­Հա­մա­կար­գին (ՍԵՓ) մօտ՝ պահ­պա­նե­լով մեր ինք­նու­թիւ­նը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպա­տակ­ներն ու ար­ժէք­նե­րը։
— ­Յա­ռա­ջի­կա­յին ո­րե­ւէ մաս­նա­ճիւղ/ներ, որ պի­տի հիմ­նո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, պի­տի պատ­կա­նին միու­թեան ու հա­շո­ւե­տու պի­տի ըլ­լան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան նշա­նա­կած Շր­ջա­նա­յին Խմ­բա­պետ/ու­հիին:
— ­Պա­հե­ցինք՝ ե­ռա­գոյն փող­կա­պը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խոստ­ման, Վ­կա­յեալ եւ Ա­րա­րա­տեան կար­գե­րու պէ­ճե­րը, մեր ազ­գա­յին ու միու­թեան դրօ­շակ­նե­րը՝ յու­նաց ազ­գա­յին տո­ղանցք­նե­րուն ժա­մա­նակ։
— ­Նաեւ՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի եւ շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի լրիւ կա­ռոյ­ցը:
Բ.- ­Հե­տե­ւե­լով 70րդ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մին՝ քննե­ցինք կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան օ­րի­նա­կա­նաց­ման, իբ­րեւ «Ένωση Αρμενίων Αθλητών και Προσκόπων Ελλάδος (Է­նօ­սի Ար­մէ­նիօն Աթ­լի­թօն քէ Բ­րոս­քօ­բօն Է­լա­տօս ), սա­կայն Ա­տի­կէի մարզ­պե­տի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ «միու­թիւն մը չի կրնար ու­նե­նալ միա­ժա­մա­նակ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ»: Այս­պէս, վար­չու­թիւնս նկա­տի առ­նե­լով՝ թէ մար­զա­կան խում­բե­րը պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում ու­նին մաս­նա­ճիւղ­նե­րու մի­ջո­ցաւ, ո­րո­շեց Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մով ընդգր­կել սկաու­տա­կան լրիւ կազ­մը: ­Փաս­տա­բա­նու­հի ­Մա­րի Ե­ղի­շէեա­նի ցուց­մունք­նե­րուն հե­տե­ւե­լով՝ հա­սանք Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան պաշ­տօ­նա­կան օ­րի­նա­կա­նաց­ման, իբ­րեւ «ΑΡΜΕΝΙΟΙ ΠΡΟΣΚΟΠΟΙ ΕΛΛΑΔΟΣ ΧΟΜΕΝΕΤΜΕΝ-H.A.S.K (Ար­մէ­նիի Բ­րօս­քօ­բի Է­լա­տոս Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱ.ՍԿ):
Գ.- Ամ­բող­ջա­ցան աշ­խա­տանք­նե­րը միու­թեան թան­գա­րա­նին ու եղբ.­Կար­պիս ­Գու­յում­ճեա­նի ա­նու­նը կրող գրա­սե­նեա­կին, ո­րոնք կը գոր­ծեն «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ կից տրա­մադ­րո­ւած սրահ­նե­րուն մէջ:
Դ.- ­Պա­հե­ցինք մտե­րիմ կա­պե­րը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­չու­թեան հետ եւ եր­կու հո­գի նշա­նա­կուե­ցան ու մաս կազ­մե­ցին միու­թեան 100ա­մեա­կի յանձ­նա­խում­բին:
­Տե­ղե­կագ­րի ըն­թեր­ցու­մէն ետք ժո­ղո­վը շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ա­ւար­տած վար­չու­թեան եւ Շր­ջա­նա­յին Ս­կաուտ ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­քին, ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ան­դա­մա­կան ժո­ղով­նե­րէն ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Նաեւ՝ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն հե­տե­ւե­ցան ու օ­րա­կար­գե­րու քննարկ­ման ժա­մա­նակ ի­րենց ներդրու­մը բե­րին հրա­ւի­րեալ քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ։
­Ժո­ղո­վը իր քննար­կում­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար կեդ­րո­նա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան վե­րաշ­խու­ժաց­ման եւ, այդ ճամ­բով, յու­նա­հայ նո­րա­հաս սե­րուն­դին հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման ու դաս­տիա­րա­կու­թեան օգ­նե­լու գոր­ծին ուղ­ղո­ւած ա­ռա­ջարկ­նե­րով։ Քն­նո­ւե­ցաւ նաեւ միու­թեանց 100ա­մեա­կի օ­րա­կար­գը։ Քննար­կո­ւե­ցաւ նա­խորդ նստաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծե­լա­դաշ­տը, ո­րու հա­մար հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, թէ գնա­հա­տե­լի էր։
Այլ հար­ցե­րու կող­քին քննար­կո­ւե­ցաւ մար­զա­կան խում­բե­րու միաց­ման հարց, տնտե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած պատ­կեր յա­ջողց­նե­լու հե­ռան­կա­րով։

­Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին ընտ­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն՝ հե­տե­ւեալ կազ­մով.
— ­Քոյր Ագ­նէս ­Թո­քաթ­լեան
— ­Քոյր Ար­շա ­Սա­մո­ւէ­լեան
-­Քոյր ­Մար­լէն ­Տա­քէ­սեան
— Եղ­բայր ­Հայ­կազ ­Տէօք­մե­ճեան
— Եղ­բայր ­Յա­կոբ Ե­դի­մեան։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին
­Բարձ­րա­ցիր-­Բարձ­րա­ցուր՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին
­Վար­չու­թեան թղթա­կից