ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

1-6 Օ­գոս­տոս 2023-ին, ­Սի­րոս կղզիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­փա­ղան­գա­յին բա­նա­կու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան փա­ղան­գի 15 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 4 սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն (Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ, ­Գա­րէա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի), ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­պետ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Այս տա­րո­ւայ բա­նա­կու­մը ըն­թա­ցաւ ոչ մնա­յուն բա­նա­կա­վայ­րի մը մէջ, այլ կղզիին զա­նա­զան վայ­րե­րը։
­Բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր յայ­տա­գի­րը պատրաստուե­ցաւ փա­ղան­գի ան­դամ­նե­րէն, խմբա­պետ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Մա­սնա­կից­նե­րը խա­ղե­րու մի­ջո­ցով ա­ռի­թը ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու Էր­մու­բո­լի քա­ղա­քի տար­բեր հե­տաքրքրա­կան վայ­րե­րը։ ­Կա­տա­րե­ցին այ­ցե­լու­թիւն­ներ լո­խու­մի գոր­ծա­րա­նը, ուր ծա­նօ­թա­ցան ա­նոր պատրաստու­թեան ձե­ւին, կղզիի կա­ւա­գոր­ծա­րան մը, ուր պատ­րաս­տե­ցին կա­ւէ գա­ւաթ­ներ, ­Սի­րո­սի ձիա­վա­րու­թեան միու­թեան վայ­րը եւ վեր­ջա­պէս կղզիի ջրա­րա­նը, ուր տե­սան ձու­կե­րու բազ­մա­թիւ տե­սակ­ներ։ ­Բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին ստա­ցան սկաու­տա­կան եւ այլ գի­տե­լիք­ներ, ըն­դար­ձա­կե­լով ի­րենց մտա­յին եւ գործ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը: Ար­դէն հա­սած էր փա­ղան­գի բա­նա­կու­մի վեր­ջին օ­րը, ո­րուն ըն­թաց­քին քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը կա­տա­րե­ցին փայ­տէ շի­նու­թիւն­ներ (դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թեան ցող, մուտք եւ այլն) ո­րոնք պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւէին վոհ­մա­կի եւ խում­բի բա­նա­կու­մին։
7 Օ­գոս­տո­սը ար­դէն իսկ հա­սած էր։ ­Սի­րո­սի յու­նա­կան սկաու­տա­կան խնա­մա­կա­լու­թեան «­Ֆի­նի­քա»-ի բա­նա­կա­վայ­րը ժա­մա­նե­ցին 45 քոյ­րեր եղ­բայր­ներ, Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղ­բայր Օն­նիկ Ա­ւա­գեա­նի եւ Շր­ջա­նա­յին ու տեղ­ւոյն ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, միա­նա­լով փա­ղան­գի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք այս ան­գամ բա­նա­կող չէին այլ մաս պի­տի կազ­մէին աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մին, վա­յե­լե­լու հա­մար ան­մո­ռա­նա­լի օ­րեր մին­չեւ 12 Օ­գոս­տոս։ ­Վոհ­մա­կի բա­նա­կու­մի նիւ­թը հիմ­նո­ւած էր հայ­կա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան վրայ, ուր խա­ղե­րու եւ գի­տե­լիք­նե­րու մի­ջո­ցով ծա­նօ­թա­ցան հայ չաս­տո­ւած­նե­րու պատ­մու­թեան։ Ա­րի ա­րե­նուշ­նե­րու յայ­տա­գի­րը հիմ­նո­ւած էր յայտ­նի սե­ղա­նա­խա­ղե­րու վրայ։
­Խում­բի քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը «ար­գե­լա­փա­կուած» էին այն խա­ղե­րուն մէջ, ուր զա­նա­զան փոր­ձու­թիւն­նե­րէ ետք, նի­շեր հա­ւա­քե­լով կա­րո­ղա­ցան յաղ­թա­հա­րել ու ա­զա­տիլ։ ­Բա­նա­կու­մի ըն­թաց­գին վոհ­մա­կը եւ խում­բը ստա­ցան նոր գի­տե­լիք­ներ, սոր­վե­ցան կան­չեր ու եր­գեր։ Ի­րենց յայ­տա­գի­րին մէջ կա­յին նաեւ ծո­վագ­նա­ցու­թիւն եւ միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն Էր­մու­փո­լիի քա­ղա­քը ու լո­խու­մի գոր­ծա­րան մը։ ­Խում­բին հա­մար պատ­րաս­տո­ւած էր քա­ղա­քի մեծ խաղ մը, ո­րուն մի­ջոով ծա­նօ­թա­ցան քա­ղա­քի կա­րե­ւոր վայ­րե­րուն։
Ա­մէն գի­շեր խա­րոյ­կա­հան­դէ­սը ան­պա­կաս էր ի­րենց կեան­քէն, ուր եր­գե­րով, կան­չե­րով եւ թա­տե­րա­կան­նե­րով ու­րախ ժա­մա­նակ կ­՚անց­նէին։ ­Բա­նա­կու­մի այս 6 օ­րե­րուն ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը յանձն ա­ռած էին բա­նա­կող­նե­րու ճա­շի պատրաս­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նա­յեւ բա­նա­կու­մի լաւ ու յա­ջող ըն­թաց­քը։ ­Վեր­ջին օ­րը դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թենէն ետք, խօսք ա­ռին Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղ­բայր Օն­նիկ Ա­ւա­գեան, Շր­ջա­նա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի քոյր ­Սո­ֆիա ­Խայ­տե­մե­նու-­Մի­քայէ­լեան, Ա­թէն­քի ու ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պետ­ներ եղ­բայր­ներ Ե­ղի­շէ ­Շահ­պա­զեան եւ ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, ո­րոնք գնա­հա­տանք յայտ­նե­ցին բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րին այս բա­նա­կում­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար։ Եղ­բայր Օն­նի­կը իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ եղ­բայր ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նը, որ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խմբա­պե­տի դաս­տիա­րա­կու­թեան գի­տե­լիք­նե­րու բարձրա­գոյն կար­գը, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­ձը ըլ­լա­լով, որ կը ստա­նայ «Ա­րա­րա­տեան» կար­գի վկա­յա­գի­րը եւ ի­րեն վար­ձատ­րեց Շր­ջա­նա­յին խոր­հուր­դին եւ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տին կող­մէ վկա­յա­գի­րով մը եւս։ ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ նաեւ կար­դա­ցո­ւե­ցաւ եղ­բայր ­Յա­րու­թիւն ­Մա­նու­կեա­նէն ստա­ցո­ւած գնա­հա­տան­քի նա­մակ մը։
Այս տա­րո­ւան եր­կու բա­նա­կում­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցան Ա­թէն­քէն բա­ւա­կան հե­ռու՝ նոր մի­ջա­վայ­րի մը մէջ։ ­Հա­կա­ռակ հե­ռա­ւո­րու­թեան եւ մաս­նակ­ցու­թեան թի­ւին շուրջ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, բա­նա­կու­մը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ըն­թա­ցաւ եւ 60 բա­նա­կող­նե­րը լա­ւա­գոյն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վերա­դար­ձան։
­Կը մաղ­թենք բա­րի վե­րա­մուտ ա­կաու­տա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի կեան­քին։

­Բարձ­րա­ցիր- ­Բարձ­րա­ցուր,
Եղ­բայ­րա­կան բա­րեւ­նե­րով