Հայաստանով ու աշխարհով մէկ, Հ.Մ.Ը.Մ. կը տօնէ իր հիմնադրութեան պանծալի 100ամեակը՝ իր տուրքը մատուցանելով մեր ազգի փառապանծ անկախութեան 100րդ տարեդարձին։
Աշխարհի չորս կողմերուն տարածուած իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի զոյգ տօնն է եւ հպարտութիւնը միաժամանակ։
Ահա այս նշանակալից թուականին զուգադիպեցաւ նաեւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95 տարիներու պատմութեան արժանավայել միաւորումը իր յարմարագոյն տեղը՝ արդի գրասենեակ-թանգարանի մը մէջ, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող յատուկ սրահի մը մէջ։ Սոյն սրահը տրամադրուեցաւ սիրայօժար կերպով շրջանի Թաղային Խորհուրդին կողմէ եւ արդէն սկսած է գործելու։
Ի՞նչ կը պարունակէ այդ թանգարան-գրասենեակը։ Հոն տեղ գտած են ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ, նամակներ, ժողովներու արձանագրութիւններ, յուշատախտակներ, վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու նկարներ, կանոնագիրներ, բանակումներու արխիւներ, ձեռնարկներ, յայտագիրներ, համագումարներ, մարզախաղներ։ Պարզ խօսքով՝ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամբողջ պատմութիւնը։
Պատմութիւն մը՝ որ տրամադրելի է բոլորին, անոնց՝ որոնք կ՚ուզեն բան մը աւելի իմանալ մեր Միութեան անցեալին մասին, անոնց համար՝ որոնք կ՚ուզեն ուսումնասիրել մեր պատմութիւնը, անոնց համար՝ որոնք կ՚ուզեն հպարտանալ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառաւոր պատմութեամբ։
Այս հաւաքածոն կը պարտինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրեալ անդամ եւ միութեանս պատուոյ նախագահ հանգուցեալ Կարպիս Գույումճեանին, որ բծախնդիր եւ հետեւողական կերպով, երկար տարիներու ընթացքին, հաւաքեց եւ դասաւորեց պատմական բոլոր արխիւները, տարբեր տարեշրջաններու եւ հատուածներու դասաւորումը ըրաւ ու ամբողջացած կերպով պահեց մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը՝ այն թաքուն երազանքով, որ օր մը իր յաջորդները պիտի իրականացնեն մէկ տեղ հաւաքելու երազը եւ պարտականութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարան-գրասենեակի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 6 Մայիս 2018ի առաւօտուն։ Նախապէս, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ անդարձ մեկնած միութեան անդամներու հոգիներուն համար։ Պատրաստուած սգաբեմին վրայ տեղ գտած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը եւ վաստակաւոր սկաուտի մը գլխարկը։ Իսկ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի սկաուտները պատուոյ ջոկատ մը կազմած էին եկեղեցւոյ մէջ։ Նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ իր ոգեշունչ քարոզին մէջ վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը հայութեան համար ու իր յարգանքի տուրքը մատուցեց վաստակաւոր բոլոր անդամներուն, որոնք գործեցին ու անցան։
Այնուհետեւ, համախմբուած ժողովուրդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամները, վարչականները, երէց եղբայրները եւ սկաուտները ուղղուեցան դէպի սրահը, ուր Սրբազան Հօր ձեռամբ եղաւ պաշտօնական բացումը։ Հոն էին նաեւ մեր վաստակաւոր անդամներու՝ Պետրոս եւ Լեւոն Գայեաններու, Կարպիս Գույումճեանի, Գրիգոր եւ Պերճ Գզիրեաններու եւ այլոց հարազատները։ Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Սերգօ Աղապատեան, որ ընդգծեց այս նախաձեռնութեան նշանակութիւնը։ Խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ Պօղոս Չոլաքեան։ Ապա՝ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Արշաւիր Գույումճեանի, կտրեցին ժապաւէնը եւ բացին Կարպիս Գույումճեանի պատկերը, որուն անունով այլեւս կը կոչուի սրահը։ Կարդացուեցաւ նաեւ անցեալի Շրջանային Վարչութեան յատուկ որոշումը, որով սրահը պիտի ստանար հանգուցեալ Կարպիս Գույումճեանի անունը։
Բացման աւարտին, Սրբազանը Հայրը անգամ մը եւս իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց Գույումճեան ընտանիքին անդամները, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ին տրամադրեցին իրենց հօր պատրաստած արխիւները։ Սրբազանը նշեց, թէ նման հարուստ հաւաքածոներ իրենց արժէքը կը ստանան, երբ բոլորը կ՚արժեւորեն այդ պատմութիւնը, կը սերտեն եւ կ՚ուսումնասիրեն իրենց անցեալը եւ ապագային համար նոր ծրագրումներ կը մշակեն։ Կոչ ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր վարչականներուն՝ միութեան 100ամեայ պատմութեան ճամբէն քալելու եւ նոր նուաճումներով սատարելու անոր ազգանուէր գործին։ Սրբազան Հայրը եւ բոլոր խօսողները, յատուկ արտայայտութիւններով, իրենց գնահատանքը յայտնեցին Գիքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, որ սիրայօժար կերպով սատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գրասենեակի տրամադրումին։
Պէտք է նշենք, թէ Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտները օրեր առաջ պատրաստած էին յատուկ ձեռային աշխատանք եւ կանգնեցուցած էին փառաւոր դարպաս մը եկեղեցւոյ բակին մէջ։
Ելոյթին յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին եղան մտերմիկ զրոյցներ եւ շնորհաւորանքներ Հ.Մ.Ը.Մ. Շրջանային Վարչութեան, որ կարողացաւ իրագործել իր պատմութիւնը մարմնաւորող այս կարեւոր նուաճումը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւն
Շնորհակալութեան խօսք
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնս սրտանց կ՝ուզէ իր շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք նիւթական կամ բարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնեցան, որպէսզի իրականացուին միութեան նպատակները։
Մեր երախտապարտ զգացումները կը յայտնենք՝ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու Թաղային Խորհուրդին, որոնք տրամադրեցին եկեղեցւոյ կից գտնուող սենեակը, որ պիտի օգտագործուի որպէս արխիւատուն-թանգարան:
Շնորհակալութիւն՝ եղբ. Կարպիս Գույումճեանի ընտանիքին, որոնք յանձնեցին մեզի Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան բոլոր արխիւները:
Նոյնպէս՝ եղբ. Սերգօ Մինասեանին, որ իր գրադարանէն յանձնեց միութեանս արխիւները:
Տիկին Մարի Առաքելեանին, որ շարունակաբար հոգաց մեր սրահը:
Եղբ. Վիգէն Մինասեանին, որ ստանձնեց ելեկտրականական նորոգութեան աշխատանքները:
Եղբայրներ Յակոբ Եդիմեանին եւ Հայկազ Տէօքմէճեանին, որոնք իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ական ծառայութեան ընդմէջէն հաւատացին մեր թանգարանի եւ գրասենեակի օգտակարութեան եւ անխոնջ կերպով աշխատեցան անոր իրագործման համար, իրեր հաւաքելով, սենեակը կահաւորելով, կարգ ու կանոնով:
Նաեւ՝ 2014-2018 նստաշրջաններու զոյգ շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեանց կազմերուն, որոնք իրենց նիւթական կարելիութիւններուն համեմատ՝ զանազան իրեր նուիրեցին այս նպատակին համար:
Ատենապետ՝ եղբ.Սարգիս Աղապատեան
Ատենադպրուհի՝ քոյր Գ. Ալեանաքեան-Տանկուրեան